ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստան իր աշխատանքային այցին ծիրէն ներս ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Սեւակ Յակոբեան հանդիպում մը ունեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ղեկավարութեան հետ:
ՌԱԿ-ի Երեւանի կեդրոնատեղիին մէջ ընկ. Յակոբեանը ընդունեցին ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Հրաչեայ Կարապետեանը, փոխատենապետ՝ կազմակերպչական եւ կառոյցներու պատասախանատու ընկ. Յովիկ Օհանեանը եւ փոխատենապետ՝ Սփիւռքի կառոյցներու եւ արտագին յարաբերութիւններու պատասխանատու՝ ընկ. Կարէն Կակոյեանը:
Ընդհանուր ծանօթացումի հանդիպման ընթացքին, որ քորոնա ժահրի պարտադրած իրավիճակով ուշացումով կայացաւ, ընկ. Յակոբեան ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան իր գործընկերներուն անունով շնորհաւորեց ՌԱԿ-ի հայաստանակեդրոն Կեդրոնական նորընտիր վարչութիւնը:
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատասխանատուները մօտէն հետաքրքրուեցան Լիբանանի ժողովուրդին եւ յատկապէս լիբանանահայութեան եւ ՌԱԿի տեղւոյն շրջանակի իրավիճակով մանաւանդ Պէյրութի պայթումէն ետք:
Հիւրընկալ վարչութեան ներկայացուցիչները ընկ. Յակոբեանին յայտնեցին իրենց պատրաստակամութիւնը գործակցելու Սփիւռքի մէջ գործող ՌԱԿ-ի բոլոր կառոցներուն հետ՝ լաւագոյն կապերը ստեղծելով աշխարհասփիւռ շարքային ընկերներուն հետ:
Հանդիպումը առիթ մըն էր, որուն ընթացքին կողմերը քննարկեցին կառուցային փոխյարաբերութեանց չափորոշիչներ եւ համատեղ գործակցութեան կարելիութիւններ ու հեռանկարներ: