SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Viernes 27 de Diciembre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Opinion - ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ-ԶԱՐԹՕՆՔ
Անկեալ Իշխանութիւն, Մեղսակից Ամբոխ, Անլուրջ Ընդդիմութիւն, Ապիկար Սփիւռք եւ Հերոսական Արցախ
25 de Septiembre de 2023

Անխնայ ռմբակոծուող Արցախը լքուած բոլորէն ստիպուած եւ անզօր գնաց զինադադարի անհաւասար բանակցութիւններու որուն օրակարգն ու արդիւնքները այլեւս գաղտնիք չեն: Զինուորապէս ինկաւ Արցախը՝ մեր ազգին վերջին 30 տարիներու հպարտութեան կարեւորագոյն հիմնասիւնը: Այսօր արդէն Արցախի մեր  հոգեհարազատ քոյրերուն եւ եղբայրներուն ֆիզիքական գոյութիւնը վտանգուած է:

Խաղաղութիւն մուրացող Հայաստանի այսօրուայ իշխանութիւնները, անկախ Արցախի կարգավիճակին հանդէպ իրենց դասալիք ու, խոստումնադրուժ ընթացքէն, պէտք է յիշեն, որ այնտեղ ապրող մեր քոյրերն ու եղբայրները, հայորդիներ ըլլալէ բացի, նաեւ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐ ԵՆ:

Համեմատական մը Խորհրդային Հայաստանի Իշխանութիւններուն հետ

Նախորդ յօդուածէս պարբերութիւն մը կրկնելու գնով, այստեղ պիտի դարձեալ շեշտեմ, որ բացի իր օրերուն աշխարհասփիւռ հայութիւնը ագուցող, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ստանձնած օրհնաբեր դերէն, պատմութեան համար այստեղ կարեւոր է յիշատակել, որ Խորհրդային Հայաստանի հովանաւորութեան տակ գործող «Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէ»ն, իր օրերուն, իր մշակութային առաքելութեան առընթեր, կը վարէր նաեւ քաղաքական ոչ անպայմանօրէն բացայայտ, սակայն ազդու գործունէութիւն յօգուտ սփիւռքահայութեան:

Կրնամ անձնապէս վկայել, որ վերոյիշեալ կոմիտէն նաեւ ուր, որ պէտք է կը միջամտէր նաեւ լիբանանահայութեան ֆիզիքական ապահովութեան ի խնդիր: Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի տարիներուն, Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնը, առաջիններէն էր պարենային եւ այլ պիտանի արտադրութիւններ փութացնելու պատերազմական պայմաններու արհաւիրքին տակ տուայտող լիբանանահայութեան:

Ուրեմն Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնը այդ օրերուն, իր գերազանցօրէն ազգային գործունէութեամբ, պահուածքով ու ազգային առաքելութեան գիտակցութեամբ, ի հեճուկս ոմանց, ամենայն հայոց կառավարութիւն էր, մինչ Հայաստանի ներկայի իշխանութիւնները, օր ցերեկով, ո՛չ միայն մեր Հայրենիքին զինանշանին վրայէն Արարատի նկարը ջնջել կը քննարկեն (բան մը, որ Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները պարտադրած էին Սովետական Միութեան վերին մարմիններուն վրայ), այլ գերազանցապէս կը զլանան պաշտպանել Արցախի մէջ ապրող իրենց քաղաքացիները: 

Հետեւաբար անոնց պաշտպանութիւնը, թէկուզ փոխադարձաբար Պաքուն ռմբակոծելու սպառնալիքով եւ ինչու չէ ի պահանջեալ հարկին՝ գործադրութեամբ, ազգային պարտք է: Ազգային իշխանութեան մը համար անկախ ամէն վտանգէ կարեւոր էր իր բանակը ուղարկել օգնելու Արցախի բանակին, փրկելու արիւնով վաստակուած Հայրենիքի այդ սուրբ բեկորը:

Իր քաղաքացիները պաշտպանել զլացող կամ անոնց ֆիզիքական գոյութիւնը երաշխաւորել չկրցող Հայաստանի այսօրուայ իշխանութիւնները իրենց պարագլուխով հանդերձ, ոչ միայն ամենայն հայոց իշխանութիւն չեն, այլ անկեալ են բառին բուն իմաստով, որոնք ուշ կամ կանուխ պիտի նետուին պատմութեան աղբանոցը:

Նիկոլը ընտրող ու պաշտպանող մեղսակից ամբոխ

2018էն ի վեր պատմական թիւրիմացութեամբ մը իշխանութեան հասած հորդան իր գերագոյնով մէկտեղ, յաջողութեամբ պսակեցին  իրենց սեւ առաքելութիւնը, գուցէ յուրախութիւն զինք ընտրողներուն, որոնք պատմութեան եւ Աստուծոյ դիմաց հաւասարապէս մեղսակից են այս ամբողջ եղածին: Ի վերջոյ իրենք էին, որ ընտրեցին այնքան բացայայտօրէն արհաւիրք հանդիսացող անհայրենիք այս խմբակը, որպէսզի դէպի անդունդ առաջնորդէ մեր Հայրենիքը: Այդ ամբոխն էր, որ մէկէ աւելի անգամ իր անհեռատեսութեամբ ու  պատահականութեամբ առաջնորդուող հոգեբանութեամբ, մեր Հայրենիքը յանձնեց հողմերուն:

Զարմանալիօրէն հանդուրժող ու համակերպող անլուրջ ընդդիմութիւն

Սոյն իշխանութեան դէմ իբր թէ ընդդիմութեան դրօշ պարզած խմբակները վերջին տարիներուն իրենց անլրջութեամբ ու աներեւակայելի համակերպողականութեամբ, եւ ինչու չէ թէկուզ՝ դաւադրութեան տեսութեան մեկնաբանութեամբ, իր անլուրջ եւ ինքնակեդրոն գործունէութեամբ ծառայեց իր անուան ու առաքելութեան ճիշդ հակառակին, նպաստելով՝ երկարաձգել այս տխրահռչակ իշխանութեան կեանքը: Ի վերջոյ պէտք չէ նաեւ մոռնալ, որ նոյնինքն անոր բաղկացուցիչ տարրերն էին, որ Վարչապետ ընտրեցին Նիկոլը, հակառակ, որ իրենք էին մեծամասնութիւնը ՀՀ Ազգային Ժողովին մէջ, մինչ սկզբունքային պատճառներով նիկոլին քուէ տալը մերժող իրենց խմբակցութեան անդամ պատգամաւոր արտաքսեցին իրենց մէկ կուսակցութենէն: Աւելին եւ ամէն մեղքիս, նոյնինք այս նիկոլին հետ, փերեզակային գործելաձեւով քոալիսիոն կառավարութիւն ալ կազմեցին, գործակցելով ազգադաւ իշխանութեան մը հետ, որ տակաւին սաղմային վիճակի մէջ էր ու շատ աւելի հեշտ անոր խեղդելը:

Հեռակայ կամ բաժակաճառային հայրենասիրութեան ռահվիրայ ապիկար սփիւռք

Հողային պահանջատիրութիւն իբր թէ ունեցող ու անոր համար երգելով միայն պայքարող սփիւռքը չկրցաւ գէթ հարիւր հազարով մը հայրենադարձուիլ բնակելու համար ազատագրուած Արցախի հողերուն վրայ, որ եթէ անհամեմատ թիւով աւելի բնակչութիւն ունենար, 44օրեայ պատերազմը կրնար տեղի չունենալ: Շուրջ 8 ամիս շրջափակման ու սովի դատապարտուած իրենց հայրենակիցներուն հանդէպ լաւագոյն պարագային եւ խղճահարութենէ խուսափելու համար  քանի մը կոպէկ ուղարկող սփիւռքը, չկրցաւ այնպէս մը կազմակերպուիլ, որ առաջնորդուելով իր այսպէս կոչուած քաղաքական կուսակցութիւններով, հոգեւոր առաջնորդներով ու անոնց եղբայրակից եկեղեցիներու պատասխանատուներով, իրենց ապրած երկիրներու պետութիւններուն մէջ իրենց քուէներով ընտրուած քաղաքական գործիչներով ու միջազգային մամուլի ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ յայտնուիլ Բերձորի (Լաչինի) միջանցքին եւ աշխարհի աչքին առջեւ, ազգային անզուգական միասնականութեամբ եւ վճռակամութեամբ բանալ փորձել փակ ճանապարհը ու ֆիզիքապէս միանալ իրենց հայրենակիցներուն: Փոխարէնը, ապահով ափեր նստած հեռակայ կոչերով հայրենասիրութիւն սորվեցուցին եւ ամուր մնալու մաղթանքներ յղեցին Արցախի մեր հայրենակիցներուն, որոնց կարծես ճակատին գրուած է մեզի համար կեանքի գնով հայրենիք պահելը…:

Իր պապերուն հողին վրայ ապրելու եւ արարելու գերազանց իրաւունքը ունեցող Արցախի հերոս ժողովուրդ

Անկախ ամէն հանգամանքէ եւ իրավիճակէ, Արցախի ապագան ինչպէս միշտ, պիտի որոշեն այն անզուգական հայորդիները, որոնք վաղը պիտի որոշեն մնալ իրենց պապենական հողին վրայ: Մեզմէ ոչ մէկը բարոյական իրաւունքը ունի մեղադրելու անոնց, որոնք ակամայ պիտի ստիպուին լքել Արցախը, սակայն կ՛ուզեմ պատմութեան առջեւ այսօր կը բարձրաձայնեմ, որ այն հերոսները, որոնք պիտի որոշեն մնալ, անոնք է, որ Արցախը զերծ պիտի պահեն արժանանալու Կիլիկիոյ, արեւմտեան Հայաստանի կամ Նախիջեւանի ճակատագրին:

Ես այսօր, այստեղ եւ այս պահուն կը վկայեմ, որ Արցախցին պիտի անպայմանօրէն անգամ մը եւս փրկէ իր անարժան հայրենակիցներուն արժանապատուութիւնը եւ Հայրենիք ունենալու անարժան իրաւունքը: Ի վերջոյ պատմութիւնը պիտի ցոյց տայ, որ Արցախցին, Արցախը պահելով պիտի պահէ՝ Հայաստանը:

Más leídas