Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը տարիներէ ի վեր իր շարքերուն մէջ խախտած միասնականութիւնը վերահաստատելու կենսական նպատակով, անցեալ 2021 տարուայ Դեկտեմբերին հանդէս եկաւ Առաջին Կոչով մը:
Վեց ամիսներ շարունակ տարբեր շրջաններու մէջ կատարուած բացատրողական լուրջ աշխատանքներէ ետք, հրատարակուեցաւ Երկրորդ Կոչը ուղղուած ամբողջ անդամակցութեան որուն մէջ ամփոփ անդրադարձ մը ընելէ ետք մինչև այդ պահը կատարուած աշխատանքներուն մասին, յայտարարուեցաւ թէ Յունիսի 18-ին տեղի պիտի ունենայ կուսակցութեան գործօն և ղեկավար անդամներու մասնակցութեամբ՝ ZOOM-ի միջոցաւ համաշխարհային լայն խորհրդակցական առաջին ժողով մը:
Արդարեւ, Յունիսի 18-ին տեղի ունեցաւ նշեալ ժողովը որուն մասնակցեցան աշխարհի հինգ ցամաքամասերէն շուրջ 60 գործօն և ղեկավար ընկերուհիներ և ընկերներ:
Աւելի քան երեք և կէս ժամ տևող այս ժողովը տեղի ունեցաւ մասնակցողներու կեդրոնացած ուշադրութեան լրջագոյն մթնոլորտի մը մէջ:
Բոլորը խանդավառութեամբ իրենց գնահատանքը և զօրակցութիւնը յայտնեցին
ՌԱԿ-եան միասնականութեան վերահաստատման այս աշխատանքին:
Որոշուեցաւ արդէն իսկ մեծածաւալ՝ ճակատագրականօրէն կարևոր այս նախաձեռնութեան շուրջ, առաւել ևս հաւաքել որքան կարելի է աշխարհասփիւռ բոլոր գիտակից ընկերները և այս լայն մասնակցութեամբ ZOOM ժողովները շարունակել հերթաբար, մինչև ֆիզիքական մասնակցութեամբ՝ յառաջիկայ աշնան, կուսակցութեան հիմնական վերակազմակերպութեան համագումարը:
Յաջորդիւ պիտի մամուլը անդրադառնայ մանրամասնութեանց:
ՌԱԿ Համադրուած Մամուլ