Ցաւով իմացանք, ազգային կեանքի մէջ մեծ վաստակ ունեցող ազնուական Եագուպեան ընտանիքի երէց անդամներէն, ՀԲԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան բազմավաստակ անդամ, ՀԲԸՄ Հայաստանի նախագահ Վազգէն Եագուպեանի մօր՝ ՄԱՐԻ ԼՈՒԻԶ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆի մահուան բօթը:
Հանգուցեալը ծնած էր Եգիպտոս 1937-ին եւ իր կեանքին կարեւորագոյն հատուածը ապրած Դամասկոսի (Սուրիա) մէջ: Վերջին տասնամեակին ան իր ընտանիքին հետ տեղափոխուած էր Հայաստան: Հանգուցեալը կողակիցն էր հայաշխարհի մէջ ծանօթ ազգային, Տիար Լեւոն Եագուպեանին, որուն հետ միասին անոնք կազմած են հայոգի բարձր արժէքներով առլցուն հայկական տոհմիկ օջախ մը:
Հանգուցեալին հոգեհանգստեան պաշտօնը պիտի կատարուի այսօր՝ Չորեքշաբթի 1 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Էջմիածնի Սուրբ Հռիփսիմէ տաճարին մէջ, Էջմիածին: Յուղարկաւորութիւնն ու թաղման կարգը պիտի կատարուին Հինգշաբթի 2 Փետրուար յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին, ուր հողին պիտի յանձնուի վանքին կից գտնուող Եագուպեաններու ընտանեկան դամբարանին մէջ։