SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Sábado 23 de Noviembre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Opinion - ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
ՍԱ ԽԱԽԱՄՆԵ՛ՐԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՏՂԵՑԱՆ
19 de Septiembre de 2023

Քէօլնէն (Գերմանիա) ստացուած գրութիւն մը, կը տեղեկացնէ, թէ Եւրոպայի Ռաբբինական կեդրոնը (Rabbinical Centre of Europe), կրճատ`  RCE, նամակ մը յղեր է Հայաստանի ղեկավարութեան` հայ ժողովուրդէն պահանջելով ՙանյապաղ եւ ամբողջովին դադրեցնել Ցեղասպանութիւն բառին գործածութիւնը՚, յատկապէս երբ հարցը կը վերաբերի Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի իննամսեայ պաշարումին:

Ու կարծես քիչ ըլլար այդ պահանջը, RCE-ի նամակը բացայայտօրէն կ’անտեսէ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը` սահմանելով, որ ՙսարսափեցնող արտայայտութիւնները պատշաճ են միայն ՙնպատակային, հետեւողական (systematic) եւ լայնընդրգկուն այն ցեղասպանութեան համար, որ մարդկութեան պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած է, որով տառապած է հրեայ ժողովուրդը: ՙՀոլոքոսթը՚:

RCE- ի նամակը, որ մէկ այլ տեղեկութեամբ եւրոպական 20 երկիրներէ շուրջ 50 ռապպիներու կամ խախամներու հաւաքական կարծիքը եւ ուղղուած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին, աւելի եւս առաջ երթալով կը բացայայտէ հրեայ կրօնաւորներուն պոչի ցաւը` քաղաքական դիրքորոշումն ալ, երբ որպէս օրինակ հայոց ՙաննրբանկատութեան՚ եւ ՙսխալականութեան՚ կը վկայակոչէ աւելի քան 9 ամիսէ ի վեր արցախահայութեան պարտադրուած տառապանքը ցեղասպանական արարք բնութագրելը, ու տակաւին` կը դատապարտէ հայ ժողովուրդը Ցեղասպանութիւն եզրոյթը ՙքաղաքական նպատակներով՚ շահարկելու համար, մինչդեռ, նամակագիրներուն կարծիքով, տեղի ունեցածը ընդամէնը Ատրպէյճանի ներքին խնդիր է, կամ իրենց բառով` conflict-ը:

Աւելցնեմ նաեւ, որ RCE- ն նախապէս մէկ այլ առիթով պաշտօնապէս քննադատեր էր Ատրպէյճանը դիւայնացնելու (demonization) փորձերը եւ Հայաստանը համարեր էր ՙԹեհրանի այաթոլահներուն դաշնակից՚…

Այսպիսով` Եւրոպայի հրեայ կրօնաւորներուն ՙպոչի ցաւերը՚ դարձան երեք հատ, առայժմ. Եզրոյթին իրենց մեկնաբանութեամբ` միայն Հոլոքոսթն է արժանի ցեղասպանութիւն կոչուելու, հետեւաբար մնացեալները, ներառեալ Արցախի արգելափակումը, արաբական արտայայտութեամբ` ՙֆրաթա՚, մանրուք բաներ են:

Արցախի մէջ եւ շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները Ատրպէյճանի ներքին խնդիրները կը հանդիսանան, որմէ կարելի է հետեւցնել, թէ ՙներքին՚ այդ խնդրին ոչ ոք իրաւունք ունի խառնուելու:

Հայաստանը, հետեւաբար նաեւ հայերը, Իրանի Իսլամական հանրապետութեան բարեկամներն են, ուստի` Իսրայէլի պետութեան հակառակորդները:

Ցեղասպանութիւն եզրոյթի սահմանման հարցը հոս քննարկելը, աւելի եւս` վիճարկելը, բոլորովին աւելորդ կը նկատեմ: Հրեայ խախամներուն չար բախտէն` այդ եզրոյթի լաւագոյն մեկնաբանութիւնը տուած են հրեայ գիտնականները` Լեմքինէն սկսեալ մինչեւ Իսրայէլ Չառնի եւ ուրիշներ: Խախամները Թալմութէն բացի պէտք է կարդան անոնց աշխատութիւնները եւ յետոյ միայն բարբաջեն:

Պաշարուած եւ սովամահութեամբ ցեղասպանութեան դատապարտըւած արցախահայութեան վիճակը լաւագոյնս բնութագրողը Միջազգային դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ, մեծահամբաւ իրաւագէտ Լուիս Մորենօ Օքամփոն է եւ ոչ թէ մենք: Հետեւաբար խախամները անո՛ր պէտք է ուղղեն իրենց քննադատութեան սլաքները:

Ինչ կը վերաբերի Թեհրանի այաթոլլահներու դաշնակիցը ըլլալու հարցին` խախամներուն խորհուրդ պէտք է տալ իրենց քաղաքական եւ միայն քաղաքական հարցերը Պարսկաստանի հետ` մեր միջոցով ու մեր երկրի միջոցով չփորձել լուծել: Պարսկաստանն ու պարսիկ ժողովուրդը մեր դրացիները եղած են պատմութեան անյիշելի ժամանակներէն մինչեւ օրս: Խախամները պէտք է միշտ յիշեն, որ իրենց ՙԱւետեաց երկիրն՚ էր, Իսրայէլը, որ թուրք շէյխերուն եւ իմամներուն հետ ձեռք- ձեռքի տուած յարձակեցան մեր վրայ վերջին պատերազմին, եւ հիմա ալ պատրաստ են նոյնը ընել, եթէ չվախնան ՙԹեհրանի այաթոլլահներէն՚:

Մէկ կողմ թողլով խախամներուն ցեղապաշտական-ռասիստական նկրտումները Հոլոքոսթը ֆեթիշացնելու եւ 2- րդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին հրեայ ժողովուրդին թափած արիւնն ու տառապանքը քաղաքական ու քարոզչական դրամագլուխի վերածելու, ատենն է անոնց յիշեցնելու, որ հայ ժողովուրդը հրեայ ժողովուրդին մէջ, յատկապէս Սփիւռքի տարածքին համախոհ շատ բարեկամներ ունի, որոնք, վստահ եմ, անպատասխան պիտի չթողուն RCE-ի ցափռտուքները:

Յօդուածին սկիզբը ըսուեցաւ, որ RCE-ի նամակ- յայտարարութիւնը ուղղուած եղած է ՀՀ վարչապետին ու նախագահին: Արդ, մենք չենք գիտեր, թէ հայ պաշտօնեաները ի՞նչ պատասխան տուած են այդ նամակ-հրահանգին, եւ ընդհանրապէս չենք գիտեր, թէ որեւէ նամակ-պատասխան տրուա՞ծ է ռապպիներուն: Սակայն անհրաժեշտ կը նկատենք տեղեկացնելու, որ ECE-ի նամակը բնաւ պատահական չէ: Փաստ` ճիշդ այս օրերուն հրապարակուեցաւ Ատրպէյճանի ՙայաթոլլահ՚ Շիւքիւրզատէի կոչը` ուղղուած հայաստանաբնակ հրեական համայնքին` փոխադրուելու Պաքու, այն փոքրաթիւ եւ յարգուած համայնքը, որ աւելի քան 150 տարիէ ի վեր հաստատուած է Հայաստան, եւ գիտութեան, արուեստի եւ այլ ասպարէզներու մէջ յաջողած ներկայութիւն մը կը կազմէ:

Ատրպէյճանի կրօնապետին այդ կոչը, իմ կարծիքով, կրնայ նախազգուշական հանգամանք մը ունենեալ, որով, կը խորհիմ, մեր երկրի համապատասխան մարմինները պէտք է զբաղին: Եւ ոչ միայն այդ մարմինները: Խնդրոյ առարկայ եւ յարակից հարցերով պէտք է զբաղին նաեւ Սփիւռքի մեր այն ազգակիցները, որոնք կապեր ունին հրեայ կազմակերպութիւններու, անհատներու եւ կրօնականներու հետ: Հարցը մեզի համար կարեւոր է թէ՛ քաղաքական, թէ՛ քարոզչական եւ թէ՛ այլ տեսակէտներէ:

Պէտք է գտնենք հարցի բանալին` խախամները յանկարծ ինչո՞ւ կատղեցան:

Más leídas