ՀԲԸՄ այսօր կը նշէ իր 117ամեակը: Արդարեւ, 15 Ապրիլ 1906-ին, Գահիրէի մէջ Պօղոս Նուպար Փաշայի գլխաւորութեամբ եւ տեսիլքով, հիմնադրուած է համահայկական նշանակութիւն ունեցող Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը:
Մեր ժողովուրդի պատմութեան թէ՛ անհանգիստ ու աղիտալի և թէ՛ յաղթական ու բարգաւաճ օրերուն ՀԲԸՄ-ը մշտապէս կենսական դեր խաղցած է հայաշխարհին մէջ:
ՀԲԸՄ-ի ներկայ ղեկավարութիւնը հաւատարիմ իր հիմնադիրներուն ազգային տեսլականին, կը շարունակէ զարկ տալհամայն հայութեան բարգաւաճման ու բարօրութեան նպաստող Մեծ Միութեան առաքելութեան::
Միաւորելով աշխարհասփիւռ հայ համայնքները՝ ՀԲԸՄի զանազան շրջանակներն ու համաշխարհային մասնաճիւղերը բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծեն պահելու ու պահպանելու Հայ ժողովուրդի արժէքները՝ ծաւալելով, բարեսիրական, կրթական, մշակութային, մարզական, թէ այլ օգտաշատ գործունէութիւններ:
Փառք ու պատիւ մեր Մեծ Միութեան: Դէպի նորանոր ամեակներու նշումներ: