SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Sábado 21 de Diciembre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Հ.Բ.Ը.ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՂԷՏԷՆ ՎՆԱՍՈՒԱԾ ՀԱՅԵՐՈՒ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Գրեց՝ ՓԱՆՈՍ ԹԻԹԻԶԵԱՆ

04 de Septiembre de 2020

 

Վերջին շաբաթներու ընթացքին միջազգային լրատուական խողովակներու միջոցաւ ի յայտ եկաւ տարողութիւնը Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ եղած ահաւոր պայթումին: Կան մարդկային կեանքի նկատառելի թիւով կորուստներ բայց մանաւանդ ահաւոր քանդումներ բնակարաններու, գործատեղերու, հիւանդանոցներու, կրթական հաստատութիւններու եւ եկեղեցիներու: Լայն տարածաշրջանի մը վրայ, որ կ'երկարի Էշրէֆիէէն մինչեւ Մար Մխայէլ, հաճըն, Պուրճ Համուտ, ժտէյտի, Զալքա եւ անդին: Եւ այդ շրջաններու մէջ կ'ապրին հոծ թիւով աղիտահար հայ ազգակիցներ: Շտապ օգնութեան կարօտ տասնեակ հազարներ:

Հ.Բ.Ը.Միութեան վերին ղեկավարութիւնը, իրազեկ դժբախտ կացութեան եւ անոր տարողութեան, դիմեց կտրուկ միջոցառումներու որպէսզի փութացնէ շտապ օգնութիւն:  Մէկ դար եւ աւելի ժամանակ աղէտներու հասնելու փորձը ունենալով: Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդրոնական Վարչական Ժողովը, միաժամանակ եւ իրարու զուգահեռ, դիմեց երկու գործնական միջոցառումներու: Առաջինը, կոչ ընել ամբողջ հայութեան որպէսզի փութացնեն իրենց նիւթական օժանդակութիւնը Բարեգործականին, որպէսզի ան հասնի աղէտեալներուն: Երկրորդ, Լիբանանի մէջ, տեղւոյն վրայ գործի լծել Հ.Ե.Ը.ական նոր սերունդի տղաք, Սկաուտներ, կամաւորներ, որոնք Միութեան տեղական առաջնորդութեան ցուցմունքներուն համաձայն շարժին: Նախ, մասնագիտօրէն գնահատեն շրջաններու կորուստներուն ծաւալը, տեսակը եւ նախապատուութեան կարգը շտապ օգնութիւն հասցնելու: Հ.Բ.Ը.Միութեան Լիբանանի Շրջանակայինի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեանի անձնազոհեւ գործնամիտ առաջնորդութեամբ, աշխատանքային յանձնախումբերու միջոցաւ մեր հերոսական երիտասարդութեան կողմէ անձնուիրաբար օժանդակութեան աշխատանքներ յառաջ կը տարուին, նկատի առնելով պարագայ առ պարագայ:

Պատիւ իրենց:

Գալով Միութեան գերագոյն ղեկավարութեան միջոցառումներուն, Միութեան Նախագահ Իրաւաբան Պերճ Սեդրակեան, ինքն ալ Լիբանանցի եւ Սկաուտական շարժումի ղեկավար, անմիջապէս կոչ ըրաւ մեր ժողովուրդին, որ իր նիւթական աջակցութիւնը բերէ Լիբանանահայ թշուառութեան մատնուած մեր ազգակիցներուն: Նախագահը եւ Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամներ, անմիջապէս երկու հարիւր հազար, հարիւր հազար եւ կամ աւելի գումարներով մեկնարկեցին հանգանակութիւնը: Իրենց միացան նաեւ Միութեան կոչին ընդառաջող ազնիւ բարերարներ, նոյնանման ներդրումներով, որոնք յաւելուելով Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հոգաբարձուներու Մարմինի ԱտենապետՎաչէ եւ Թամար Մանուկեաններու մէկ միլիոն տոլարի նուիրատուութեան, գումարը շուտով հասցուցին աւելի քան երկու միլիոնի:

Մինչ այդ արդէն, հանրութիւնը, անմիջապէս եւ հետզհետէ ծաւալող չափերով,իրսրտաբուխ մասնակցութիւնը սկսած էր բերել: 800-է աւելի անձիք, $5-էն $10, $50, $100, մինչեւ$50,000 գումարներով գրէթէ մէկ միլիոնի հասնող գումար մը գոյացուցած էին:

Այսպէս, պարզապէս չորս օրերու ընթացքին գումարը անցաւ երեք միլիոնի շեմը: Հաւաքուած բոլոր գումարները անշուշտ ամբողջութեամբ կը յատկացուին Լիբանանահայ աղէտեալնրուն, անխտիր:

Խօսքը տանք  Բարեգործականի Նախագահին, Իրաւաբան Պերճ Սեդրակեանին. «Մենք տպաւորուած ենք այն յատկացումներու բարձրացող ալիքէն, որ նուազ քան մէկ շաբթուան ընթացքին, գումարը հասցուց աւելի քան երկու միլիոն տոլարի»:

Նկատի ունենալով նուիրատուութիւններու հոսքը, վստահ ենք,որ այսօր հաւանաբար  այդ գումարը, հինգ միլիոն տոլարը կ'անցնի:

Բնականաբար Լիբանանահայութեան տագնապի մատնուած հազարաւոր ազգակիցներուն շտապ օգնութիւն հասցնելը, կլոպալ աղէտի մը կլոպալ հակազդեցութիւն կը նշանակէ: Այդ ծիրէն ներս, աննախադէպ եւ արտակարգ միջոցառում մըն էր անկասկած, Հ.Բ.Ը.Մ.ի կողմէ Լիբանանի իր վարժարաններու յառաջիկայ տարեշրջանի կրթաթոշակներու ամբողջական ստանձնումը, ինչ որ հսկայական բեռ մը կը վերցնէ ծնողներու ուսերէն, յոյս եւ խանդավառութիւն ներշնչելով իր դպրոցները յաճախող աշակերտութեան:

Միւս հայ կազմակերպութիւններն ու  այլ բարեսիրական կազմակերպութիւններ ու բարեսիրական հաստատութիւններ, իրենց առաւելագոյն ճիգը կը թափեն, իրենց լայն կառոյցներով ու նիւթական օժանդակութեամբ, ամոքելու ժողովոււրդի մարդկային եւ նիւթական վնասներն ու հոգեկան ցնցումը: Հ.Բ.Ը.Միութիւնը, որպէս համահայկական կազմակերպութիւն, որ լայն ճանաչում եւ վստահութիւն կը վայելէ, բնականաբար կը համագործակցի այլ շարժումներու հետ: Հայկական ու ոչ-հայկական:

Մեր գործը չէ կատարուած համազգային օժանդակութեան աշխատանքներումանրամասնութեանց մէջ մտնել: Այդ ուղղութեամբ աշխատանքները յառաջ կ'երթան մասնագիտականօրէն: Հերոսներ են այն բոլոր հայ կամաւորները որոնք համերաշխ ոգիով յառաջ կը տանին գործը, բան մը որ պատիւ կը բերէ մեր ազգին:

Բնականաբար Հ.Բ.Ը.Միութեան միջոցները սահմանափակ են հսկայ աղէտի մը յառաջացուցած կարիքներուն հաւասարելու համար: Բարեգործականին մեծագոյն դրամագլուխը, դար մը եւ աւելի, իր պարկեշտ, թափանցիկ, համարատու գործելակերպով վստհութիւնը շահիլն է մեր ժողովուրդին եւ միջազգային մարմիններուն մօտ: Կը յուսանք, որ Բարեգործականի շահած վստահութիւնը դուռ պիտի բանայ նաեւ արտաքին բարեսիրական ընկերութիւններէ նպաստներուապահովումին:

Բարեգործականի ցարդ կատարած շտապ օգնութեան ընդհանուր պատկերը հետեւեալն է:

Բոլոր հանգանակուած գումարները ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուին աղէտի մատնուած ազգակիցներուն, նաեւ կարգ մը պարագաներու տակ հայ ծագում չունեցող կարօտ ու անպաշտպան Լիբանանցիներու: Բարեգործականի օժանդակութեան ծիրը կ'ընդգրկէ հայ ընտանիքներ որոնց բնակարանները նորոգման կը կարօտին: Սեղանի վրայ ճաշ չունեցող ընտանիքներուն ճաշ հասցնել, որոնց թիւը հինգ հարիւրը կ'անցնի: Նաեւ դեղօրայքի եւ բժշկական խնամքի ստիպողական կարիք ունեցողներուն:

Մեր բոլորին համար անսահման ուրախութիւն է տեսնել որ Հայաստանի իշխանութիւնները, հնարաւոր չափով, օգնութեան կը հասնին Լիբանանի ժողովուրդին:

Լիբանան անզուգական երկիր մը եղած է հայ ժողովուրդին համար: Լիբանանի հայ համայնքը բաղկացուցիչ մէկ տարրն է ժողովուրդին: Հոն էրոր, ինչպէս Սուրիա, դար մը առաջ, Ցեղասպանութեան ճիրաններէն ճողոպրած սերունդ մը ամբողջորբերու բեկորներու, ապաստան գտաւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի ասպնջական ափերը, ցնցոտիներով, կիսաքաղցու անորոշ ապագայով: Անոնք, այդ գաղթական որբերը, գրկաբաց ընդունուեցան եւ յաջորդ օրը լիարժէք քաղաքացիներ եղան այդ երկիրներուն:  Լիբանանը, մասնաւորաբար, եղաւ բացառիկ երկիր մը հայկական սփիւռքին համար: Պոլսոյ եւ Թիֆլիսի մշակութային զարթօնքներէն ետք, հայութիւնը իր երկրորդ զարթօնքը ապրեցաւ Լիբանան: Հայկական Լիբանանի մէջ ստեղծուած ազգապահպանման կառոյցները օրինակելի կերպարը հանդիսացան ամբողջ սփիւռքին:

Մենք այդ բոլորը չենք մոռցած:

Այսօր ցաւ է հաստատել այն դժբախտ իրողութիւնը, թէ Լիբանանը իր բովանդակ պատմութեան ամէնէն մութ ու օրհասական պահը կ'ապրի: Երկիրը սնանկութեան ճամբան բռնած է: Պետութեան վերեւը թառած փտած ու ընչաքաղց մարդիկ երկիրը կողոպտելէ ետք, միլիոնաւոր տոլարներ երկրէն դուրս հանած են: Միջազգային ընկերութիւնները, ի մասնաւորի IMF (International Monetary Fund)-ը, վստահութիւնը կորսնցուցած է երկրին նկատմամաբ: Չկայ պետական կառոյց մը, որուն կարելի է վստահիլ երկրին վերականգնումի յատկացուելիք հսկայական փոխատուութիւնները:

Առարկայականօրէն խօսլով, այս է երկրին տխուր պատկերը: Այսօր, երբ շատերը երկրին փրկութեան յոյսը կորսնցուցած են, փապուղիին ծայրը լոյս չեն տեսներ, արտագաղթի ճամբան բռնած են:  Բնական է որ անոնց մէջ բազմաթիւ հայեր ալ կան:  Երկրին աւելի վատթարացող (մաղթենք չպատահի) պայմաններուն տակ աննախատեսելի չէ որ թշուառութիւնը շատնայ եւ արտագաղթի ծաւալը ընդլայնի:

Անհրաժեշտ է կը խորհիմ եւ համոզուած եմ, որ մեր հայրենի իշխանութիւնները հարկ եղած ուսումնասիրութիւնները կը կատարեն եւ հարկ եղած դիւրութիւնները պէտք է ընծայեն արտագաղթող հայեր Հայաստան ընդունելու նպատակով:

Հ.Բ.Ը.Մ.ը, պատմականօրէն սերտօրէն առնչուած է Հայաստանինեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինինհետ, մարդասիրական, կրթական, մշակութային եւ տնտեսական զարգացման ու հասարակական կառոյցներու եւ ծրագիրներու ուղղուած իր շարունակական ներդրումներով, նաեւ անցեալին, հայրենադարձութեան շարժումին ընձեռած իր վիթխարի աջակցութեամբ: Միութիւնը, իր լայնախոհ նախագահին առաջնորդութեամբ,  միշտ նախանձախնդիր է եւ շարունակական աշխատանք կը տանիսփիւռքի մէջ հայ լեզուի, մշակոյթի եւ ինքնութեան պահպանումի իր առաքելութեանարդիւնաւորութեան ի խնդիր, նոր սերունդը հայրենիքին կապող ծրագիրներու մշակումին եւ գործադրութեան ուղղութեամբ:

Եւ ես ունիմ այն հաստատ հաւատքը, որ Հ.Բ.Ը.Միութեան Նախագահն ու Կեդրոնական Ժողովի եւ Միութեան Հոգաբարձուներու Մարմինի անդամները, երբ ժամը հնչէ, իրենց առաւելագոյն օժանդակութինը պիտի չզլանան ընծայել Հայաստանի իշխանութեանց, որ առաւելագոյն թիւով հայեր հաստատուին Հայաստանի մէջ:

Մինչ այդ, մեր բոլորին մտասեւեռումն է հասնիլ եւ թափով շարունակել օգնութեան ճիգերը,ուղղուած Լիբանանի մեր աղէտեալ զանգուածին:

Լաքրէսէնթա

23 Օգոստոս 2020

Más leídas