Աշխարհի անէծքն ու աղէտը հանդիսացող երկու ցեղասպան երկիրներ՝ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան դարձեալ գործի վրայ են՝ ամբողջացնելու համար այն ազգասպանութիւնը որուն ձեռնարկած էին դար մը առաջ:
Ատրպէյճան կոչուած բռնատիրական երկիրը, զինուած եւ ուղղորդուած Թուրքիոյ կողմէ յաջորդական սադրանքներով եւ պատերազմական գործողութիւններով կը նպատակադրէ բնաջնջել մնացեալ այն փոքր հողամասը՝ Հայաստանի ինքնիշխան պետութիւնը՝ համայն քաղաքակիրթ աշխարհի լուռ վկայութեան ներքեւ:
Լաչինի միջանցքի փակումը, բնապահպանման պատրուակով, իր խորքին մէջ միայն պատրուակ մըն է խեղդելու հանար Արցախի հայութիւնը, պարզ այն պատճառով որ ան երկրորդուած է կազի հոսանքին խափանումով, բնապահպանման պատրուակը կը միտի նաեւ անդամալուծել հանքարդիւնաբերութիւնը Արցախի մէջ. մարդասիրական աղէտ մը ստեղծելով Արցախի 120,000 հաշուող հայութեան:
Արցախի հերոսական հայութիւնը պարտադրուած է վերապրումի իր պայքարը տանելու խիստ ձմեռուան ցուրտին, միւս կողմէ պաշտպանուելով ազերիական ռազմական սպառնալիքի դիմաց: Գոյութենական մարտ մը կարիքն ունի քաղաքակիրթ աշխարհի աջակցութեան:
Բարեկամ երկիրներ որոնք մտահոգութիւն յայտնած են մարդասիրական այս աղէտին կապակցութեամբ, պէտք է հասկնան ի վերջոյ որ Ատրպէյճանի նախագահը՝ Իլհամ Ալիեւ զգուշացումներու անսացող բռնապէտ մը չէ, այլ ան միայն պիտի դադրեցնէ իր արիւնալի գործարքը ոյժի սպառնալիքի եւ գործնական պատժամիջոցներու դիմաց:
Բաց աստի, ամէն հայ համայնք պէտք է կազմակերպուի ամէն քաղաքակիրթ երկրի մէջ, մամուլի պայքարով եւ ցոյցերով ազդարարելու վերահաս վտանգին մասին:
Աւելին՝ անզէն միջոցներով եւ քաղաքակիրթ կարգապահութեամբ պէտք է շրջափակել ամէն կարելի երկիրներու դեսպանական մուտքը Ատրպէյճանի:
Միեւնոյն բողոքը պէտք է բարձրացնեն սփիւռքի զանգուածները կարելի բոլոր երկիրներու մէջ, յիշեցնելով Մոսկուայի իշխանութեանց որ իր յանձնառութեանց դրժումը իրաւունք կու տայ Հայաստանին իր կարգին հրաժարելու իր դաշնակցային պարտաւորութիւններէն:
Հայութիւնը դառնօրէն ճաշակած է ցեղասպանութեան նախճիրը եւ ժամանակը հասած է աշխարհին դիմաց բարձրաղաղակ կոչելու՝«Վերջ Ցեղասպանութեան»:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Դեկտեմբեր 15, 2022