SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Jueves 26 de Diciembre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
UGAB
Հ.Բ.Ը.Մ.-ի 91-րդ Ընդհանուր Ժողովը
04 de Marzo de 2021

Հբըմ                                                   91 ասսեմբլի
 
Հ.Բ.Ը.Մ.-ի 91-րդ Ընդհանուր Ժողովը Համաշխարհային Համաճարակի պատճառով Տեղի Ունեցաւ Առցանց Դրութեամբ
 
1 Մարտ 2021
 
 
27 Փետրուար 2021ին, իր աւելի քան մէկդարեայ պատմութեան ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Երկամեայ Ընդհանուր ժողովը, խախտելովաւանդութիւնը, աշխատանքները կազմակերպեց ամբողջովին առցանց դրութեամբ։
 
Նկատի ունենալով շարունակուող համավարակը, որ արդէն թեւակոխած է իր երկրորդ տարին եւ տակաւին կը շարունակէ թէժ օճախներու ձեւով պահպանուիլ ամբողջ աշխարհի տարածքին, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովը յօժարեցաւ օգտուիլ առցանց դրութեան ճարտարարուեստներու ընձեռած կարելիութիւններէն՝ հեռավար ձեւով միաւորելու աշխարհատարած իր անդամակցութիւնը։
 
Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանին ընձեռած կարելիութեանց շնորհիւ, 32 երկիրներէ հարիւրաւոր մասնակիցներ կրցան միանալ Zoom-ի միջոցով՝ անգլերէնէ հայերէն, ֆրանսերէն եւ սպաներէն համաժամանակեայ թարգմանութեամբ։
 
«Անցեալ տարի պսակաձեւ ժահրի բռնկումէն ի վեր Հ.Բ.Ը. Միութիւնը առցանց դրութեամբ կրցաւ ճկունութիւն եւ հնարամտութիւն ցոյց տալ։ Այդ ատենէն ի վեր մեզի համար պարզ դարձաւ, որ ոչ միայն կրնանք շարունակել մեր առաքելութիւնը, այլ նաեւ աւելի քան երբեք ընդարձակել մեր հասու ըլլալը գաղութներու աւելի մեծ զանգուածներուն, որոնց կը ծառայենք», ըսաւ Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ եւ Ատենադպիր Սարգիս Ճէպէճան, որ կը վարէր Ընդհանուր ժողովը։
 
Ողջոյնի խօսքերէ ետք, ՆՍՕՏՏ Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը տուաւ իր Օրհնութեան Խօսքը՝ Ընդհանուր Ժողովին մաղթելով յաջող եւ արդիւնաւոր ընթացք, ինչպէս նաեւ շեշտեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կարեւոր դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։
 
Ինչպէս միշտ, պաշտօնական օրակարգը կ՛ընդգրկէր 2018-2019 տարեշրջանի ընդհանուր նիւթական տեղեկագրութիւնը, զոր ներկայացուց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի Գանձապահ Նազարէթ Ֆըսթըքճեան եւ նոյն տարեշրջանի բարոյական տեղեկագիրը Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ եւ Փոխ-ատենադպիր Արտա Յարութիւնեան։ Կրթութեան ասպարէզին մէջ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կատարած աշխատանքը, մանաւանդ Հայկական Համացանցային Համալսարանի հսկայական ներդրումը հայ կրթութեան մէջ, հիմնադրումէն ի վեր անցնող տասը տարիներու ընթացքին, ներկայացուց Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ Լենա Սարգիսեան։
 
Կարճ հարց ու պատասխանին յաջորդեց քննարկում հարցերու շուրջ, զորս նախքան Ժողովը ներկայացուած էին անդամներու կողմէ։
 
Գովասանքի խօսքեր ըսուեցան Հ.Բ.Ը.Մ.-ի երեք խումբերու հասցէին, որոնց մասին Միութեանս նախագահ Տիար Պերճ Սեդրակեան հպարտութեամբ խօսեցաւ՝ վեր առնելով ժամանակի եւ փորձառութեան անոնց աներեւակայելի զոհողութիւնը 2020ի ճակատագրական պահերուն։
Այդ խումբերու մէջ էին Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովը եւ անոր Ատենապետ Ժէրար Թիւֆէնքճեանը եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի լիբանանեան ամբողջ կառոյցը, որոնք անգամ մը եւս գնահատեցին իրենց քաղաքացիական ներգրաւուածութիւնը լիբանանեան կեանքէն ներս, անցեալ տարուան Օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումէն ետք։
 
Նախագահ Սեդրակեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի աշխարհատարած մասնաճիւղերու սկաուտներուն, իրենց քրտնաջան աշխատանքին եւ ցոյց տուած համայնքային ծառայասիրական ոգիին համար, աներեւակայելիօրէն դժնդակ ժամանակներուն, երկրէն ներս թէ աշխարհի տարածքին։ «Մենք երջանիկ ենք, որ անոնք կը կրեն Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կրծքանշանը եւ մեզ այդքան լաւ ձեւով կը ներկայացնեն», նկատեց Սեդրակեան, որ ինք նոյնպէս անցեալին սկաուտական շարժման առաջնորդ եւ ղեկավար եղած է։ Վերջապէս, յատուկ յիշատակուեցան Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Երիտասարդ Արհեստավարժներու խումբերը, որոնք համաճարակի բռնկումին ընթացքին դրսեւորեցին առաջնորդութիւն
ստանձնելու իրենց կարողութիւնը, նախայարձակ կերպով գտնելով հաղորդակցութեան մէջ մնալու միջոցներ, ինչպէս նաեւ ապահովելով աշխատաժողովներ կարեւոր հարցերու շուրջ ժամանակին միտքերու փոխանակութիւն կատարելու։
 
Իր պաշտօնական երկամեայ ուղերձին մէջ նախագահ Սեդրակեան անկեղծօրէն ընդունեց, որ Հ.Բ.Ը. Միութեան տպաւորիչ յաջողութիւնները եւ նուաճումները 2018- 2019 տարեշրջանին դժբախտաբար շուտով ստուերի տակ պիտի մնային 2020ին տեղի ունեցած տագնապներու պատճառով։ Ան ընդունեց, որ այս աղէտները անհրաժեշտ դարձուցին  առաջնահերթութիւններու լուրջ փոփոխութիւններ դէպի հրատապ մարդասիրական օգնութիւն, ասպարէզ մը, որուն մէջ Հ.Բ.Ը. Միութիւնը շատոնց փայլած է իր տպաւորիչ եւ վստահելի հեղինակութեամբ։
 
Նախագահ Պերճ Սեդրակեան առիթը օգտագործեց մասնակիցներուն յիշեցնելու հայ
ժողովուրդի պատմութեան բազմաթիւ շրջադարձային հանգրուանները, ուր Հ.Բ.Ը.Մ.- ը կենսական դերակատարութիւն ունեցած է հայկական պետականութեան կերտումին մէջ՝ սկսելով Հ.Բ.Ը.Մ.-ի հեռատես Հիմնադիր Նախագահ Պօղոս Նուպարի կարեւոր գործունէութենէն՝ 20-րդ դարու նախաշեմին Համիտեան Թուրքիոյ աղքատացած եւ ճնշուած հայկական համայնքներու կրթութեան, ինչպէս նաեւ դէպի նորաստեղծ Խորհրդային Հայաստան հայութեան ներգաղթի կազմակերպման միջոցով: Ան վկայակոչեց իր նախորդներուն կողմէ առնուած կարեւորագոյն որոշումները, ինչպէս օրինակ՝ Ալեք Մանուկեանի կոչը սատարելու Սուրբ Էջմիածնին որպէս Հայ Եկեղեցւոյ կեդրոն եւ Լուիզ Սիմոնի ճիգերը ուղղուած Հայաստանի
Ամերիկեան Համալսարանի հիմնադրութեան 1991ին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան նուաճումէն կարճ ժամանակ յետոյ։
 
Տեղեակ ըլլալով ներկաներու անմիջական մտահոգութիւններուն, նախագահ Սեդրակեան ընդհանուր գիծերով ներկայացրեց, թէ ինչ կը նախատեսէ Հ.Բ.Ը. Միութիւնը Հայաստանի հետագայ յառաջընթացին ուղղութեամբ։ «Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ղեկավարութիւնը, մեկնելով մեր ազգին առջեւ ծառացած վտանգներու մասին լուրջ մտահոգութիւններէն, միաւորուելու կոչ ըրած է համայն հայ ժողովուրդին, որպէսզի բոլորը իրենց փորձառութիւնը, ներգրաւուածութիւնը եւ անկոտրում կամքը ներդնեն կառուցելու ապագան անցեալ տարուայ իրադարձութիւններէն յետոյ», ըսաւ ան։
 
Նախագահ Սեդրակեան իր խօսքը եզրափակեց գալիք տարիներու լաւատեսական, բայց նաեւ զուսպ տեսլականով մը։ «Մենք վստահ ենք, որ Հ.Բ.Ը.Մ.-ը կրնայ համահայկական առումով կարեւոր դեր խաղալ մեր ազգին առանցքը ամրապնդելու առաքելութեան մէջ՝ իր հայրենիքով եւ Սփիւռքով։ Ատոր համար ձեզմէ կը պահանջուի իւրաքանչիւրիդ եւ բոլորին մասնակցութիւնը, քանի որ միայն միասնաբար կրնանք հասնիլ ազգային բարգաւաճման եւ կայունութեան, որուն խորապէս կը ցանկանք տեսնել»։
 
*Նախագահ Սեդրակեանի ամբողջական ելոյթը, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ժողովի կողմէ ընդունուած որոշումները կրնաք տեսնել այս հաղորդակցութեան կից www.agbu.org կայքէջի վրայ։
 
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Բ.Ը.Մ.) աշխարհի մեծագոյն ոչ-
շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է, նուիրուած հայեցի ինքնութեան եւ
ժառանգութեան պահպանումին եւ մշակումին՝ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական
ծրագիրներով: Միութեան գործունէութիւնները բարերար ազդեցութիւն կը բերեն տարեկան
500,000-է աւելի անձերու կեանքերէն ներս, Հայաստանի ու Արցախի մէջ եւ Սփիւռքի
տարածքին: Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Հ.Բ.Ը.Մ.ը հաւատարիմ մնացած է համայն
հայութեան բարօրութեան ապահովումին ուղղուած իր գլխաւոր առաքելութեան: Յաւելեալ
տեղեկութիւններու համար՝ այցելեցէք www.agbu.org կայքէջը

 

           Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի Խօսքը Ներկայացուած 91-րդ Ընդհանուր Ժողովին


27 Փետրուար 2021


Արտակարգ պայմաներու տակ է որ հաւաքուած ենք այսօր: Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, անդամակցութեան, մասնաճիւղերուն եւ Կեդրոնական Վարչութեան հանդիպումը կազմակերպած ենք առցանց:

Բարեբախտութիւն է, որ ճարտարագիտութեան ընձեռած կարելիութիւններով, կը յաջողինք հաղոդակցիլ իրարու հետ, ներկայ ժամանակներուն:

Բոլորս անցած ենք ժահրային համավարակի փորձառութեան ընդմէջէն, որ չէ խնայած որեւէ երկիր կամ համայնք, խլելով բազմաթիւ կեանքեր:

Այս միջոցին սակայն, մեր կարելին ի գործ կը դնենք, գնահատելու համար կեանքի բարիքները, մաղթելով, որ մեր կեանքերը մօտիկ ապագային վերագտնեն իրենց բնականոն հունը:

Հ.Բ.Ը.Մ.ի համար կենսունակութիւնը չէ կասած բնաւ: մենք կը շարունակենք հասնիլ մարդոց, ծրագիրներ մշակել գոհացում տալու համար երիտասարդութեան հետաքրքրութիւններուն, հակազդել նաեւ համաշխարհային իրադարձութիւններուն, մանաւանդ անոնց, որոնք անմիջականօրէն կը վերաբերին մեր ժողովուրդին:

Կեդրոնական Վարչութեան անդամները ձեզի պիտի ներկայացնեն եւ բացատրեն հաշուական մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ 2018 եւ 2019 տարիներու գործունէութիւններու երկամեայ համապատկերը: Որպէս ընդգծում, ես կրնամ հաստատել, թէ նշանակելի իրագործումներու տարիներ էին անոնք, որոնք կարելի դարձան ձեզմէ իւրաքանչիւրին մասնակցութեան շնորհիւ:

Միջազգային գետնի վրայ, մեր ազգը ուշագրաւ զարգացում արձանագրեց: Կը թուէր, թէ աշխարհը մեր կողքին է եւ մենք սկսած ենք իրկանացնել ազգերու համայնքին մէջ մեր արժանի յառաջխաղացքը:

Դժբախտաբար, այդ տարիներու փայլուն ձեռքբերումներէն ետք, 2020-ը տառապալի եղաւ մեր բոլորին համար: Մինչ համավարակը չկրցաւ կոտրել մեր ոգին կամ կասեցնել մարդասիրական ծառայութիւններու մեր յարաճուն թափը, կարծէք տարեսկիզբի պատահարները, նախադէպերն էին գալիք ծանրագոյն մարտահրաւէրներուն: Օգոստոսին, Լիբանանի մեր համայնքը կ'ենթարկուէր Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած աննախադէպ պայթումի ծանր
հետեւանքներուն: Աղէտը կը հարուածէր քաղաքի հայահոծ շրջանները, ուր մեր համայնքի կարեւոր մէկ մասը հաստատուած էր:

Բայց եւ այնպէս, մեր շրջանակը պատուով դիմագրաւեց այդ բոլորը, Լիբանանի քաղաքացիական կեանքին մէջ իր ներգրավուածութիւնը լաւագոյնս դրսեւորելով: Ժամերու ընթացքին, մեր Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովը կամաւորներու շտապ օգնութեան համակարգ մը հաստատեց, նուիրեալ պաշտօնէութեան եւ սկաուտական խումբերու աշխոյժ աջակցութեամբ:

Անոնք անմիջապէս ձեռնարկեցին բարեսիրական լայնածաւալ աշխատանքներու, վերաշինելով մարդոց տուները (արդէն աւելի քան 400), ուտելիք հասցնելով անոնց սեղաններուն, բառացիօրէն եւ ֆիզիքապէս տրամադրելով իրենց արիւնը, պահելու համար իրենց համաքաղաքացիները:


Անոնց աշխատանքը կարելի եղաւ ձեր բոլորին միաւորուած ճիգերով, որով դուք աջակցեցաք արագ եւ լայնատարած դրամահաւաքներով:

Լիբանանի աղէտէն անմիջապէս ետք, հայ ազգը դիմագրաւեց իր ժամանակակից պատմութեան ամենադժնդակ իրադարձութիւններէն մին, որ ծանր ազդեց մեր բոլորին վրայ, ձգելով եկարատեւ հետեւանքներ: Սեպտեմբերի 27-ին, Ազերի ուժերու կողմէ սանձազերծուած կործանարար յարձակումը, թրքական բանակի հրամանատարութեան եւ ռազմական վիթխարի միջոցներու աջակցութեամբ, յանգեցաւ Արցախի պատմական հողատարածքներու մեծ մասի կորուստին: Ինչ որ ամենաաղիտալին էր, ունեցանք շուրջ 5,000 զոհեր եւ աւելի քան 10,000 վիրաւորներ: Մեր
խոստմնալի երիտասարդներն էին անոնք, իւրաքանչիւրը անոնցմէ թանկագին կեանք մը, որ քանդուեցաւ ընդմիշտ:

Ի յարգանս անոնց յիշատակին եւ որպէսզի իմաստաւորուի անոնց զոհաբերութիւնը, անհրաժեշտ է որ միացնենք մեր ուժերը եւ միաւորենք մեր կարելիութիւնները, դիմագրաւելու համար մեր դէմ ցցուող մարտահրաւէրները:

Հայաստանի ապագան է որ նժարի վրայ է այսօր: Եթէ մենք համախմբուինք, ներդնենք մեր լաւագոյնը եւ իւրաքանչիւրս իր ուժերը ի գործ դնէ իրերօգնութեան ի խնդիր, այն ատեն, յոյսով եւ հաւատքով, պիտի կերտենք մեր ազգի փայլուն եւ յաջող ապագան:

Այս է այն պահը, որ պիտի սահմանէ եւ վերահաստատէ թէ ով ենք մենք: Մեր ժողովուրդը դիմացկուն է: Մենք պիտի գոյատեւենք, որովհետեւ դարեր շարունակ, յաջողած ենք վերականգնիլ, կոտորածներու, հալածանքներու եւ ամէն տեսակի ցնցումներու եւ աւերածութիւններու ընդմէջէն:

Իրաքանչիւր մարտահրաւէրէ ետք, մեր ազգը եղած է աւելի եւս կենսունակ եւ հպարտ իր պատմութեամբ: Ուիլիըմ Սարոյեանի խօսքերով, «Ոչ մէկ ուժ կրնայ բնաջնջել մեզ»: Մենք է որ կ'որոշենք մեր ժողովուրդի գոյատեւումը եւ հզօրութիւնը:

Աւելի քան մէկ դար, Հ.Բ.Ը.Մ.ը եղած է համաշխարհային մեր համայնքի անկիւնաքարը, միշտ յանձնառու իր մարդասիրական առաքելութեան մէջ, սակայն ամէն բանէ վեր, հետամուտ մեր ազգի յառաջդիմութեան եւ ամբողջականութան: Երբ մեր ազգի ճակատագիրը կը վտանգուի, ինչպէս այսօր, մենք կը գործենք որպէս ազգային կազմակերպութիւն, նախանձախնդիր մեր հայրենիքի ապագային եւ ապահովութեան: Հայրենիքը մեր ժողովուրդի գոյատեւման գերագոյն գրաւականն է եւ հիմքը մեր հաւատքին, մշակոյթին եւ ինքնութեան:

Իր պատմութեան ընթացքին շարունակ, Հ.Բ.Ը.Մ.ը, մեր ժողովուրդին կեանքի առանցքային պահերուն, միշտ եղած է յանդուգն, իր մարդասիրական ծառայութեան դերին առընթեր, գործելով որպէս ազգային կազմակերպութիւն:

Միութեան Հիմնադիր Նախագահ Պօղոս Նուպար, կը գլխաւորէր հայ ազգային յաջորդական պատուիրակութիւնները քսաներորդ դարասկիզբին կայացած խաղաղութեան համաժողովներուն, եւրոպական Մեծ Տերութիւններուն հետ բանակցութիւններ վարելու, թուրքիոյ հայութեան իրավիճակի բարելաւման, եւ հայկական անկախ պետութեան մը ստեղծումին կարելիութեան ուղղութեամբ, ի վերջոյ Սեւրի դաշնագրի ստորագրողներէն մին հանդիսանալով, 10 Օգոստոս 1920-ին: Խորհրդային իշխանութեան օրերուն, երկաթեայ վարագոյրի ետին, ան 1924-ին կը նախաձեռնէր Հայաստանի մէջ բժշկական կեդրոնի մը հաստատումին, իսկ 1931-ին, Նուպարաշէն աւանի ստեղծումին, որ այսօր աւելի քան 12,000 բնակիչ ունի: 1930-ի կէսերուն, մեր Նախագահը, Գալուստ Կիւլպէնկեան յաջողեցաւ յարաբերութիւններ պահպանել խորհրդային իշխանութեանց հետ, Հայաստանի մէջ պահելով
Հ.Բ.Ը.Մ.ի գրասենեակը, օժանդակելով հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ ապահովելով Ս. Էջմիածնի իրաւասութիւնները:


Մեր Նախագահ Արշակ Գարակէօզեանի ղեկավարութեամբ, Հ.Բ.Ը.Մ.ը ստանձնեց արեւմտեան սփիւռքէն Խորհրդային Հայաստան հայրենադարձութեան կազմակերպումը եւ ֆինանսաւորումը, 1946-47 տարիներու Պաղ Պատերազմի ամենածանր տարիներուն, ապահովելով անհրաժեշտ ժողովրդաքանակը որպէսզի Հայաստանը կարենար ճանչցուիլ Խորհրդային Միութեան այլ հանրապետութիւններու շարքին: Այդ հանրապետութիւնն էր որ հետագային դարձաւ այժմու Անկախ Հայաստանը: Այս պատմական անկիւնադարձերէն իւրաքանչիւրը մեր նախորդներու պարագային տեսիլք ունեցող առաջնորդներ կը պահանջէր:

Անոնց յանդուքն նախաձեռնութիւններուն պատճառով է որ Հ.Բ.Ը.Մ.ը առանձնայատուկ դերակատաութիւն ունեցած
է մեր ժողովուրդի գոյատեւման մէջ:

Նոյն համոզումով, հայ եկեղեցական ներքին տագնապի ընթացքին, 1956-ին, Նախագահ Ալէքս Մանուկեան մնաց Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի կողքին, համոզուած, որ անիկա կրնար գոյատեւել եւ բարգաւաճիլ միայն հայրենիքի մէջ: Եւ ի վերջոյ, բոլորդ քաջածանօթ էք Նախագահ Լուիզ Սիմոնի համարձակ նախաձեռնութիւններուն եւ հայրենիքին ընձեռած աջակցութեան, 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժին եւ Արցախեան առաջին պատերազմի օրերուն: Ան նաեւ իր պաշտօնի պարտաւորութիւններէն անդին, առաջնորդեց Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի
հիմնադրութեան նախաձեռնութիւնը, ուր որպէս երկրի ամենաառաջատար եւ յարգուած բարձրագոյն կրթական հաստատութիւներէն մին, կազմաւորուեցան ղեկավարներու եւ առաջնորդներու յաջորդական սերունդներ:

Այս բոլորը մեզ կը մղեն գիտակցելու այսօրուան մեր հրատապ կարիքներուն: Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ղեկավարութիւնը, ացնող տարուան դէպքերու լոյսին տակ, ի տես մեր ժողովուրդի դիմագրաւած վտանգներուն, կոչ ուղղած էր բոլոր հայութեան, միաւորուելու եւ իրենց հմտութիւնը եւ անկոտրում կամքը ի գործ դնելու, ի խնդիր ապագայի կերտումին:

Մենք կոչ ուղղած ենք Հայատանէն եւ Սփիւռքէն անկախ եւ կարող փորձագէտներու, համախմբուելու եւ ի գործ դնելու իրենց փորձառութիւնը եւ կարողութիւնները, նոր կառավարութեան մը կազմութեան եւ ապագայի քաղաքականութեան ձեւաւորումին ուղղութեամբ:

Հայաստանի խորհրդարանը, ինչպէս նաեւ անցեալ եւ ներկայ ղեկավարները, մեկդի դնելով իրենց հակամարտ շահերը, պէտք է միաւորուին նման կառավարութեան մը շուրջ, վերականգնելու համար ժողովուրդի վստահութիւնը, ապա նաեւ վերաշահելու միջազգային վստահութիւն, որպէսզի կարելի ըլլայ պատերազմի պատճառած վնասարար հետեւանքները դարմանել ի շահ մեր երկրին եւ մեր ժողովուդին: Անոնք պէտք է որդեգրեն եւ ի գործ դնեն հաստատուն եւ համակարգուած շարք մը քաղաքական սկզբունքներ, սկսած դիւանագիտական հմտութիւններու
եւ քաղաքականութեան մշակումով, ապահովելու համար Հայաստանի երկարատեւ գոյապահպանումը եւ ազդու դերակատարութիւնը շրջանի աշխարհաքաղաքական միջավայրին մէջ:

Աւելին, Անոնք պէտք է կեդրոնանան կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հասարակականտնտեսական զարգացման ուղղուած իրատես նպատակներու գործադրութեան վրայ, որոնք կրնան պահպանել երկրի համակարգը եւ ժողովուրդը:

Բոլորս միասնաբար պէտք է կազմենք բարոյական եւ գործնական ղեկավարութիւն մը, որ կրնայ միաւորել երկիրը եւ մեզ վերադարձնել բարգաւաճութեան: Կարիքը ունինք նոր եւ հասուն սերունդի մը, որոնք կրթեալ են եւ խորապէս մասնագիտացած իրենց ասպարէզներուն մէջ, պատրաստ ծառայելու եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու, դէպի ապագայ առաջնորդելու համար ազգը: Իբր Հ.Բ.Ը.Մ., մենք մեր կարելին պէտք է ընենք, իրարու մօտ բերելու համար այս մասնագէտները, մղելու զիրենք գործելու միասին, ոչ զուգահեռ կամ մրցակցաբար:

Մենք հաւատարիմ կը մնանք Հայաստանեայց Եկեղեցիին, որ հիմա ինչպէս եւ անցեալ դարերուն, ծառայած է որպէս մեր հաւատքի, մշակոյթի եւ գոյապահպանման ամուր միջնաբերդը:

Կոչ  կ'ուղղենք հայութեան, զօրավիք կանգնելու մեր ազգային եկեղեցիին, որպէս կառոյց մը, որ կը պահէ մեր հոգեւոր տոհմիկ ժառանգութիւնը եւ լոյսի տակ կը բերէ մեր ինքնութիւնը միջազգային համայնքէն ներս: Թէեւ ներկայիս իշխանութիւններու կողմէ հարցականի տակ դրուած է այդ, անհրաժեշտ է Հայաստանի հանրային կրթութեան ծրագրին մէջ պահել Եկեղեցւոյ Պատմութիւնը, որ փաստօրէն մեր ազգի վերջին երկու հազար տարուան պատմութիւնն է:

Մենք լաւատես ենք մեր ապագային նկատմամբ: Մենք վստահ ենք որ Հ.Բ.Ը.Մ.ը կարեւոր դեր կրնայ կատարել զօրացնելու համար մեր ազգի կորիզը, որ համաշխարհային է իր հայրենիքով եւ սփիւռքով: Մեզմէ իւրաքանչիւրին մասնակցութիւնը անհրաժեշտ է ասոր համար, որովհետեւ միասնաբար միայն կրնանք իրականացնել այն ազգային կայունութիւնը որուն խորապէս կը ձգտինք:

Ընդհանուր Ժողովի այս առիթով, կոչ կ'ուղղենք մեր բոլոր մասնաճիւղերուն եւ անդամակցութեան աւելի սերտօրէն գործակցելու Կեդրոնական Վարչութեան եւ շրջանային տարբեր յանձնախումբերուն հետ, բերելով իրենց գաղափարները եւ լաւագոյն ներդրումը նորարար ծրագիրներու նոր ալիք մը ստեղծելու համար:

Մի սպասէք որ նախաձեռնութիւնները գան վերէն:

Միասնաբար պեղեցէք նոր կարելիութիւններ: Մենք կրնանք տարակարծիք ըլլալ որոշումերու եւ արդիւնքներու շուրջ: Սակայն մենք մեր բոլոր որոշումները կը կայացնենք բարեկամեցողութեամբ:

Անհրաժեշտ է հանդուրժողութեամբ, համակրանքով եւ գնահատանքով վերաբերիլ մեր շրջանակներու ղեկավարներուն եւ անդամներուն նկատմամբ, միշտ յիշելով, որ մեր ուժը մեր միասնականութեան մէջ է:

Մենք հպարտ ենք որ Հ.Բ.Ը.Մ.ը հաւատարիմ մնացած է իր ծառայութեան պատմական առաքելութեան, արժանանալով աշխարհի տարածքին բոլոր շրջանակներու բարձր վստահութեան: Այդ վստահութիւնը արդիւնք է աւելի քան մէկ դարու ծրագիրներու եւ աջակցութեանց, որոնք քայլ պահած են մեր ժողովուրդի կարիքներուն հետ:

Այսօր մեզմէ կ'ակնկալուի նոյնը: Մենք պատրաստ ենք ընդառաջելու մարտահրաւէրին, նորարարելու եւ
ստեղծելու ապագան որով կրնանք հպարտ զգալ բոլորս:

Մենք կրնանք ձեռք ձեռքի գործել, ամոքելու համար մեր ազգը:

Կրկին անգամ շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր մեծ կազմակերպութեան նկատմամբ ցուցաբերած ձեր նուիրումին եւ աջակցութեան համար: Ձեր միջոցաւ է որ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, կը շարունակէ պահել իր բարձր վարկը եւ վստահութիւնը:


Կը բաժնուինք, շուտով անձամբ ձեր հետ հանդիպէլու յոյսով

 

                                                            Հ.Բ.Ը.Մ. 91-րդ Ընդհանուր Ժողով

                                                                       ԲԱՆԱՁԵՒՈՒՄՆԵՐ

27 Փետրուար 2021

Նիւ Եորք

 

Մենք, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ) Շաբաթ 27 Փետրուար 2021-ին կայացած 91-րդ ընդհանուր Ժողովին ներկայ անդամներս, քննելէ ետք Կեդրոնական Վարչական Ժողովին կողմէ ներկայացուած հաշուական եւ գործունէութիւններու 2018-2019-ի տեղեկագիրները, կը հաստատենք հետեւեալները. 

Մենք գոհունակութեամբ ճանաչման կ'արժանացնենք Միութեան յաջող ձեռքերումները երկու տարիներու ընթացքին եւ կը բաժնենք անոր լուրջ մտահուգութիւնները, 2020-ի ողբերգական դէպքերու ձգած աւերիչ հետեւանքներուն կապակցութեամբ, աշխարհի եւ յատկապէս հսկայական մարտահրաւէրներ դիմագրաւող մեր ազգին համար:

Ժողովը կը հաստատէ Միութեան վճռակամութիւնը գործնապէս մասնակցելու, յառաջ մղելու եւ դիւրացնելու համընդհանուր նախաձեռնւոթիւնները, որոնք միտուած են հայ ազգի զարգացման եւ բարգաւաճումին, հաւատարիմ կենսունակ հայրենիք եւ ներգրաւուած սփիւռք իր անխախտ տեսլականին: Ընդհանուր Ժողովը առաւել, կը հաստատէ իր վճռակամութիւնը  շարունակելու իր բարեսիրական առաքելութիւնը, ապահովելու ազգի զարգացումը եւ ամբողջականութիւնը, համոզուած, որ իբր ժողովուրդ ունինք անհրաժեշտ հմտութիւնը, տաղանդը, հաստատակամութիւնը եւ միջոցները, դիմակալելու այդ մարտահրաւէրները, բարելաւելու մեր վիճակը եւ ամրացնելու մեր դիրքերը:

Ժողովը կը խոնարհի այն հազարաւոր հերոսներու յիշատակին առջեւ, որոնք իրենց կեանքերը զոհեցին եւ անոնց, որոնք վիրաւորուեցան պաշտպանելով մեր հայրենիքը եւ Արցախը, Ատրպէյճանի կողմէ վերջերս կատարուած յարձակման դէմ: Իր ցաւակցութիւնները կը փոխանցէ այն բոլոր ընտանիքներուն որոնք սիրելիներ կորսնցուցած են պատերազմին, արագ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն: Ի յարգանս անոնց յիշատակին եւ որպէսզի իմաստաւորուի անոնց զոհաբերութիւնը, յանձն կ'առնէ միաւորելու մեր ուժերը եւ մեր կարելիութիւնները, դիմագրաւելու համար մեր դէմ ցցուող մարտահրաւէրները:

Ժողովը խոր գնահատանքով եւ երախտագիտութեամբ կը յիշատակէ Ընդհանուր Միութեան հիմնադիրները, առաջնորդութեամբ Նախագահ Պօղոս Նուպարի, իրենց պայծառ տեսիլքին եւ յանդուգն նախաձեռնութեան համար, նաեւ բոլոր անցեալ եւ ներկայ նախագահները, շրջանակներու եւ մասնաճիւղերու վարչութեանց ատենապետները եւ հաւատաւոր անդամները, որոնք սատարած են Միութեան այսօրուան հզօր դիրքի ապահովումին եւ անոր վայելած բացառիկ վստահութեան, հայութեան թէ այլ լայն շրջանակներու մօտ:

Ժողովը կը հաստատէ Հայ Եկեղեցւոյ հետ Միութեան անխախտ զօրակցութիւնը եւ աջակցութիւնը՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին: Միութիւնը յանձնառու կը մնայ աջակցելու ժողովուրդի հոգեւոր կարիքները մատակարարելու անոր ջանքերուն եւ մանաւանդ մեր ազգային ժառանգութիւնը պահպանելու եւ մշակելու  պատմական դերին: Նոյն ոգիով, Ընդհանուր Ժողովը կ'ողջունէ Կիլիկիոյ Հայ Առաքելական եւ Կաթողիկէ  Կաթողիկոսութիւնները, նաեւ Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքութեանց նուիրապետական աթոռները եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու առաջնորդութիւնը:

Ժողովը կը գիտակցի որ մեր ժողովուրդի ճակատագիրն է որ նժարի վրայ է այսօր: Ապահովելու համար մեր հայրենիքի անվտանգութիւնը եւ ապագան, որպէս մեր հաւատքի, մշակոյթի եւ ինքնութեան յաւերժութեան գերագոյն գրաւականը, կոչ կ'ուղղէ Հայաստանի մեր ժողովուրդին, կառավարութեան, զինեալ ուժերուն եւ քաղաքական խմբակցութիւննրուն, հեռու մնալու որեւէ քայլէ, որ ներքին պառակտում կը յառաջացնէ վտանգելով մեր հայրենիքի փխրուն կայունութիւնը, մէկ կողմ դնելու իրենց հակամարտ շահերը եւ ձեռնարկելու կառուցողական երկխօսութեան, դիմակալելու համար այն բազմաթիւ մարտահրաւէրները զորոնք մեր ազգը կը դիմագրաւէ պատերազմի հետեւանքներուն պատճառով:

Ընդհանուր Ժողովը գնահատանքով կը նշէ Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի առաջնորդութիւնը Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամներու կողքին, իրենց շարունակական յանձնառութեան եւ տեսիլքին համար, առաջնորդելու Միութիւնը իր առաքելութեան եւ նպատակներու հետապնդումին, բոլոր տեսակի կացութիւններու մէջ, ի շահ հայ ժողովուրդին:

Ժողովը կը շնորհաւորէ շրջանակները եւ մասնաճիւղերը որոնք գործակցեցան կեդրոնական Վարչութեան ղեկավարութեամբ կազմակերպուած բազմաթիւ բարեսիրական նախաձեռնութիւններու, օգնելու համար մեր աշխարհատարած համայնքերուն եւ Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդին, որոնք դժուարութեան մատնուած էին: Կը հաստատէ, որ անոնց գործունէութիւնները կը համապատասխանեն Միութեան տեսլականին եւ մտասեւեռումին, կը նպաստեն հայ ժողովուրդի համաշխարհային դիրքին եւ զուգահեռ են մեր պարտաւորութիւններուն՝ հանդէպ մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին, մեր ժառանգութեան եւ արժէքներուն, ինչպէս նաեւ որպէս աշխարհաքաղաքացիներ, մարդկայնական դատերու մեր զօրակցութեան:

Ժողովը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն, բարեկամներուն եւ միութեան համակիրներուն: Միութիւնը պիտի չկարենար իրականացնել իր առաքելութեան առնչուող ծրագիրները, առանց Միութեան հանդէպ անոնց վստահութեան, համարումին եւ առատաձեռնութեան:

Ժողովը կը շնորհաւորէ Կեդրոնական Վարչութեան վերընտրուած անդամները եւ իր գնահատանքը կը յայտնէ իր նուիրեալ անդամներուն, կամաւորներուն եւ աշխարհատարած պաշտօնէութեան: Մեր համընդհանուր ձեռքբերումները կարելի պիտի չըլլար իրականացնել առանց անոնց աջակցութեան, նուիրուածութեան եւ քաջալերանքին:

Ի վերջոյ, մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Ընդհանուր Ժողովի բոլոր կազմակերպիչներուն, արհեստավարժներուն, որոնք միաժամանակ թարգմանութիւններ կատարեցին հայերէն, ֆրանսերէն եւ սպաներէն, եւ յատկապէս Հ.Բ.Ը.Մ.ի տնօրէններու խումբերուն, մեր սիրելի Գործադիր Տնօրէն Անիթա Անսըրեանի ղեկավարութեամբ եւ Հայկական Վիրտուալ Գոլէճին, ղեկավարութեամբ եւ առաջնորդութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Երուանդ Զօրեանին, որուն հմտութիւնը, գործակցութիւնը եւ աջակցութիւնը սատարեցին Հ.Բ.Ը.Մ.ի 91-րդ Ընդհանուր Ժողովի յաջողութեան:

Más leídas