SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Jueves 26 de Diciembre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Instituciones - ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ
ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ Թ.Մ.Մ.-Ի ՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ՍՐԱՀԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՌԹԻՒ
20 de Marzo de 2023

Ստորեւ կը հրատարակենք ԹՄՄ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդր. Վարչութեան ատենապետ Երուանդ Ազատեանի խօսքը Արժանթինի ԹՄՄի վերանորոգուած կեդրոնի բացման արարողութեան որ տեղի ունեցաւ Մարտ 14ին: 

"4տարիներ առաջ երբ կ'այցելէի Արժանթին հետս տարած էի պատկեր մը ազգային վառ օճախի մը եւ տասնամեակներ ամբողջ այդ պատկերով կ'ապրէի:

Այսօր տարբեր պատկերի մը առջեւ կը գտնեմ ինքզինքս. ոչ թէ լաւ կամ վատ, այլ տարբեր . սերնդափոխութիւն մը տեղի ունեցած է . մեծ մասամբ չկան համայնքի հայրերը եւ որդիներն են. եւ որ բարձր բռնած ազգային ոգիի ջահը:

Հայկական կազմակերպութիւնները կ'անուանակոչուին

Ընդհանրապէս իրենց առաքելութեան բնոյթով. ինչպէս՝ մարզական, մշակութային, բարեգործական եւ այլն. ինչո՞ւ մեր կազմակերպութիւնը կը բնութագրուի անձի մը անունով – Վահան Թէքէեան, որովհետեւ այդ անձը դարձած է խորհուրդ մը, խորհրդանիշ մը, իր բանաստեղծութեամբ, իր փիլիսոփայութեամբ, Հայ Դատի նուիրուած իր կեանքով:

Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը իր հիմնադրութենէն ի վեր1947ին, հանդիսացած է հոգեկան կամուրջ մը հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ: Այն դժուար տարիներուն երբ հայրենիքը կը գտնուէր սովետական ծիրի մէջ մեր ղեկավարները համարձակութիւնն ունեցան Միջին Արեւելք եւ Եւրոպա հրաւիրելու հայրենի թատրոնը, երաժշտութիւնը, գրողներ, մարզիկներ որոնք եկան բեղմնաւորելու սփիւռքի կեանքը եւ ծիածանելու մեր ազգային միասնականութիւնը՝ Երեւանէն մինչեւ հեռաւոր անկիւնները աշխարհին:

Հայաստանի անկախութենէն վերջ Թէքէեանը հանդիսացաւ այն

Կազմակերպութիւնը որ Երեւանի մէջ հաստատեց առաջին մշակութային կեդրոնը, առաջին FM ռատիօկայանը եւ առաջին թերթը՝ «Ազգ»ը միջազգային մակարդակով Սովետական տարիներէն ի վեր ան կը հովանաւորէ 5 Վարժարաններ՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

Թէքէեան Մշակ. Միութիւնը կը գործէ հայրենիքի, Միջին Արեւելքի եւ Ամերիկաներու մէջ:

Այո եկած ենք վերստին արժեւորելու Թէքէեանը Արժանթինի մէջ:

Այսօր վերաբացումը կատարեցինք Թէքէեան վերականգնուած կեդրոնին եւ յիշեցինք մեծ բանաստեղծին խօսքը, ուր կ'ըսէր «ու հին կոճղէն նոր բողբոջներ պայթեցան», այդ հին կոճղը մեր հիմնադիր նուիրեալն էր, իմ անփոխարինելի բարեկամս՝ Նահապետ Նահապետեանը: Եւ վստահ եմ որ այսօր երկինքէն վար կը նայի այս հանդիսաւոր բացումին  ու գոհունակութեան ժպիտ մը կը փայլի իր դէմքին որ իր գործը շարունակողներ կան, որ իր վառած կանթեղը դեռ առկայծ է եւ լոյս ու կեանք կը սփռէ, իր շուրջ. Հայութիւն կը բուրէ:

Այսօր այդ ջահը վերցուցած է Նահապետեան տոհմէն Սերխոյ եւ իր կայծակափայլ տիկինը՝ Սուզաննան:

Այս Թէքէեան Կեդրոնը առանձին լուսարձակ մը չէ Հայաւային

Ամերիկայի այս ափին, այլ մաս կը կազմէ լայն ցանցի մը, համազգային ընտանիքի մը եւ կը բանայ դուռը անբեկանելի խոստումի մը որ մենք մեր մշակոյթով, ազգային ռամկավարական գաղափարներով պիտի սատարենք մեր ազգին, մեր սրբազան դատին եւ ինչպէս Թէքէեան ինք կ'ըսէ այս տունը, Թէքէեան կեդրոնները պիտի հանդիսանան «օղակը նախկին» երէկ միացնելով այսօրուան եւ այսօրը տանելով, վաղուան դէպի լոյս ապագան:"

Más leídas