SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Martes 24 de Diciembre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Opinion - Ափսոս է Լիբանանը
Առ Որ Անկ Է
09 de Abril de 2021

vandalismo en BeirutՆկարին մէջի սարքը՝ մեքենացած դրամատունի յատուկ ATM ( automated teller machine) գերարդիական մեքենայ մըն է, որ «քաղաքակրթութեան» ճամբան բռնած մարդկութիւնը հնարած է քարայրէն իր դուրս գալէն հազարաւոր տարիներ ետք, «քաղաքակրթուած» մարդ արարածին դրամատնային աշխատանքները մեքենացած եւ արդիական կերպով կատարելու համար:

Նկարին մէջի սարքը իր նմաններուն մէջ գերարդիականն է, որ զետեղուած է Պէյրութի բարեկեցիկ մէկ շրջանին մէջ գործող դրամատան մը շեմին:

Սոյն սարքը, իր նմաններուն նման, մեզի առիթը կու տայ ունենալու ստացագիր մը մեր կատարած գործարքին մասին կամ դրամատան մէջ ունեցած մեր գումարին հաշուեկշիռը նշող հաստատագիր մը կը տրամադրէ մեզի: Կարեւոր է նշել, որ սարքը ծրագրաւորողը, բնութիւնը՝ նաեւ դրամատան համար անտեղի ծախս, խնայելու միտումով  ընտրութիւնը մեզի ձգած է տպուած հաստատագիր ունենա՞լ, թէ ստուգումը կատարել ուղղակի սարքին էքրանին վրայ:

Ըսածս ի՞նչ է. ո՜վ «քաղաքակիրթ» մարդկութիւն, ինչո՞ւ համար ձեր գործարքին աւարտին, ձեր անձնական կամ գործատեղիին արխիւին պիտանի տպուած հաստատագիր պիտի պահանջէք ունենալ, երբ տեղւոյն վրայ պիտի թափէք զայն, այն ալ՝ այս կերպով...:

Իսկ, որպէսզի ողբերգութիւնը ամբողջանայ, բացի գետինը շպրտուած դիմածածկին առկայութենէն, Էքրանին վրայ արաբերէն լեզուով պիտի կարդաք. «Մեր յոյսը մեծ է լիբանանեան դրամանիշին վրայ»...:

Ես չեմ գիտեր ընթերցողը նման յոյս մը ունի թէ ոչ, սակայն իմ կարգիս կրնամ ըսել, որ ես բնաւ յոյս չունիմ այս տրամաբանութեամբ ու վիճակով գործարք կատարող լիբանանցիներու մարդ տեսակին վրայ:

Ափսոս է Լիբանանը:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Más leídas