________________________________________________________________________________
ՍՈՒՐԲ ԹԱԴԷՈՍ ԵՒ ԲԱՐԹՈՒՂԻՄԷՈՍ
Շաբաթ, 4 Դեկտեմբերին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Թադէոս ու Բարթուղիմէոս
Առաքեալներու տօնը։
Անոնք մեր Եկեղեցիին տուած են առաքելական նկարագիր եւ ճանչցուած են իբրեւ Հայաստանի առաջին
լուսաւորիչներ։
Ս. Թադէոս Հայաստան եկած է 43 թուականին շուրջ՝ քրիստոնէութիւնը քարոզելու համար, ու նահատակուած՝ հարաւ-արեւելեան Հայաստանի մէջ։ Անոր գերեզմանը կը գտնուի Ս.Թադէի վանքը (Իրան), ուր 3րդ դարուն մատուռ
մը շինուած է։ Տարեկան ուխտագնացութիւններ տեղի կ՚ունենան մինչեւ այսօր դէպի վանքը։
Ս. Բարթուղիմէոս Հայաստան ժամանած է աւելի ուշ՝ 66 թուականին շուրջ։ Նահատակուած է Աղբակ գաւառի Հադամակերտ քաղաքին մէջ՝ Վանայ լիճի հարաւ-արեւելքը։
Աւանդութեան համաձայն, Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւն քարոզած են Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալները, որոնք նահատակուած են Հայոց Սանատրուկ թագաւորի հրամանով եւ դարձած Հայ Եկեղեցւոյ հիմնադիրները:
Առաջին դարէն իսկ քրիստոնէութիւնը լայն տարածում գտած էր Հայաստանի մերձակից երկիրներու մէջ։ Հայերու եւ
անոնց միջեւ կայացած սերտ յարաբերութիւններուն շնորհիւ, քրիստոնէութիւնը կը ներթափանցէ մեր երկիրը՝ Հայաստան։
Ատոր կը նպաստէ նաեւ Հայաստանի քաղաքներու մէջ հրէական գաղութներու առկայութիւնը, քանի որ առաջին քրիստոնեայ քարոզիչները կ՛երթային հոն, ուր հրեաներ կային:
Պատմական աղբիւրները կը վկայեն մինչեւ 4-րդ դար հայ եպիսկոպոսներու եւ 150, 250 եւ 284 թթ․ հալածանքներու ու մարտիրոսներու մասին։
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ
Առաքեալները Յիսուսի,
Մայր Հայաստան ճամբորդեցին,
Կենաց խօսքը քարոզելու,
Հաւատքի լոյս սերմանելու:
Երբ հայը զգաց զօրութիւնը
Եւ սրբութիւնը այդ հաւատքի,
Լայն բացաւ իր սիրտն ու հոգին,
Ընդունեց լոյսը Աստուծոյ խոսքին: