SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Viernes 22 de Noviembre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Sociales - ԸՆԿ. ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
ՈՉ ԵՒՍ Է
07 de Mayo de 2021

ՈՉ ԵՒՍ Է ԸՆԿ. ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

 

Թանկագին ընկերուհիներ եւ ընկերներ,

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերէն վաղաժամ կերպով հեռացաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջ. Վարչութեան անխոնջ ու նուիրեալ բազմակի անգամներ ատենապետի պարտականութիւնը ձեռնհասօրէն կատարած Ընկ. Արա Ահարոնեան:

Ընկ. Արա Ահարոնեան արժանաւոր զաւակն էր կուսակցական երկարամեայ եւ վաստակաւոր գործիչ, ուսուցիչ եւ խմբագիր ընկ. Փայլակ եւ ընկերուհի Մարի Ահարոնեաններու: Ծնած էր 1952-ին Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքը, ապա տեղւոյն նախակրթարանը աւարտելէ ետք երկրորդական ուսումը ստացած էր ՀԲԸՄիութեան Յովակիմեան-Մանուկեան Մանչերու Երկր. Վարժարանէն ներս՝ թրծուելով վարժարանի երախտաշատ ուսուցիչներու շունչին տակ: Լիբանանի քաղաքացիական աւերիչ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն կը հաստատուի ԱՄՆ, ուր կը ստանայ իր բարձրագոյն կրթութիւնը Pacific College-էն եւ CSUN-էն (Նորթրիճի Համալսարան, Գալիֆ.)՝ մասնագիտանալով «Թուային էլեկտրոնիկս»ի (Digital Electronics) ճիւղին մէջ:

Ընկ. Արա Ահարոնեան այն հազուագիւտ կուսակցականներէն եղած է, որ օժտուած էր ՌԱԿ-ի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ իր ունեցած անգերազանցելի գիտելիքներով՝ այս բոլորը յաջողապէս զուգորդելով կուսակցական բեղուն գործունէութեան հետ: Արդարեւ, իր նախանձելի յիշողութեամբ, ընդարձակ պաշարով, փաստերու իմացութեամբ ան կը հանդիսանայ ՌԱԿ-ի վերջին քառասնամեակի մտաւորական կերպարներէն մին անկասկած: Լուսանկարչական յիշողութիւնը կը մնայ աչքի զարնող իր յատկանիշներէն մէկը, որով անվարան զինք կարելի է նկատել ՌԱԿ-ի ապրող հանրագիտարանը՝ Արմենականներէն մինչեւ ՌԱԿ-ի ամենավերջին գործունէութիւնները:

ՌԱԿ-ի գործիչներէն քիչեր կրցած են համատեղել կուսակցական գործունէութիւնը տեղական պետական գրասենեակներու քաղաքապետական ու նահանգային մարմիններու հետ, որուն շնորհիւ Ընկ. Արա ՌԱԿ-ի եւ Հայ Իրաւանց Յանձնախումբի (ARCA) ծրագիրները կրցած է աւարտել յաջողութեամբ: Իր անժամանակ մեկնումով խոր պարապութիւն մը պիտի ստեղծուի մեր շարքերէն ներս:

Անխոնջ կուսակցական աշխատող մըն էր անկասկած: Յիշատակութեան արժանի է իր գործօն մասնակցութիւնը Արմենական շարժման ստեղծման ուղղութեամբ Լոս Անճելոսի մէջ՝ 1980-ականներու վերջը եւ 1990-ականներու սկիզբը: Այս տարիներուն էր որ Ընկ. Արա իր հասակակից եւ երէց ընկերներու հետ միասին լայն գործունէութիւն ծաւալեցին եւ շատ մը երետասարդ-երիտասարդուհիներ խանդավառեցին Խրիմեան Հայրիկի, Փոթուկալեանի, Եկարեանի, Աւետիսեանի, Բաշինջաղեանի գաղափարներով, եւ այսպէս ան արդարօրէն եւ արագօրէն բարձրացաւ ՌԱԿ-ի շարքերէն վեր՝ հասնելով ՌԱԿ Արեմտեան ԱՄՆ-ի վարչութեան անդամի, Ատենապետի եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամի պատուաւոր դիրքերուն: Ան բազմաթիւ առիթներով մասնակցեցաւ ՌԱԿ-ի պատգամաւորական ժողովներուն, որուն համար ճամբորդեց երկրէ երկիր եւ բազմիցս այցելեց Հայաստան ու Արցախ: Յանուն պատմութեան պէտք է արձանագրել այն փաստը, որ ան սերտ կապեր հաստատեց ոչ միայն ԱՄՆ-ի, այլեւ արտերկրի եւ յատկապէս Հայրենիքի եւ Արցախի պետական անձնաւորութիւններու հետ:

Ընկ. Արա Ահարոնեան գրչի մարդ էր նաեւ: Դեռ աշակերտական եւ ուսանողական տարիներէն յօդուածներ ստորագրած է «Զարթօնք»ի, «Պայքար»ի, «Նոր Օր»ի եւ այլ կուսակցական թերթերու մէջ: Վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին ան հրատարակեց քանի մը կարեւոր գրքոյկներ, ինչպէս՝ «Երախտաւորներու ուղին» Ա. եւ Բ. Հատորներ, «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն», հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով (2001, 2011), Heroic Figures of ADL (2006), «Հայաստանի Հանրապետութեան Մարտահրաւէրները» (2014): Վերջին տասնամեակին Ա. Ահարոնեան անխոնջ կերպով լծուած էր ՌԱԿ-ի երախտաւորները ընթերցող լայն հասարակութեան ներկայացնելու կարեւոր առաքելութեան, իսկ վերջին քանի մը տարինրուն ան ամբողջ հոգիով ու մտաւորական ունակութիւններով կը պատրաստուէր լոյսին բերել ՌԱԿ-ի համապարփակ պատկերազարդ պատմութիւնը՝ շուրջ 650 էջ: Այս բոլորի կողքին չենք կրնար չյիշել նաեւ իր արժանիքներէն մէկը՝ օփերային ձայնը, որով ան կը խանդավառէր ՌԱԿ եւ ԹՄՄ հաւաքներն ու ժողովները:

Կորուստի չափն ու վիշտը շատ խորն է եւ կարելի չէ զայն արտայայտել բառերու եւ խօսքերու ուժով: Ընկ. Արա Ահարոնեանի վաղաժամ մահով խոր սուգի կը մատնուին  կողակիցը՝ Տիանան, դուստրը՝ Ռիթան, որդին՝ Ալեքսը, քոյրը՝ Արփին, փեսաները եւ հարազատները, ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութիւնը, ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջ. Վարչութիւնը, Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան մեծ ընտանիքը, ՀԲԸՄ-ը, ամբողջ անդամակցութիւնը, ընկերներն ու բարեկամները: Մենք շատ շուտով պիտի զգանք իր թողուցած մեծ բացը, սակայն մխիթարութիւն մը պիտի գտնենք, երբոր մեր հաւաքական ջանքերով իրականացնենք խմբագրութեան տակ գտնուող իր մեծածաւալ հատորը: 

Յիշատակն արդարոց օրհնեալ եղիցի:

 

ՌԱԿ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Más leídas