Կը գիտակցինք, թէ որպէս աշխարհատարած ժողովուրդ, անհրաժեշտ է ի գործ դնել մեր կապերը բարեկամեցող դաշնակիցներու հետ, սակայն ի վերջոյ, մեր ազգի գոյապայքարի ճամբուն վրայ, մեր պատասխանատուութիւնն է որդեգրել ինքնակամ կողմնորոշում եւ նախաձեռնութիւն

Անցնող տարին յատկանշուեցաւ հայ ժողովուրդի Արդի պատմութեան շրջադարձային  զարգացումներով:   Մինչ մեր Միութենական կառոյցները գնահատելի կարողականութիւն ցուցաբերեցին ծանրագոյն տագնապներու ենթարկուած հայ զանգուածներուն օգնութեան հասնելու իրենց նախաձեռնութիւններով, միջազգային համայնքը ձախողեցաւ կասեցնել նոյն այդ աղիտալի դէպքերու կանխատեսելի ընթացքը: 

2023 տարուան առաջին տասը ամիսներու ընթացքին, հայաշխարհին շուրջ շարունակական կերպով կ'ահազանգուէր Արցախի մէջ մարդկային աղէտի մը անմիջական վտանգին առկայութիւնը:  Դժբախտաբար, հակառակ  Արցախի հայութեան սպառնացող ակնյայտ վտանգին մասին իրազեկելու մեր կրկնակի ճիգերուն,  համաշխարհային հակազդեցութիւնը լաւագոյն պարագային հռետորաբանութեամբ, իսկ այլապէս՝ սինիզմով յատկանշուեցաւ եւ ինչպէս միշտ, շատ քիչ բան կատարուեցաւ եւ շատ ուշ:  

Այս իրականութիւնը կրկին անգամ վերյիշեցուց մեզի մեր պատմական դառն փորձառութիւնը՝ թէ հայ զանգուածները պէտք է զօրավիգ կանգնին իրարու:  Կը գիտակցինք, թէ որպէս աշխարհատարած ժողովուրդ, անհրաժեշտ է ի գործ դնել մեր կապերը բարեկամեցող դաշնակիցներու հետ, սակայն ի վերջոյ, մեր ազգի գոյապայքարի ճամբուն վրայ, մեր պատասխանատուութիւնն է որդեգրել ինքնակամ կողմնորոշում եւ նախաձեռնութիւն: 

Այս տարուան Սեպտեմբերին, Արցախի դէմ կատարուած յարձակումին յաջորդող օրերուն, աւելի քան 100,000 բնիկ հայութիւն, տեղահան, պարտադրուեցաւ ապաստանիլ Հայաստան, ստեղծելով աննախընթաց տարողութեամբ մարդասիրական տագնապ մը:  Ծաւալող տագնապին ընդառաջ, Հ.Բ.Ը.Մ.ը ցուցաբերեց համապատասխան թափով զօրաշարժ, առաջին հանգրուանին իր ճիգերը կեդրոնացնելով սննդեղէնի ապահովումին վրայ: 

Համաշխարհային Կեդրոնական Խոհանոց  կազմակերպութեան հետ գործակցաբար, անմիջապէս եւ վեց շաբաթներ շարունակ, Հ.Բ.Ը.Մ.ի կամաւորները եւ պաշտօնէութիւնը, Հայաստանի եօթը շրջաններու մէջ ստեղծուած կեդրոններու եւ բաշխումի ցանցերու միջոցաւ, համազգային զօրակցութեամբ, պատրաստեցին եւ մատկարարեցին 400,000 տաք ճաշաբաժիններ: Շարունակաբար, Միութիւնը բաշխեց 31,000 տուփ սննդեղէն եւ տնային ուտեստեղէնի պատրաստութեան համար անհրաժեշտ բաղադրանիւթեր:  Ձմռան եղանակին ընդառաջ, պիտի տրամադրուին նաեւ 10,000 շարժական ջերուցիչներ, ժամակաւոր պատսպարաններու մէջ տեղաւորուած ընտանիքներու:  

Անցնող ամիսներուն, Միութիւնը նաեւ պաշտօնի կոչեց, մարզեց եւ կազմակերպեց տեղահանեալ Արցախցիներէ բաղկացած օժանդակ խումբեր, սննդաբաշխումի աշխատանքներուն մէջ ներգրաւելով զանոնք:  Ասիկա նախաքայլն էր Միութեան աւելի լայն ծրագրին, որ ուղղուած էր արցախահայերու աշխատանքային տարբեր մարզերու մէջ ընդգրկումին՝ համապատասխան կարողութիւններու մշակումի կարլիութիւններ ստեղծելով անոնց համար:  Բնականաբար, արդէն իսկ գործող ծրագիրները՝ ինչպէս Հ.Բ.Ը.Մ.ի Սորվիր Վաստկելու Համար (Learn to Earn Artsakh Program – LEAP),Կանանց Հզօրացումի (Women’s Empowerment) եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Դրամաշնորհներու (AGBU Scholarships)  ծրագիրները, պիտի պատշաճեցուին համայնքի յատուկ կարիքներուն, լաւագոյնս օժանդակելու համար արցախահայութեան: 

Միութեան Երեւանի դարմանատունը ձրիօրէն տարեկան բժշկական քննութիւն եւ առողջապահական  հոգատարութիւն կ'ապահովէ արցախահայ ընտանիքներուն:  Այնտեղ, արձախահայերէ բաղկացած յաւելեալ անձնակազմ մը պաշտօնակոչուած է, վստահութիւն եւ քաջալերութիւն ներշնչելու համար ֆիզիքապէս թէ հոգեպէս տուժած ընտանիքներուն:  Մանկաբոյժ, նաեւ ականջի,  քիթի եւ կոկորդի մասնագէտ բժիշկներուն առընթեր, հոգեկան ճնշուածութեան համար խորհրդատու մասնագէտ մը եւս միացած է բժշկական հոգատարական խումբին:  Այսպիսով, կեդրոնը պատրաստ է յառաջիկայ տարուան ընթացքին 8000 առողջական այցեր ընդունելու:   Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նայիրի ճամբարը նոյնպէս, ոչ-եղանակային ամիսներուն, պիտի հիւրընկալէ 3,000 ծնողներ եւ մանուկներ, հանգիստի, դարմանումի եւ կազդուրման պայմաններ ապահովելով անոնց: 

Մենք գոհունակութեամբ կ'արձանագրենք Հ.Բ.Ը.Մ.ի տեղական թէ սփիւռքահայ կամաւորներու յարաճուն հոսքը, որոնք աննախընթաց եռանդով իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն օգնութեան ծրարներու փոխադրութեան, կեցավայրերու ընդարձակումին, Արցախի մանուկներուն համար տօնական նուէրներու բաշխումին եւ այլ աշխատանքներուն:  Որեւէ միջոցառում, որ որպէս հոգածութեան եւ բարեկամեցողութեան արտայայտութիւն՝ վստահութիւն կը ներշնչէ ընտանիքներուն, կենսական է անոնց հոգեկան վերականգնումին համար:  Մենք խորապէս կը գնահատենք այս ամէնօրեայ հերոսները, որոնք ամբողջանուէր ոգիով կը ծառայեն:  Տեղւոյն Հ.Բ.Ը.Մ.ի Սկաուտները, Հայաստանի Երիտասարդ Արհեստավարժներու խումբերը, Հայեր Ի Մի Կու գան (Armenians Come Together – ACT) շարժումի անդամները, մասնաճիւղերու յանձնախումբերը որոնք դրամահաւաքներ եւ բարեսիրական հանգանակութեան ձեռնարկներ կը կազմակերպեն, յատկապէս նաեւ Երիտասարդ Արհստավարժները Կը Հոգան նախաձեռնութիւնը, որ աղէտեալներու մարդասիրական օգնութեան ճիգերուն ուղղուած նիւթական յաւելեալ միջոցներ կ'ապահովէ: 

Այլ կենսական կարեւորութիւն ներկայացնող նախաձեռնութիւն մը, որ արդիւնաւոր գործունէութիւն ծաւալեց՝ ԱՊՐԻ Հայաստան (APRI Armenia-Applied Policy Research Institute of Armenia) Կիրառական Քաղաքականութեան Հետազօտական Կեդրոնն էր, որ բարձրորակ ուսումնասիրական եւ վերլուծական իր աշխատանքներով, մասնագիտական յօդուածներով եւ խորհրդաժողովներով, համախմբեց միջազգային մակարդակով գիտնականներ, քաղաքագէտներ եւ մասնագէտներ, որոնք Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դերին եւ մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ իրենց արժէքաւոր ներդրումներով, սատարեցին հայաստանի պետականութեան: 

Մինչ անցնող տարին յայտնօրէն կը յատկանշուէր ճնշող եւ կորստաբեր իրադարձութիւններով, մենք կրնանք մտաբերել այն փայլուն իրագործումները որոնք հպարտառիթ ցուցանիշերն են մեր միութենական միասնականութեան եւ յաջողութիւններուն:  Գոհունակութեամբ կը նշենք մեր վարժարաններէն շրջանաւարտ նոպելեան մրցանակակիրին ի պատիւ կազմակերպուած բացառիկ շքահանդէսը, հայ ինքնութեան աշխարհատարած խորունկ եւ բազմազանութեամբ հարուստ արմատներուն յայտնաբերումը, որուն հանրութիւնը հետաքրքրութեամբ վերահասու եղաւ՝ Միութեան պաշտօնական հրատրակութիւններուն միջոցաւ, եւ ի վերջոյ հազարաւոր մանուկներու համար դաստիարակչական մթնոլորտ եւ ուրախութեան առիթներ ապահովող մեր վարժարանները եւ բազմաբնոյթ ծրագիրները, որոնք համախմբումի եւ միասնական ոգիի արծարծման առիթներ կը ստեղծեն ամենուրէք: 

Անցնող տարուան ընթացքին, համավարակի պատճառով պարտադիր  բացակայութենէ մը ետք, տեղի ունեցաւ նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ. ԿԻԶԱԿԷՏ-ի երկամեայ յայտագիրը:  Այդ առիթով, շուրջ 450 մասնակիցներ, աշխարհի 25 տարբեր երկիրներէ, լման շաբաթավերջ մը համախմբուած էին Մատրիտի մէջ, որ քննական եւ ստեղծագործական փայլուն մտքերու համադրումի առիթ հանդիսացաւ, ի մի բերելով Միութեան համաշխարհային երիտասարդ ներուժը:   Այլ իրագործում մըն էր 10,000-է աւելի ամէն տարիքէ մասնակիցներուն ներգրաւուածութիւնը, Միութեան գիտելիքներու առցանց մատուցման յայտագիրներուն, ինչպէս՝ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հեռավար Գոլէճ-ի ծրագիրը (AVC – Armenian Virtual College), Հ.Բ.Ը.Մ. Արմատ ծրագիրը, որու շաբաթական առցանց հանդիպումներուն հարիւրաւոր պատանիներ կը մասնակցին աշխարհի տարբեր կողմերէն, ինչպէս նաեւ պատմագիտական, մշակութային, արուեստի եւ քաղաքական նիւթերու շուրջ, մասնագէտներու հետ Հ.Բ.Ը.Մ.ի առցանց զրոյցներ-ու շարքը, (AGBU Web Talks):  Այս բոլորին առընթեր Միութեան մասնաճիւղերու եւ շրջանակներու շարունակուող եւ ուռճացող գործունէութիւնը կը հաստատէ, թէ հայութիւնը կանգուն է եւ մեր ոգին անխորտակելի է: 

Մինչ կը թեւակոխենք նոր տարին, պահ մը կանգ կ'առնենք, յետադարձ ակնարկով գնահատելու համար մեր հզօր Միութեան իրագործած յառաջընթացը անցնող երկուքուկէս տասնամեակներու ընթացքին:   Ինծի համար առանձնաշնորհում կը նկատեմ որպէս Միութեան Նախագահ պաշտօնավարութիւնս:  Երախտապատ եմ մեր առատաձեռն  բարերարներուն, նուիրեալ կամաւոր անդամակցութեան եւ պաշտօնէութեան:  Համոզուած եմ, որ միասնաբար, մենք մեր դրական դրոշմը կը բերենք աշխարհին:  Մեզմէ իւրաքանչիւրը հպարտ պէտք է զգայ այն ձեռքբերումներուն համար զորոնք իրագործած ենք:  

Վերականգնումի եւ Յոյսի Նոր Տարուան մը լաւագոյն մաղթանքներով՝ 

Պերճ Սեդրակեան 

Նախագահ 

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան