SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Jueves 26 de Diciembre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Opinion - ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Դաւաճանը Պոչով-Կոտոշով Չըլլար
25 de Enero de 2021

Մինչ Հայ ժողովուրդը Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ կը փորձէ իր վէրքերն ու ցաւը ամոքել ու կ՛ապրի արժանապատուութեան ճգնաժամ ի տես Արցախեան Պատերազմի ցաւալի արդիւնքին ու այն ամօթալի անձնատուութեան դաշինքին, որ ստորագրուեցաւ ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ, ՀՀ այսօրուայ՝ այսպէս կոչուած ղեկավարութիւնը, կը շարունակէ ժողովուրդը ապուշի տեղ դնել իր փոփուլիստական արժանիքներով: 

Արդարեւ Նիկոլ Փաշինեանն ու իր կամակատարները, նաեւ՝  տակաւին շեփորահարողները ինքնարդարարցման,  պատասխանատուութենէ զերծ մնալու կամ իրենց երերացող աթոռներն ու վտանգուած պաշտօնները  պահելու համար,  ամէն չնաշխարհիկ միջոցի եւ ճարտասանութեան կը դիմեն:  Եւ մինչ ՀՀ վարչապետը քատրային փոփոխութիւններ կ՛ընէ վերոյիշեալ «հոյլին» վրայ կու գայ աւելնալու պատեհապաշտներու խումբ մըն ալ, որոնք առանց ամչնալու թութակի պէս կը կրկնեն վարչապետին, արդէն իսկ դդումի համ տուող նաեւ չափազանց վտանգաւոր խօսքերը...  յաճախ ալ իրենց կողմէն աւելցնելով աւելին: 

Առանց խորունկ մեկնաբանութեան, այստեղ պիտի թուեմ Նոյեմբեր 10-էն ի վեր անձնատուութեան վերաբերող կամ զայն «արդարացնելու» միտող անտրամաբանական եւ անհեթեթ յայտարարութիւնները:

Սոյն յայտարարութիւնները սալոններու մէջ արտայայտուած խօսքեր չեն, այլ՝ պաշտօնական հաղորդումներ նաեւ բեմի վրայ բարձրաձայն հնչեցուած նախադասութիւններ կամ շրջանառութեան դրուած պաշտօնական տեսակէտներ.

  • «Շուշին դժբախտ եւ դժգոյն քաղաք էր»:
  • «Հայաստանում բոլորն էլ գիտէին, որ Արցախի Հանրապետութեան տարածքի մեծ մասը Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքն է, եւ այն վաղ թէ ուշ պէտք է վերադարձուէր օրինական տէրերին»:
  • «Հայաստանը որեւէ հնարաւորութիւն չի ունեցել խուսափելու պատերազմից»։
  • «Գորիս – Կապան մայրուղու մի մասը յանձնուել է Ազրպէյճանի վերահսկողութեանը Սիւնիքի մարզի անվտանգութիւնն ապահովելու նպատակով»։
  • «Շուշին մինչեւ 1992-ը չի կարելի համարել հայկական քաղաք, որովհետեւ բնակչութեան 90 տոկոսը եղել են ազրպէյճանցիներ»:
  • «2020 թ. նոյեմբերի 9-ից յետոյ Ազրպէյճանից աւելի շատ հայ գերիներ են վերադարձել, քանի 2018 թ. մայիսից առաջ ընկած ժամանակահատուածում»։

Ընթերցողին դատողութեան ձգելով վերոյիշեալ երեւոյթը՝ անփորձութիւն, անճարակութիւն, ժողովուրդին քիթին խնթալ, թէ ինքնախաբէութիւն որակել, ինծի կը մնայ, կատարուածին արդիւնքէն դատելով, բարձրաձայն հարցադրել, թէ դաւաճան մը ի վերջոյ պոչո՞վ կ՛ըլլայ, թէ կոտոշով...:

Más leídas