SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Jueves 26 de Diciembre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Opinion - ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ
Մենք Դեռ Որքա՞ն Արիւն Ունինք Վատնելու...
26 de Enero de 2023

Rag mamul

Խմբագրական  

Ողբերգութիւններն ու աղէտները, իրենց բազմազանութեամբ, եկած են բթացնելու մեր զգայարանքները եւ մեզ զգայազիրկ դարձնելու նոր ողբերգութիւններու դիմաց. հարց է թէ ժողովուրդ մը, ազգ մը, երկիր մը որքանո՞վ
կրնան դիմագրաւել աղէտներ ու կորուստներ, ու շարունակել ապրիլ բնականոն կերպով:

Այս հարցումները կը պարզուին մեր դիմաց Գեղարքունիքի շրջանի Ազատ գիւղի մէջ Յունուար 18ին պատահած հրդեհին պատճառաւ որուն զոհ գացին 15 քաջարի զինուորներ ու երեքն ալ կը գտնուին հիւանդանոցի մէջ առողջական ծանր պայմաններու ներքեւ:

Այս հրդեհին պատճառով պաշտպանութեան նախարարը` Սուրէն Պապիկեան պաշտօնէ արձակած է հրամանատար Վահրամ Գրիգորեանը եւ անոր երկու տեղակալները:

Այժմ կառավարութիւնը ձեռնարկած է քննութեան, ստուգելու համար պատճառները հրդեհին եւ պատասխանատուութեան կոչելու յանցաւորները:

Աճապարելու կարիք չկայ դատումներ կատարելու եւ գուշակութիւններ ընելու թէ հրդեհը արկածի մը
հետեւա՞նքն էր, ներքին դաւադրութի՞ւն մըն էր թէ ատրպէյճանցիներու կողմէ լարուած սադրանք մըն էր,
քանի գիւղը կը գտնուի այդ թշնամի երկրի սահմանին վրայ եւ այս յիշեալ գունդը արդէն ճակատումներ
ունեցած է ատրպէյճանական բանակին հետ:

Ըստ ռազմագէտ Արծրուն Յովհաննիսեանին այս գունդի զոհուած մարտիկները հերոսական դիմադրութիւն ցոյց տուած են անցեալ տարուան Սեպտեմբեր 13-14ին ատըրպէյճանական ոյժերու դէմ կայացած սահմանային բախումներուն ընթացքին: 

Ծանօթ է թէ այդ կռիւներուն ընթացքին հայկական կողմը կորսնցուց աւելի քան 200 զինուորներ, որոնց կորուստը նոյնքան ծանր էր որքան այսօրուան աղէտեալներուն մահը:

Բանակի կորուստները, զինուորական մահերը հաւասարապէս վիշտ կը պատճառեն առաջին հերթին տուեալ ընտանիքներուն եւ ապա համայն ազգին. սակայն 200 զինուորի կորուստը կերպով մը հաւասարակշռուած էր եթէ կարելի է անհատի մահուան դիմաց հաւասարութեան նշան դնել այն փաստով որ անոնք ինկան հայրենի հողի պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ, վրիժառութեան գծով ալ 700-800 ազերի զինուորներ զոհելով: Աւելին, մինչեւ Սեպտեմբերի այդ բախումը թշնամին անպատիժ կը մտնէր Հայաստանի ինքնիշխան սահմաններէն ներս եւ ռազմական դիրքեր կը հաստատէր:

Սակայն, այդ կռիւին ընթացքին ցուցաբերուած հակադարձութիւնը պատգամ մը ղրկեց թշնամիին որ նման արարքներ սուղ գին մը պիտի արժեն իր ոյժերուն համար:

Բոլոր անոնք որ խորապէս կը զգան այսօրուան զոհերուն վիշտը` խոկումի պահ մըն է այս շրջանը իրենց համար, սպասելով քննութեանց եզրակացութեան, աւարտին հասցնելու այս աղէտին պատճառած վիշտը:

Սակայն, քանի մեր ազգին մէջ գերազանց է անլուրջ մարդոց թիւը` խոհականներէն այս աղէտը դարձած է քաղաքական շահագործման առիթ. աւելին` դարձած է ասէ-կոսէներու մրցավազքի անլուրջ պատեհութիւն, յատկապէս դիմատետր (facebook) կոչուած զզուելի էջերուն վրայ:

Բոլոր անոնք որ կանխատրամադրուած են իշխանութեանց դէմ`պատեհ առիթ գտան կոչեր արձակելու որ պէտք է հրաժարի իշխող կառավարութիւնը, կարծէք թէ ատիկա դարման մը պիտի ընծայէր կացութեան:

Պատահեցան նաեւ աւելի կրոթեսք արարքներ. այսպէս 5րդ ալիքը սփռեց աղէտի պահուն արձանագրուած երիզ մը, ուր յուսահատ եւ աղիողորմ ճիչեր կը լսուին:

Մամուլի ազատութեան ինչպիսի՞ սահման մըն է, որ այս մարդոց թոյլ կու տայ խենէշ գոհացում ստանալ ոմանց` սարսափելի արարքներու դիտումով եւ, առաւել եւս` հեռասփռումով:

Իսկ իշխանամէտ շրջանակներուն մէջ ալ չպակսեցան դաւադրական վարկածի հեղինակները, պատասխանատու նկատելով ազերիները, երբեմն ալ 5րդ զօրասիւնականներն ու վճարեալ գործակալները:

Այս բոլոր բանդագուշակութիւնները կը բխին անկէ որ մարդիկ իսկապէս չեն ըմբռնէր աղէտի ահաւորութիւնը, չեն անդրադառնար անոր պատճառած կորուստներու տարողութեան եւ աղէտը պատրուակ կը դարձնեն իրենց նախապաշարումները արդարացնելու. աւելին` զանոնք պարտադրելու հանրութեան:

Նախ պէտք է յարգանք ունենալ զոհերու ընտանիքներուն եւ կիսել անոնց վիշտը եւ ապա նստիլ հաշուեյարդարի թէ ի՞նչ էր նշանակութիւնը այս կորուստներուն:

Տակաւին երկու տարիներ առաջ 44օրեայ պատերազմին ունեցանք 4000 կորուստներ:

Մեր ազգին համար որ կը մաքարի իւրաքանչիւր հայ քաղաքացիի յաւելման հաշուոյն, նման սահմաններու հասնող կորուստ մը կրնայ ճակատագրական ըլլալ, մանաւանդ նկատի ունենալով այս օրուան հայաթափումի ընթացքը
Հայաստանէն եւ ծնունդներու թուահամարը որ պիտի չիրականանայ այս պատերազմին կորուստներուն պատճառաւ:

Ինչ որ ալ յայտնաբերեն քննարկումները այս աղէտին, անկախ պատահարի քաղաքական շահարկումներէն, մէկ հարց պէտք է ունենայ իր պատասխանը – ինչո՞ւ այս հերոս տղաքը պէտք է պատսպարուած ըլլային նախնադարեան կառոյցի մը մէջ, այն ալ` աւելի նախնական ջերուցման միջոցներով:

Կ´ըսուի թէ այդ կառոյցին մէջ գտնուած են 21 զինուորներ, որոնցմէ երեքը յաջողած են փախչիլ, իսկ միւս երեքն ալ կը
գտնուին հիւանդանոցին մէջ: Հետեւաբար վերապրողները պիտի կրնան կենդանի վկայութիւններ տալ:

Այս ահաւոր աղէտէն քաղուելիք դասը այն է որ բանակը պէտք է արագ թափով վերափոխուի: Այս տարի հպարտութեամբ ծանուցուեցաւ որ բանակի պիւտճէն, առաջին անգամ ըլլալով, հասած է մէկ միլիառ ամերիկեան տոլարի:

Մէկ կողմէ կ´ըսուի թէ Հնդկաստանէն կը գնուին արդիական զէնքեր, մինչ միւս կողմէ ամբաստանութիւններ կան որ այդ գումարները չեն ծախսուիր եւ կը վերադառնան պետական պիւտճէ` պարգեւավճարներու յատկացուելու:

Անցեալին բանակը կողոպուտի յատուկ կառոյց մըն էր, բանակայիններու կենցաղային պայմանները թողելով նախնական պայմաններու ներքեւ. թէեւ այսօր ալ վճռական բարելաւում մը չէ արձանագրուած, ինչպէս կը վկայեն այս աղէտին առաջնորդող պայմանները, սակայն կը ծանուցուին վճարումներու յաւելումներ, սպաներու բնակարաններու շինութիւններ եւ վերադաստիարակման (աթեստաւորում) պարգեւներ:

Անցեալին հայկական բանակը ունէր մարտունակութեան բարձր համբաւ. սակայն, ինչպէս ցոյց տուաւ 44օրեայ պատերազմը, զինուորին արիութիւնը եւ հայրենասիրական նուիրումը այնքան տարողութիւն չունին, որքան անոր գիտական պատրաստութիւնն ու գերարդիական զէնքեր օգտագործելու հմտութիւնը:

Բանակը ունի ներքին կազմակերպչական դժուարութիւններ եւ արտաքին խոչընդոտներ. Ատրպէյճան կը
սպառնայ խափանել Հայաստանի վերազինումը դիմելով ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներու: Միւս կողմէ
Ռուսաստանը բազմաթիւ միջոցներով թափանցած է Հայաստանի տնտեսական, քաղաքական ու ռազմական
կեանքին մէջ, յատկապէս իր հետախուզական միջոցներով, եւ կասկած չկայ որ հայկական բանակի գաղտնիքները կրնայ փոխանցել Ատրպէյճանին, ինչպէս ըրած է 44օրեայ պատերազմին, ըստ զրոյցներու:

Այդ պատերազմին ընթացքին պարզուեցաւ նաեւ յոռի երեւոյթ մը երբ հայ բանակայինը կատարեց կարգ մը
ճակատագրական մատնութիւններ, ահաւոր զոհերու հաշուոյն. հետեւաբար, այդ բանակայինը պէտք է բաւարարուած ըլլայ այնքանով որ չգայթակղի թշնամիին քանի մը հազար տոլարին դիմաց:

Բանակին ամէնէն հիմնական խնդիրներէն մէկն ալ համակարգային փոփոխութեան հարցն է. կ'ըսուի թէ
սովետական համակարգը որուն վրայ կառուցուած էր հայկական բանակը դարձած է ժամանակավրէպ,
հետեւաբար, եթէ Հայաստան պիտի վերակերտէ իր բանակը արեւմտեան համակարգի սկզբունքներով` պէտք
է գնէ համապատասխան զէնքեր, որոնց պիտի ընդդիմանայ մեր դաշնակից Ռուսաստանը: Տակաւին հարց է
թէ ո՞ր արեւմտեան երկիրը զէնք պիտի յատկացնէ Հայաստանին երբ ան մաս կը կազմէ ՀԱՊԿին:

Եթէ եւ երբ հարթուին վերոյիշեալ բոլոր դժուարութիւնները Հայաստան պէտք է մշակէ իր ռազմական գաղափարախօսութիւնը (Military doctrine) կարենալ պաշտպանելու համար ինքնիշխան հողամասը:

Հայաստան հարկը չունէր այսօրուան աղէտն ալ դիմաւորելու` անդրադառնալու համար որ պէտք ունի արդիական բանակի եւ նոր համակարգի:

Եթէ կարելի չըլլայ յաղթահարել վերակառուցման այն դժուարին մարտահրաւէրները, Հայաստան պիտի գտնուի նոր, նման եւ աւելի զարհուրելի աղէտներու դիմաց:

Պահն է հարցնելու թէ` մենք որքա՞ն արիւն ունինք վատնելու ...:

                                                                                                                                                                    «Պայքար»

Más leídas