SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Sábado 21 de Diciembre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Opinion - ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Իշխանութեան Արհամարհանքի Քաղաքականութիւնը Առաջնորդեց Ժողովրդային Ընդվզումի
07 de Mayo de 2024

Կոչ Կ’ուղղենք Հայաստանի Իշխանութեան Զերծ Մնալ Ուժային Որեւէ Գործողութենէ Եւ Առիթ Ստեղծել Բացատրողական Ու Համաձայնական Հանդիպումի

Կը Պահանջուի Ո՛չ Թէ Կղերապետութիւն, Այլ Իսկական Ժողովրդավարութիւն

Ճակատագրական օրեր կ’ապրին Մայր Հայրենիքը, Հայոց պետականութիւնը եւ ժողովուրդը։ Սփիւռքահայութիւնը, գոնէ անոր ազգայնօրէն կենսունակ զանգուածները, իւրաքանչիւրը իր ապրած երկրին մէջ, հեւ ի հեւ կը հետեւի մեր Մայր երկրին մէջ կատարուող դէպքերուն եւ զարգացումներուն, նաեւ՝ ի հետեւանք պաշտօնի վրայ գտնուող իշխանութեանց ստեղծած արտակարգ վիճակին ու որդեգրած կեցուածքին, կանխատեսելի էր, որ հասարակական ղեկավար շրջանակներու եւ յատկապէս սահմանամերձ շրջաններու բնակչութեան կողմէ արտայայտուած լուրջ մտահոգութեանց նկատմամբ կառավարութեան որդեգրած արհամարհական կեցուածքը ի վերջոյ պիտի վերածուէր ժողովրդային բողոքի բուռն շարժումի։

Խռովութեանց առաջքը առնելու համար ամիսներէ ի վեր մեր մամուլով բազմիցս կոչ ուղղեցինք իշխանութեան, որպէսզի զուտ հայկական շահերէ մեկնած եւ ժողովրդային պահանջներուն գիտակից քաղաքականութիւն մը որդեգրէ՝ ձեռնարկելով Ազգային Փրկութեան խորհրդակցական մարմնի մը կազմութեան՝ մասնակցութեամբ տարբեր մօտեցումներ ունեցող կառոյցներու։ Ի զուր, վերջին պոռթկումները՝ ընդդէմ Տաւուշի 4 գիւղերը նոյնպէս, ինչպէս բովանդակ Արցախը թշնամիին զիջելու ակնյայտ պատրաստակամութիւնը իշխանութիւններուն՝ գործող կառավարութիւնը կանգնեցուցած է, փաստօրէն, դէմ առ դէմ հասարակ ժողովուրդին, ի մասնաւորի Տաւուշի բնակչութեան, որ իրաւամբ կը մերժէ անձնատուր ըլլալ ու լքել իր դարաւոր բնակավայրերը, տունուտեղը, դպրոցը, մանկապարտէզը, այգին, արոտավայրերը եւ, վերջապէս, 7-րդ դարէն իր պաշտելի Սբ. Աստուածածին եկեղեցին։

Հետեւաբար ու բնականաբար, ակնկալելի էր, որ Հայ Առաքելական եկեղեցին, ի դէմս Տաւուշի թեմի հոգեւոր Առաջնորդ Սրբազանի, հրահանգովը Ամենայն Հայոց Հայրապետի, ներկայ գոյութենական տագնապի դէմ յանդիման, պաշտպան ու պահապան հանդիսանար իր հոտին եւ գլխաւորէր «Տաւուշը Յանուն հայրենիքի» շարժումին եւ առաջնորդէր զայն։ Եւ անխուսաբելի էր ու տրամաբանական, որ այդ Շարժումին միանային Հայաստանի տարբեր թեմերու, եւ առաջին հերթին՝ Շիրակի թեմի Առաջնորդը, կամ թեմակալ միւս Առաջնորդները, Շարժման քայլերթին միացող այլ խումբերով ու ժողովրդային բազմութեամբ։

Անցեալին՝Աւարայրի ու Սարդարապատի դրուագները Հայոց պատմութեան՝ ցայտուն օրինակներն են ճակատագրական պահերուն Հայ Եկեղեցւոյ ստանձնած ազգափրկիչ առաքելութեան՝ ի խնդիր ժողովուրդն ու պետութիւնը պաշտպանելու իր Աստուածատուր պարտականութեան կատարումին։

Անգամ մը եւս ճակատագրականօրէն կարեւոր է, որ Մայիս 9-ին, այլապէս մեր Եռեակ յաղթանակներու տարեդարձի օրը, նաեւ յաջորդ օրերուն, Երեւան հասած Շարժումի մասնակիցներուն եւ Իշխանութեան հանդիպումը Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, կատարուի անարիւն եւ առանց ցնցումներու, Մայր Հայրենիքին արտաքին ապահովութեան ու ներքին անդորրութեան եւ իրերհասկացողութեան մանաւանդ բացատրողական Ու համաձայնականգերագոյն կարեւոր մթնոլորտի մէջ։ Կը կրկնենք, ամիսներէ ի վեր եթէ իշխանութիւնը իր գործադրած քաղաքականութիւնը բացատրելու պարտականութիւնը կատարած ըլլար, առաջքը առնուած պիտի ըլլար այսօր ստեղծուած տագնապային այս ցնցիչ վիճակին:

Ճակատագրականօրէն կարեւոր է մանաւանդ, որ իշխանութիւնը վերջ դնէ իր ներկայ՝ ակնյայտօրէն պարտուողական թուացող, հայրենի տարածքները միակողմանի թշնամիին զիջելու անընդունելի քաղաքականութեան։ Միաժամանակ կը պահանջուի ո՛չ թէ կղերապետական, այլ իսկական եւ լիակատար ժողովրդապետական իշխանութիւն։

Կոչ կ’ընենք բովանդակ հայութեան, ի մասնաւորի սփիւռքահայութեան՝ համախմբուելու Մայր Հայրենիքին շուրջ եւ իր քաղաքական, տնտեսական, տեղեկատուական ամբողջ ներուժը, այս պատմական պահուն, ի գործ դնել ի խնդիր Մայր Հայրենիքը ներկայ դժնդակ մարտահրաւէրներրը յաղթահարելու պայքարին։

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ՀԱՄԱԴՐՈՒԱԾ ՄԱՄՈՒԼ

Más leídas