Այս տարուայ Հոկտեմբերի 1-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը (Ռ.Ա.Կ.) կը թեւակոխէ իր գոյութեան անկիւնադարձային 100ամեակը:
1921ի Հոկտեմբերի 1-ը հայ աշխարհի ժամանակակից քաղաքական կեանքին պատմութեան մէջ խոր նշանակութիւն ունեցող թուական մըն է: Արդարեւ, մինչեւ այն օրը համանման գաղափարախօսութիւն ունենալով գործող գրեթէ տասնեակ մը կուսակցութիւններ, որոնց արմատները կերթային ետ մինչեւ հայկական առաջին կուսակցութիւնը հանդիսացող՝ Մկրտիչ Փորթուգալեանին 1885 թուին հիմնած Արմենական կուսակցութիւնը, այդ օրն է որ քաղաքական բացառիկ հասունութիւն եւ լրջութիւն ցուցաբերելով, որոշեցին միացնել իրենց ոյժերը եւ այնուհետեւ գործել մէկ անունի տակ, որպէս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն: Քաղաքական այդ հախուռն եւ աննախընթաց նախաձեռնութիւնը ցոյց կու տար այդ օրերու ղեկավարութեան ազգային խոր գիտակցութիւնը եւ անոնց մտաւորական բարձր մակարդակը: Այդ պատճառաւ ալ նորակազմ Ռ.Ա.Կ.-ը յաջորդող բազմատասնեակ տարիներուն դարձաւ բիւրեղացած տոկունութեամբ ժողովուրդին քաղաքական կեանքին ներշնչող այն ոյժը որ պատմութեան բերած ամենախրթին ելեւէջներուն ընթացքին կատարեց առաջնորդող հաւաքական մաքուր խղճի ձայնին կենարար դերը:
Ամբողջ աշխարհը ցնցող գոյութենական տագնապներուն ընթացքին՝ համաշխարհային կործանիչ երկրորդ պատերազմը, համայնավար գաղափարախօսութեամբ քաղաքակիրթ աշխարհը երկու թշնամի բեւեռներու բաժնելու փոթորկալից շրջանը, անխուսափելիօրէն ծանր տագնապներու ենթարկեցին հազիւ թէ վերջնական կորուստէ փրկուած հայոց հայրենիքը, նորաստեղծ եւ դիւրաբեկ աշխարհատարած սփիւռքը եւ Հայ ժողովուրդի բարոյական տոկունութիւնը ապահովող Հայաստանեայց Առաքելական Էջմիածնակեդրոն եկեղեցին:
Ամբողջ այս շփոթեցուցիչ եւ տագնապալից շրջանին, Ռ.Ա.Կ.-ը յաջողեցաւ լուսարձակ փարոսի նման, ջինջ յստակութեամբ բնորոշել ազգային գերագոյն շահերուն բաղադրիչները, եւ ցոյց տալ անոնց պաշտպանութեան առաջնորդող անսակարկելի ճանապարհները:
Արդարեւ, Հայաստանը, ամբողջ եօթանասուն տարիներ, Խորհրդային աշխարհի մէջ սահմանափակուած ըլլալով ենթակայ էր խզուած մնալու սփիւռքատարած հայութեան մնացեալ մեծամասնութենէն: Նոյնն էր պարագան հայոց հոգեւոր կեդրոնը հանդիսացող Մայր Աթոռին:
Եթէ այս օրերուն Հ.Յ.Դ.ն՝թերևս կը ջանայ ճարտար շուտիկութեամբ, յաճախ մոռացութեան ենթարկել, սակայն բացայայտ եւ պարզ անխուսափելի իրականութիւնը այն է թէ քաղաքական բարդ եւ վտանգաւոր այդ տարիներուն ընթացքին սփիւռքը ենթարկուեցաւ Հայ քաղաքական անխոստովանելի արկածախնդրութեանց առաջնորդող հոսանքներու ազգային բաժանարար սադրանքներով լեցուն քանդիչ գործունէութեանց, որոնք կրնային ամբողջովին խզել հայութիւնը իր Հայրենիքէն եւ Մայր եկեղեցիէն: Անվիճելի իրականութիւնը այն է թէ ճգնաժամային այդ բազմատասնեակ տարիներուն, շնորհիւ Ռ.Ա.Կ.-ի հեղինակաւոր մամուլին եւ անոր անսայթաք եւ տոկուն գործունէութեան է միայն որ սփիւռքի մեծամասնութիւնը եւ յատկապէս անոր ամէնակարեւոր համայնքային կառոյցները, գլխաւորաբար Հ.Բ.Ը.Մ.-ը եւ Հայաստանեայց եկեղեցին, կրցան հաստատ կերպով բնորոշել իրենց կեցուածքը, սերտօրէն կապուած մնալու Մայր Հայրենիքին եւ Մայր Աթոռին հետ, բոլորովին անկախաբար այնտեղ տիրող համայնավար անփափաքելի քաղաքական ռէժիմէն:
Ահա այսպէս է որ 1991 թուին, երբ բոլորովին անսպասելի ՝ համաշխարհային տարողութեամբ նոր յեղաշրջման մը շնորհիւ Հայաստանը հռչակեց իր անկախութիւնը, սփիւռքը բարոյապէս եւ հոգեպէս պատրաստ էր անմիջպէս եւ խանդավառութեամբ նետուելու հայրենակառոյց նախաձեռնութեանց մէջ: Նոյնպէս նաեւ պատմական արձանագրուած իրականութիւն է թէ այդ օրերուն Ռ.Ա.Կ.-ը հետեւողական իր կեցուածքով, միակ եւ առաջին Հայ քաղաքական կազմակերպութիւնը եղաւ որ իր պաշտօնական ներկայացուցիչով՝ յանձին ծանօթ հրապարակագիր եւ ղեկավար Երուանդ Ազատեանին, մասնակցեցաւ Երեւանի մէջ գումարուած Ազգային Ժողովի յատուկ նիստին եւ յանուն սփիւռքատարած Ռ.Ա.Կ.-ին՝ հաստատ եւ բացատրական իր ելոյթով, ի նպաստ քուէարկեց Հայաստանի անկախութեան հռչակման քուէարկութեան: Այդ օրէն սկսեալ եւ մինչեւ 1995 թուականը Ռ.Ա.Կ.-ը խանդավառ գործունէութեամբ, առաջին նախաձեռնողը եղաւ «Ազգ» թերթին հրատարակութեամբ, բոլորովին թարմ եւ արեւմտեան լայնախոհ մօտեցումով մամուլ մը ստեղծելու նորաստեղծ Հանրապետութեան մէջ: Ան նաեւ իր ղեկավարներու Արմէնթոյ եւ Նոյաք նախաձեռնութիւններով, հանդիսացաւ Հայաստանի մէջ, թերևս տակաւին կանխահաս՝սակայն համարձակ նիւթական ներդրումներ քաջալերող առաջին կազմակերպութիւնը:
Ժամանակակից մեր պատմութեան մէկ կարեւոր հատուածին մասին վերլուծական ընդհանուր ակնարկ մը ներկայացնելու այս հանգրուանին կուզեմ կանգ առնել այստեղ եւ մատնանշել թէ այս դիտարկումները եւ խորհրդածութիւնները կը կատարեմ, խնդրոյ առարկայ հարիւր տարիներէն գոնէ յիսուն տարիներուն ընթացքին տարբեր ձեւերով եւ շատ յաճախ որպէս կազմակերպչական գերագոյն պատասխանատուութիւններ ստանձնած անմիջական մասնակից եւ ղեկավար: Գրեթէ վեց տասնամեակներ Ռ.Ա.Կ.-եան գործօն մէկ անդամը ըլլալով աւելի քան երեք տասնամեակներ պատեհութիւնը եւ առանձնաշնորհումը ունեցայ ծառայելու որպէս ամէնաերիտասարդ անդամներէն մէկը անոր գերագոյն մարմնին ՝ Կեդրոնական Վարչութեան, եւ այդ տարիներէն նուազագոյնը տասը տարիներու շրջանին ստանցնելու անոր ատենապետութեան ծանր պատասխանատուութիւնը: Այդ տարիները, յատկապէս 1985 էն 1995, զուգադիպեցան յաճախ մեր պատմութեան ամէնացնցիչ եւ նշանակալից ժամանակներուն հետ: Յատկապէս 1988-ի աղէտալի երկրաշարժը, Արցախեան անկախութեան շարժման ստեղծման եւ յաղթանակի շրջանը եւ վերջապէս 1991-ի Հայաստանի անկախութեան աննախատեսուած պատմական ցնցիչ հանգրուանները ամբողջ հայութեան համար եւ յատկապէս Ռ.Ա.Կ.-եան համար աննախադէպ մարտահրաւէրներու լրջագոյն ժամանակներն էին: Իսկապէս ալ որպէս Ռ.Ա.Կ.՝պայծառ յաջողութիւններով դիմագրաւեցինք այդ բոլորը: Մեծագոյն բաւարարութեան աղբիւր էր ինծի համար այդ օրերուն առիթը ունենալ գործակցելու որպէս յարաբերաբար երիտասարդ՝ մօտ անցեալի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ամէնափայլուն ն եւ նուիրեալ ղեկավարներու շարքին Բարունակ Թովմասեանին, Անդրանիկ Անդրէասեանին, Գերսամ Ահարոնեանին, Հայկաշէն Ուզունեանին, Յակոբ Դաւիթխանին, Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանին, ինչպէս նաև ինծի աւելի տարեկիցներէն՝ Երուանդ Ազատեանին, Յարութիւն Արզումանեանին, Լևոն Քէպապճեանին, Յակոբ Աւետիկեանին, Ռուբէն Թէրզեանին եւ տակաւին ուրիշ բազմաթիւ եւ աւելի երիտասարդ, նուիրեալ գործակիցներու մեծ հոյլի մը հետ որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակեն տանիլ ինձ հետ, ազգային գոյատեւման եւ մարտահրաւէրներ դիմակալելու անվերջանալի պայքարը:
Հետևաբար, Ռ.Ա.Կ.-ի հարիւրամեակին նուիրուած այս տողերը եւ վկայութիւնները կը գրեմ դիտուած ՝ իմ բուն գիտական ասպարէզէս անկախ, ազգային ծառայութեանս եւ ղեկավարութեան ճամբուն վրայ ինծի վիճակուած աննախանձելի սակայն խորագոյն ապրումներով եւ իրագործումներով դրոշմուած փորձառութեանց դաշտին վրայ, առաջին գծի յառաջապահ դիրքերէն:
Պեյրութ,1969. ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան օրուայ անդամներէն,
Գերսամ Ահարոնեան, Փրոֆ.Բարունակ Թովմասեան ,Դոկտ.Արշաւիր Կէօնճեան,
Նոյն դիրքերէն դիտուած սակայն, աշխարհատարած հայոց աշխարհի կացութիւնը այսօր ՝ սկսելով Հայաստանէն՝ եւ անցնելով Արցախէն մինչեւ սփիւռքի ամբողջ աշխարհով տարածուած հեռաւոր անկիւնները, քաջալերական չէ երբեք:
Այսօր աւելի քան երբեք, մեր մտահոգութեանց գլխաւորը Հայաստան՝ մեր հայրենիքն է: Հայաստանի քաղաքական եւ պետական ամբողջ կառոյցը, այսօրուան իր անբաղձալի և անփառունակ վիճակէն դուրս բերելու համար անհրաժեշտ լուծումներ գտնելն է:
Այսօր այլեւս ակնյայտ է թէ որպէսզի երկրին կեանքը դրուի իսկապէս առողջ հիմքերու վրայ, անհրաժեշտ է հիմնովին վերակառուցել երկրին տնտեսութեան, ֆինանսական, կրթական, մշակութային, եւ մանաւանդ՝ գերագոյն առաջնահերթութեան կարգով, անոր անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան համակարգերը:
Բնականաբար, այս տողերը ուշադրութեամբ ընթերցողին մտքին մէջ անմիջապէս այստեղ կը նախատեսեմ որ ծագի հարցումը թէ այս վերջին դիտարկումներս ինչով կ'առնչուին Ռ.Ա.Կ.-ի հարիւրամեակին նշման ձօնուած այս գրութեան հետ: Հետեւաբար մակերեսէն ներս թափանցելով եւ լուրջ հասկացողութեամբ ազգային կեանքը վերլուծող հայրենակիցներուս ուղղելով խօսքս, անոնց ուշադրութեան կը բերեմ այն կարծր իրականութիւնը թէ Հայաստանի պետականութեան անկայունութիւնը եւ այսօրուան անկարողութիւնը, ակնյայտօրէն հետեւանքն է հաստատուն լուրջ քաղաքական կառոյցներու՝ ուրիշ խօսքով կանոնաւոր եւ լուրջ հիմերու վրայ դրուած կուսակցութեանց երկրին մէջ բացակայութեան:
Անվիճելի փաստ է թէ արեւմտեան աշխարհի բոլոր առաջատար եւ յաջողած երկիրները որոնք այսօր հասած են մեզի համար նախանձելի դիրքերու, ունին տրամաբանական թիւով եւ դասական հասկացողութեամբ, ընկերային եւ քաղաքական փորձուած եւ հաստատ սկզբունքներով առաջնորդուող բազմակուսակցական կառոյցներ որոնք կառուցողական ձեւով կը մրցին իրարու հետ եւ սակայն ի վերջոյ կը գործակցին երբ հարցը կը վերաբերի երկրին գերագոյն շահերը ապահովելու խնդիրներուն:
Անկախ Հայաստանը սկսելով իր գոյութեան առաջին իսկ օրերէն, մանաւանդ մինչեւ այսօր, չկրցաւ ցուցաբերել այդ հասունութիւնը:
Մենք որպէս Ռ.Ա.Կ., անկախութեան առաջին իսկ օրերուն Հայաստանի մէջ ստեղծեցինք ռամկավարութեան (democracy) սկզբունքներով, առաջնորդուող կանոնաւոր կուսակցական կառոյց մը իր յստակ կանոնագրով եւ ամբողջ երկրի տարածքին գործող կանոնաւոր կառոյցներով: Նոյն ժամանակ ստեղծեցինք դեմոքրատական բարձր չափանիշներով գործող մեր մամուլը՝ Ազգ թերթը որ կը վայելէր երկրին քաղաքական եւ մտաւորական շրջանակներուն մէջ բարձրագոյն վարկը: Այդ տարիներուն ունեցանք աւելի քան քսան երեսփոխաններ եւ Ռ.Ա.Կ.ը արագօրէն մտաւորական շրջանակներուն համար դարձաւ յոյսի եւ լոյսի աղբիւր մը:
Աւելի վերջ աւանդական միւս կուսակցութիւնները եւս, Հ.Յ.Դ.-ն եւ Հնչակեանները ստեղծեցին իրենց հայաստանեան կառոյցները: Սակայն անվիճելի իրականութիւնը այն է թէ իրարայաջորդ Հայաստանի իշխանութիւնները կասկածով մօտեցան այս բոլորին եւ տարբեր ձեւերով խափանեցին այս կառոյցներու տարածումը մայր հայրինիքին մէջ:
Յատկապէս Ռ.Ա.Կ.-ին նկատմամբ, մակերեսային բարի տրամադրութիւններ արտայայտելով հանդերձ իշխանութիւնները բացայայտօրէն ձեռնարկեցին յաջողութեան հասած Ռ.Ա.Կ.-ը խոչընդոտելու եւ ներքնապէս կազմալուծելու անհեռատես աշխատանքին: Դժբախտաբար այդ քանդիչ աշխատանքը Հայաստանէն ետք տարածուեցաւ սփիւռք ուր մինչեւ այդ շրջանը, Ռ.Ա.Կ.-ը գործած էր օրինակելի ներդաշնակութեամբ եւ միասնականութեամբ: Այնուհետեւ մինչեւ այսօր Ռ.Ա.Կ.-ը ենթարկուեցաւ բոլորովին անմիտ ոյժերէ մղուած խլրտումներու եւ բաժանումներու որոնք կը շարունակուին մինչեւ այսօր:
Բոլորովին տարբեր ձեւերով Հ.Յ.Դ.-ն եւս այս օրերուն կը թուի նման դժուարութեանց առջեւ գտնուիլ: Ան որպէս ներքին աւելի կոպիտ կարգապահութեամբ գործող կազմակերպութիւն, եւ հակառակ իր սովորական քաղաքական արկածախնդրական ճըկունութեան, ինք եւս ի վերջոյ ենթարկուած է միջավայրին ջլատիչ հետեւանքներուն:
Բացայայտ իրականութիւն է թէ աւանդական կուսակցութիւններէն դուրս, Հայաստանի մէջ գործող բոլոր միւս «Կուսակցութիւն» մակդիրը իրենց անունին կպցուցած խմբաւորումներէն, առանց բացառութեան, եւ ոչ մէկը կ'արդարացնէ այդ որակումը:
Սկսելով Լեւոն Տէր Պետրոսեանի արդէն իսկ կորսուած անցեալի հզօր Հ.Հ.Շ.-էն մինչեւ Սերժ Սարգսեանի նոյնպէս նօսրացած Հանրապետականը կամ այսօրուան «Պատիւ Ունիմ»-ը, Քոչարեանի ժամանակուան անանուն եւ այսօրուան «Հայաստան» կառոյցը, Փաշինեանի նորաստեղծ «Քաղաքական Պայմանագիր»-ը եւ քսանհինգ այլ եւ այլ պատկերաւոր եւ պատկերազարդ անուններ կրող «Կուսակցութիւններ»ը, պարզապէս մէկ կեդրոնական անձի շուրջ հաւաքուած փոքր կամ աւելի լայն թիւով համախոհներու խմբաւորումներ են լոկ եւ բոլորն ալ ենթակայ են կարճ գոյութենէ մը ետք անդարձ անհետանալու:
Այդպիսի անկայուն խմբաւորումներու վրայ կանգնող Ազգային Ժողով մը եւ պետականութիւն մը բնական է որ Հայաստանը առաջնորդէ այսօրուայ իր անփառունակ վիճակին:
Հիմնական պատճառը իսկական ընկերային եւ քաղաքական յայտնի սկզբունքներու վրայ հիմնուած եւ կանոնագրային կանոնաւոր ծրագիրով օժտուած, Հայաստանի մէջ քաղաքական իսկական կուսակցական ենթակառոյցի բացակայութիւնն է անկասկած: Նոյն այս պատճառաւ է որ վերջին արտահերթ ընտրութիւնները երկիրը նախատեսելիօրէն առաջնորդեցին աւելի եւս անշնորհք եւ քաոսային քաղաքական անկարող այսօրուան վիճակին: Այս ձեւով հայրենիքը կ'ընթանայ դէպի բոլորովին անորոշ ապագայ մը:
Ահա գոյութենական ծայրայեղ տագնապի այս պայմաններուն տակ է որ, նոյնիսկ եթէ առաջին հերթին անսպասելի չափազանցութիւն նկատուի կատարելիք առաջարկս, խոր համոզումով կը յայտարարեմ թէ Հայաստանի փրկութեան իսկական եւ տեւական ճամբան կը կայանայ արագօրէն քաղաքական լրջութեամբ կազմակերպուիլ մի քանի տարբեր հակումներով եւ ուղղութիւններով իսկական կուսակցական կառոյցներու շուրջ: Տարբեր բնագաւառներուն մէջ, մտաւորական թէ գործարար երկրին առաջնորդները հանդիսացող դէմքերը, պարտին համարձակօրէն եւ համաձայն իրենց հակումներուն եւ նախընտրութիւններուն կազմակերպուիլ, միջազգայնականօրէն ընդունուած եւ հայրենիքի գերագոյն շահերուն յարմարցուած, յստակ գաղափարախօսութեանց ուղղութիւններէն մէկը որդեգրող եւ դասական կառոյցով մը օժտուած երեք թէ չորս կուսակցութիւններէն մէկուն երթիկին տակ:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը հարիւրամեայ իր ազգային պատկառելի գործունէութեամբ թրծուած պատրաստ պիտի ըլլայ յարմարելով նորագոյն մարտահրաւէրներուն զօրավիգ կանգնելու եւ կորիզը դառնալու այս նոր կուսակցական կառոյցներուն մէկուն: Հայաստանի թէ սփիւռքի տարածքին հոյլ մը իր մտաւորական թէ գործարար անդամներով, եւ մանաւանդ բազմատասնեակ տարիներու արմատներով եւ մեր այսօրուայ յաջողագոյն մամուլով, պատրաստ ենք օժանդակելու եւ մասնակցելու հեռանկարային յոյս ներշնչող այդպիսի նախաձեռնութեան մը եւ տալու անոր մեր ամբողջական զօրավիգը:
Կառուցողական նոյն մտածումներով, այս տողերով կոչ կուղղեմ, հայրենիքէն ներս եւ դուրս գտնուող՝ աջակողմեան կամ ձախակողմեան տարբեր հակումներ ունեցող մեր հայրենակիցներուն որպէսզի իրենք եւս կազմակերպուին իրենց համար յարմարագոյն սակայն հաստատուն կառոյցներու հովանիին տակ:
Եզրակացութիւնը այն է որ այլեւս կարելի չէ հայրենիքը թողուլ այսօրուան քաղաքականօրէն ուղեկորոյս վիճակին մէջ: Կը հաւատամ թէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ճակատաբաց ՝ հիմնուելով մեր ժողովուրդին ազգային եւ հոգեւոր գերագոյն շահերուն նպաստող հարիւրամեայ իր հարուստ աւանդութեան եւ վաստակին վրայ, այսօր բացարձակ իրաւունքը և պարտականութիւնը ունի ազգային գոյութենական այս մարտահրաւէրը ուղղելու բոլոր հայութեան:
ՅԱՏՈՒԿ «ՊԱՅՔԱՐ»ԻՆ
Դոկտ Արշաւիր Կէօնճեան
Մոնթրէալ, Հոկտեմբերի 1