Երկուշաբթի, Մայիս 23ին, Հայաստանի պետական լրատուական գործակալութեան «Արմէնփրէս»-ի տնօրէնուհի Տիկ․ Նարինէ Նազարեան՝ այցելեց Թէքէեան մշակութային միութեան, ՌԱԿ-ի եւ «Սարտարապատ»ի կեթրոնը։ Տիկ․ Նազարեանին ընկերակցեցաւ Հ․Հ․ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Յովհաննէս Վիրապեանը։
Յարգելի հիւրերը ընդունուեցան վարչական անդամներու կողմէ։
Կամքի անկախ պատճառներով բացակայ, ՌԱԿ-ի շրջանային վարչութեան ատենապետ եւ Սարտարապատի տնօրէն, ընկ․ Սերխիօ Նահապետեան՝ “zoom” –ով միացաւ ներկաներուն բարի գալուստ եւ յաջողութիւն մաղթելու համար «Արմէնփրէս»-ի տնօրէնուհին։ Ընկ․ Նահապետեան նշեց նաեւ որ այսպիսի այցելութիւններ կը ծառայեն լրագրողական կապերու ամրապնդման։
Հանդիպման ընթացքին, Տիկ․ Նազարեանը ներկաներուն տեղեկացուց «
Արմէնփրէս»-ի եւ Արժանթինի պետական լրատուական «
Թելամ» գործակալութեան հետ ստորագրուած համագործակցութեան պայմանագիրի մասին եւ յայտարարեց
«Արմէնփրէս»-ի սպաներէնի բաժնի բացումը, որ գործի կ՝անցնի «Սիրանուշ և Պողոս Արզումանեան» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ եւ ջանքերով։Ընկ․ Նահապետեանի բացակայութեան, «Սարտարապատ»ի նախկին խմբագիր եւ տնօրենուհի, ընկ․
Տիանա Տէր Կարապետեան ներկայացուց հրատարակութեան ծառայութեան 47 տարուայ ամփոփումը, վերյիշելով որ «Սարտարապատ»ը միշտ եղած է եւ պիտի ըլլայ հայրենիքին հետ եւ պիտի աշխատի հայրենիքին համար։
Մտերիմ եւ ջերմ հանդիպման աւարտին, ընկ․
Սուսանա Տէր Կարապետեան յուշանուէր մը փոխանցեց Տիկ․ Նազարեանին, որ կը խորհրդանշէ Սարտարապատի պատգամը։
Վարչական անդամներու կարգին ներկայ կը գտնուէին ԹՄՄ-ի քարտուղար
Ֆապիանա Պողոսեանը, գանձապահ
Սանդիակo Թագեսեանը և
Էլենա Աշճեան գործակից: