Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Կեդրոնական վարչութիւնը՝Հայ Կեդրոնը այսու կու գայ հաղորդելու, թէ Սուրբ Էջմիածնի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը, նկատի ունենալով, որ Գերաշնորհ Տէր Գիսակ Արք Մուրատեան՝Առաջնորդ Արժանթինի եւ Չիլէի արդէն անցածէ իրենց թեմերուն ծառայող եպիսկոպոսներուն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կանոնագրութեամբ սահմանուած տարիքը, ընթացիկ տարուայ Դեկտեմբեր 1 էն սկսեալ որոշեց իրեն կենսաթոշակ յատկացնել:
Միաժամանակ սոյն վարչութեան թելադրանքով՝եւ համայնքային կազմակերպութիւններու համաձայնութեամբ՝Արէն վարդապետ Շահինեանը նշանակուեցաւ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ: Ան արդէն երեք տարիէ ի վեր իր ծառայութիւնը կը մատուցէ տեղւոյս Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ:
Վարչութիւնը հայ համայնքի անունով կ'արտայայտէ իր խորին երախտագիտութիւնը եւանկեղծ գնահատանքը թեմիս առաջնորդ՝ Գիսակ Սրբազանին իր յիսուն տարուան անխոնջ աշխատանքին եւ նուիրումին համար, վասն հայ եկեղեցւոյ պանծացման:
Վստահ ենք, որ Սրբազանը տակաւին երկար ատեն պիտի շարունակէ օգտակար ըլլալ իր խրատներով եւ փորձառութեամբ։
Նաեւ Հոգեշնորհ Արէն վարդապետին՝որպէս առաջնորդական տեղապահ նշանակումին առթիւ կը մաղթէ յաջողութիւն եւ երկարատեւ տարիներ, որպէսզի կարենայ անխափան գործելլ իր ասուածահաճոյ առաքելութիւնը վասն եկեղեցւոյ եւ հայ համայնքին:
Պուենոս Այրես, 29 նոյեմբեր, 2022