ՄՈՒՏՔ
Սիրելի ընթերցող, նախորդ վերջին յօդուածս՝ «? x 44 օր պիտի առաջնորդէ մեզ լոյսին», լոյս տեսած է Պէյրութի Զարթօնք օրաթերթի 25 Փետրուար 2021ի թիւին մէջ: Այդ թուականէն իվեր կը տագնապիմ Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան յառաջիկայ արտահերթ ընտրութիւններուն մասին յօդուած մը գրելու նախապատրաստութիւնով:
Այս յօդուածս կը յղեմ Երեւան՝ Առաւօտին եւ Պէյրութի Զարթօնքին, նկատի ունենալով թէ՛ հայաստանաբնակ եւ թէ՛ արտասահմանաբնակ հայը:
Կրնայ ըսուիլ թէ հարցերը շատ են եւ ճիշտ չէ միայն ընտրութիւնները լուսարձակի տակ առնել: Ճիշտ է առարկութիւնը, սակայն առուակին ջուրին աղտոտութեան համար նախ կը մաքրազտենք անոր աղբիւրը...:
Որեւէ թիւրիմացութեան առաջքը առնելու համար ըսեմ թէ յօդուածս.- երբեք նպատակ չի հետապնդեր ա) քննադատել կամ ջատագովել Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան նախորդ թէ ներկայի քաղաքական իշխանութեանց դերակատարները, բ) յօգուտ կամ դէմ դիրքաւորուիլ (կամ սատարել) ընտրապայքարին մասնակցող այս կամ այն թեկնածուին, կողմին: Միւս կողմէ, սակայն յօդուածս կը միտի գ) բարձրաձայնել միքանի մտահոգութիւններ, որոնք կու գան արտասահմանաբնակ հայէ մը, դ) արտասահմանահայու հայաստանեան իր մտահոգութիւնները յանձնել նաեւ հայաստանաբնակ հայու ուշադրութեան:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՊՐԻՍՄԱԿԷՆ
Ընդհանրապէս, երեսփոխանական պարբերական ընտրութիւնները կը հանդիսանան պետականութիւնը եւ անոր վարչակառավարման վիճակին թարմութիւն բերող, զայն նոր հանգրուանի մը անցընող ժողովրդավարական գլխաւոր միջոցը: Արդ, արցախեան պատերազմի պարտութենէն ետք էական անհրաժեշտութիւն էր նոր ընտրութիւններու կայացումը որով յառաջանար պետականութիւնը առաջնորդող իշխանութիւն մը, որ ունի յետապրիլեան իրավիճակի օրինականութիւն: Այս ելակէտէն մեկնելով՝ քաղաքական առողջութեան լուրջ նշան է նման ընտրութիւններու կայացումը: Յիշեցնելու կարիքը չկայ, որ Գ. Հանրապետութեան տարիներու քաղաքական բեմահարթակի ամէնազգայուն կէտը գրեթէ միշտ եղած է Արցախի հարցը, որ տապալեց իշխանաւորներ:
Այս ընտրութիւնները տեսականօրէն կրնան ծառայել յետապրիլեան օրինականութեան ձեռքբերման, ինչպէս նաեւ յետապրիլեան օրինական նոր հանգրուանի ձեւաւորման-յառաջացման եւ բիւրեղացման: Ընտրութեամբ յառաջացած խորհրդարանական նոր ուժերը պարտին ձեւաւորել երկիրը վարելու նոր օրակարգ ու առաջնահերթութիւններ: Այս ընտրութիւնները պարտին հայաստանեան քաղաքական իրավիճակը դուրս բերել ապրիլեան պատերազմէն իվեր տեղքայլի ու ճախճախուտի մէջ խարխափումէն:
Եւ քանի որ ապրիլեան պատերազմը պարտադրեց խորապէս վերանայիլ ՀՀ վերջին երեսնամեակի երթը, քննարկել իրագործուածն ու ձախողուածը եւ անոր արդիւնքը, ուստի անհրաժեշտ է, որ այս ընտրութիւններուն յառաջանան ոչ միայն ապրիլեան պատերազմէն բխող գաղափարներ ու լոզունգներ, այլեւ Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան երեսնամեայ երթի արդիւնքէն բխող ընկերատնտեսական եւ քաղաքական նորատեսակ հայեցակարգ եւ ընտրապայքարի հռետորաբանութիւն:
ԱՐՏԱՍԱՀՆՄԱՆԱԲՆԱԿ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանաբնակ հայուն կը փափաքիմ միքանի մտածում բաժնեկցիլ:
Արատասահմանաբնակ հայուն համար Ներկայ Հայաստանը կը մնայ.-
ա) Իր ազգային տեսադաշտին առկայ ամէնասրտագին աւանդը:
բ) Իր հայկականութեան եւ հայատեւութեան մեծագոյն աղբիւրը, ներշնչումը, սոֆթ փաուըրի սննդատուն:
գ) Իր կորովին, ձգտումներուն, մարդկային առաքելութեան, երազներուն գլխաւոր օրրանը, խորագոյն արմատաւորումը, նեկտարը:
դ) Եւ դեռ ուրիշ բաներ:
Չեմ կրնար այստեղ չյիշել Չարենցը, որ յուսաբեկ ու խռովեալ կը խոստովանի իր սիրտը սրութեամբ խոցող «արիւնաքամ վէրքեր»ու գոյութիւնը, բայց առաւել հաստատակամութեամբ, իր որբութեան մէջ իսկ ան կը պնդէ՝ «Իմ Հայաստան եարն եմ սիրում»:
Այս տողերը կը լուսաբանեն արտասահմանաբնակ հայուն հայկական տագնապանքին ներկայ կարեւոր երեսակը: Ասիկա կ'ընդգծեմ նաեւ որպէսզի հայաստանաբնակ հայը գիտակցի, որ իր արարքները թէ՛ մօտիկ եւ թէ՛ հեռաւոր արձագանգներ ու հետեւանքներ, քաղցր ու տխուր խռովքներ կը յառաջացնեն համահայկական տարածքին վրայ: Ուստի եւ ան աւելի իմաստուն պարտի մտածել եւ գործել:
Եւ բնականաբար, նոյն ակնկալութիւնն ունիմ արտասահմանաբնակ հայէն: Դժբախտաբար, սակայն, արտասահմանաբնակ հայութեան սխալագործութիւնները կարծէք ընդունելի են, քանի որ հայու ընկալումին մէջ արտասահմանը սխալագործութիւններու վայր է, իսկ արտասահմանաբնակին համար Հայաստանը սխալագործութիւններու վայր չէ: Ահա թէ ինչու, աւելի սրտամօտ ու ցաւագին կը նայինք հայաստանեան իրավիճակին: Ահա թէ ինչու առաւել կը տառապեցնէ ու տագնապեցնէ հայաստանեան անյաջողութիւնը քան թէ արատասահմանեան ձախողանքը: Եւ նոյն տրամաբանութեամբ ալ առաւել կը գօտեպնդէ հայաստանեան դրական իրագործումը քան թէ արատասահմանեանը:
Այս բոլորը՝ ըսելու համար թէ հայաստանեան այս ընտրութիւնները աննախընթաց են եւ հետեւաբար կարելիութիւնն ունին նոր ցատկի վրայ դնելու Հայաստանն ու մեզ բոլորս՝ եթէ ընենք անհրաժեշտ ճիգը:
Բայց ատոր համար մենք պէտք է բարձրանանք հայրենիք-պետութենատէր մարդ-քաղաքացիի անհրաժեշտ հարթակին: Այս հարթակին չբարձրացաւ նախորդ երեսուն տարիներուն ո՛չ հայաստանաբնակ, ո՛չ ալ արտասահմանաբնակ հայը:
Ահա թէ ինչու, քառակի հասցէատէրով կոչ մը ունիմ կ'ուղղեմ.-
ա) Կոչ հայաստանաբնակ հայուն
Ընտրութիւններուն նախօրեակին, այս ընտրազանգուածը յառաջիկայ իշխանութեան ձեւաւորման գլխաւոր աղբիւրն է: Ի՛նք էր որ բացարձակ մեծամասնութեան հիմքերով ընտրեց նախորդ բոլոր իշխանութիւնները, ի՛նք էր որ ականատես եղաւ նաեւ մեծածաւալ իշխանաւոր կուսակցութիւններու անհաւատալիօրէն արագ նսեմացման: Ի՞նչպէս բացատրել այս ընտրազանգուածին այսպիսի խոշոր համեմատութիւններով դիրքափոխումները: Վստահաբար շատ պատճառներ կան, բայց իմ խնդրանքս է, որ այս ընտրազանգուածը ինքզինք նկատէ հայրենիք-պետութեան տէր քաղաքացին եւ ըստ այդմ գործէ ո՛չ միայն իրաւունքներու, այլեւ պարտականութիւններու առումով եւ, առաջին հերթին մտածել ու գործել ջանայ քաղաքական հայեցակարգով:
բ) Կոչ հայաստանաբնակ քաղաքագէտներուն
Հասկնալի է որ ներկայ ընտրապայքարէն նոր հանգրուան բխեցնող ընտրական հռետորաբանութիւնը պարտաւոր է աննախընթաց ըլլալ, նախորդներէն տարբեր, քաղաքական բնոյթի եւ հասուն, ու դուրս գայ բամբասանքի եւ կողմնամէտութեան անորակութենէն: Հասկնալի է նաեւ որ ասիկա կրնայ կատարել միայն քաղաքական տեսաբանը, որ ոչ թէ ջանայ ջատագովել այս կամ այն թեկնածուն, այլ քննական ու անաչառ մօտեցումով լուսաբանել-վերլուծել թեկնածուներուն առաջնահերթութիւնները, դրական եւ բացասական յանձնառութիւնները: Դեռ աւելին, քաղաքական տեսաբանը քաղաքական գործունէութիւնն ու ընթացքը ժողովրդավարական արժէհամակարգով արժեւորելու գործիքակազմ մը հայթայթէ ունկնդիր ընտրազանգուածին: Նոյն այս քաղաքագէտներու խաւը լաւագոյն ծառայութիւն մատուցած կ'ըլլայ թեկնածուներուն եթէ աջակցի անոնց ընտրական օրակարգի ձեւաւորման եւ քաղաքականացման:
Յիշեցնելու կարիքը չկայ, որ քաղաքագէտներու այս խաւը քաղաքագիտութեան ուսուցիչներն են հայկական ընտրազանգուածին: Իրե՛նք պարտին սորվեցնել ժողովրդավարութիւն ու հանդուրժողականութիւն: Իրե՛նք են նաեւ որ պէտք է “կարմիր քարտ բարձրացնեն” ազգային շահերուն չհամապատասխանող որեւէ հռետորաբանութեան եւ քայլի դէմ եւ ընդհակառակը՝ օրինակ ըլլան բանականութեան, ողջմիտ վերլուծութեան, զգացականութեան հակակշռումին: Մէկ խօսքով՝ քաղաքական արժէհամակարգի ազգային տասնաբանեան ուսուցանեն եւ տարածեն:
գ) Կոչ յետընտրական խորհրդարանական իշխանութիւններուն եւ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան
Խիստ փափաքելի է, այլեւ՝ պարտաւորեցնող, որ բոլոր կողմերը յետընտրական շրջանին ընտրական կիրքէն անցնին ոչ թէ վրիժառութեան, հին հաշիւներ մաքրելու, այլ շինիչ գործակցութեամբ երկիրը բարելաւելու օրակարգերուն:
Իմ երազս է որ նոր կառավարութիւնը ըլլայ համախոհական, կարեւոր չէ զայն կոչել «ազգային փրկութեան, կամ միասնական»: Կարեւոր է սակայն, որ այս կառավարութիւնը համախմբէ Սասունցի Դաւիթներ, որոնք ունենան իմաստնագոյն խորհրդատուներ, «ծրագրող-մշակող-գործադրող» ուժեր:
Այլեւս անձնասպանական մտածում է կարծելը թէ աշխարհի վրայ կայ ամէնագէտ, կամ ամէնակարող կամ ամէնախոհեմ, կամ ամէնաիմաստուն կամ ամէնաառաքինի, կամ ամէնահայ հայ: Այսպիսի մարդիկ այլեւս չկան: Թերեւս երբեք ալ չեն եղած: Ուստի անհրաժեշտ է կառավարութեան, վարչապետութեան, նախարարութիւններուն որոշումնառու 'խոհանոցները' օժտել համապատասխան մասնագէտներով, փորձագէտներով, նաե՛ւ արտասահմանաբնակ հայերով:
Պէտք է անվերադարձ հրաժարիլ 'միանձնեայ' սկզբունքի գործելակերպէն: Ճիշտ է որ կ'ըսենք թէ՝ «եթէ Չարենցը մի՛այն «Ես իմ անուշ Հայաստանին» գրէր, բաւարար էր որ մեծ բանաստեղծ նկատուէր», բայց երբեք չենք ըսեր որ «մի՛այն Չարենցը առանձինն բաւարար է հայ բանաստեղծութեան համար»...:
Հետեւաբար, դժբա՛խտ պիտի զգամ երբ ականատես ըլլամ որեւէ նախարարութեան որ չի դրսեւորեր ծրագրող-մշակող-որոշում կայացնող կառոյցը, ուր ընդգրկուած չէ՛ նաեւ արտասահմանաբնակ հայ մասնագէտ: Անկեղծ՝ նման որեւէ նախարարութեան հանդէպ յարգանքս եւ համարումս պիտի նուազին:
Ինչ կը վերաբերի խորհրդարանական կամ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան, ապա սքանչելի պիտի ըլլար որ անոնք յառաջացնէին shadow government մը, այսինքն գործող կառավարութեան եւ նախարարութիւններուն գործունէութեան հետեւող ոչ-իրաւական վարչախումբ մը, ուր իւրաքանչիւր անհատ ստանձնէր հետեւիլ եւ քննարկել համապատասխան գործող մէկ նախարարի կենսագործունէութիւնը՝ ազգային-քաղաքական-ընկերատնտեսական-բարոյական թէ այլ արժէհամակարգերով: Այլ խօսքով, ընդդիմութիւնը յառաջացնէր կամ ըլլար watchdog, հեռահար նպատակ ունենալով իշխանութեան հասնիլը: Watchdogին գործառնութեան ուղղակի արդիւնքը պիտի ըլլար անմիջական քննական մօտեցումով եւ վերլուծումով արժեւորել գործող կառավարութեան կողմէ առնուած որոշումի մը հետեւանքները: Պիտի յառաջացնէր թափանցիկութիւն իր բոլոր դրականութեամբ, պիտի ստիպէր որ որոշումնառու անհատը լա՛ւ ու բազմակողմանիօրէն սերտուած որոշում կայացնէր ու մի՛շտ նկատի ունենար որ հանրային համարատուութիւն ունի: Ասիկա մեծապէս պիտի բարձրացնէր հայաստանեան քաղաքական միտքն ու քաղաքական մշակոյթը եւ նոր որակի վրայ պիտի դնէր հայաստանեան այնքան փնտռուած ու ցարդ խեղճացուած ժողովրդավարութիւնը:
դ) Կոչ արատասահմանաբնակ հայուն
Արտասահմանաբնակ հայը պարտի խորապէս գիտակցիլ որ հայաստանաբնակէն կը տարբերի մանաւանդ անով որ Հայաստանը իր առօրեան չէ: Ուստի եւ պարտաւոր է իր ակնկալութիւնները իր տրամադրութեամբ եւ տրամաբանութեամբ չձեւել միայն: Արտասահմանաբնակ հայը գիտակցի նաեւ որ ինք հսկայ դեր ունի կատարելիք Հայաստանին համար, իբրեւ արատասահմանցի անպաշտօն դեսպան ու ներկայացուցիչ:
Կ'երեւակայեմ պահ մը, երբ.-
ա) յունիսեան այս ընտրութիւնները կայանան առանց ֆիզիքական վնասներու՝ շնորհիւ հայրենի քաղաքագէտներու կշռադատուած եւ լա՛ւ խմբավարուած կարգադրութիւններու, շնորհիւ թեկնածուներու արժանավայել պահուածքի, պատշաճ հռետորաբանութեան ու ընտրալոզունգներու, եւ շնորհիւ ընտրազանգուածին գրագէտ վարուեցողութեան:
բ) ընտրութիւններէն ետք հայութիւնը ականտես ըլլայ Հայաստանը քաղաքական նոր հանգրուանի բարձրացնող համախոհական կամ լայնընդգրկուն կառավարութեան մը, որ կազմուած ըլլայ իմաստնագոյն խորհրդականներով օժտուած նախարարական կազմերէ:
գ) նորակազմ կառավարութեան ընդգրկուած ըլլան արտասահմանաբնակ հայեր եւս, այս կառավարութիւնը չգործէ միանձնեայ, ո՛չ ալ՝ վրէժխնդրական մտադրոյթով, այլ բանի յանուն համահայաստանեան շահին:
Այդ պարագային, մենք մեր կարելի առաւելագոյնը ըրած կ'ըլլանք ներքին անխոցելիութեան, ներքին միասնականութեան եւ հանդուրժողութեան, զիրար ընդունելով զիրար ամբողջացնելու...: Նման վիճակէ ետք արտաքին միջամտութիւնները կ'ունենան իրենց սահմանվճռորոշ ազդեցութիւնները:
Դեռ աւելին, վերոյիշեալ երեք կէտերն ու անոնց լծորդ քայլերուն, գարնանաբեր ծաղկաւէտ գործունէութեան պիտի գա՛յ միանալու արտասահմանաբնակ հայը, որ պիտի բերէ գարնանաբեր ի՛ր ծաղիկը եւ միասին պիտի յառաջանայ հայաստանեան բազմագոյն եւ հրաշագործ գարունը:
Անդրանիկ Տագէսեանը պատասխանատու խմբագիրն է Պէյրութ լոյս տեսնող Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսին, Հայկազեան Համալսարանի մէջ կը դասաւանդէ «Հայերը Լիբանանի մէջ» դասանիւթը եւ դոկտոր է քաղաքական գիտութիւններու: