«ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՀԲԸՄ «ԶՕՐԱՎԱՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ»-ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԽՄԲԱՊԵՏԸ ՀԲԸՄ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ»
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Լիբանանի ԿԵդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան Երկուշաբթի 14 Օգոստոս 2023-ի երեկոյեան ՀԲԸՄ Տէմիրճեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Արժանթինի ՀԲԸՄ «Զօրավար Անդրանիկ» սկաուտական շարժումի ընդհանուր խմբապետ Ալեքս Աճէմեանը, ընկերակցութեամբ Կեդ. Վարչութեան անդամ եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի գործադիր վարչութեան ատենապետ Նշան Ղորղորեանի:Նախ, ՀԵԸ-ի կեդրոնական գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ փոխադարձ ծանօթացում եւ յուշանուէրներու փոխանակում, ուր Աճէմեան նաեւ ականատես դարձաւ Լիբանանի մէջ ՀԵԸ-ի մարզական եւ գեղարուեստական խումբերու յաջողութիւններուն մասին վկայող տիտղոսներուն:
Ան հարցազրոյց տուաւ ՀԵԸ-ի մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակին, որ կը հրապարակուի շուտով: Աճէմեան նշեց, թէ մեծապէս տպաւորուած է լիբանանահայ համայնքով, որ «տակաւին կը տիրապետէ հայերէն լեզուին, կը պահպանէ հայկական արժէքներն ու համագործակցութեան ոգին»:
Ան ներկայացուց Հարաւային Ամերիկայի հայկական գաղութներու կեանքը եւ միութեսն աշխուժութիւնը այնտեղ, մաղթելով, որ շուտով կարելի ըլլայ ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի սկաուտական բոլոր շարժումները վերստին մէկտեղել Հայաստանի մէջ: Արժանթինահայ հիւրը ապա շրջագայեցաւ կեդրոնի զանազան հատուածներուն մէջ եւ ծանօթացաւ այնտեղ ընթացող մարզական, սկաուտական, գեղարուեստական եւ այլ աշխատանքներուն:
Ան նաեւ այցելեց ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Նազարեան-Զապէլ Մովսէսեան կեդրոններ, ուր եւս ականատես դարձաւ միութեան գործունէութեանց: