SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Jueves 26 de Diciembre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Diáspora
Արցախեան Պատերազմին Նպատակն Էր Հողային Անմիջական Կապ Ստեղծել՝ Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ
27 de Diciembre de 2020

(Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի Խօսքը՝ Արտասանուած «Արցախի Հիմնահարցը. Յետպատերազմեան Միջնարարի Անելիքներ» Խորագրով «ԶԱՐԹՕՆՔ»եան 5-րդ Հանդիպումին – 18 Դեկտ. 2020 – Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոն)

Յարգարժան՝ ոչ եսապաշտ անտարբեր, այլ՝ հաւաքապաշտ մտահոգ, համահայկական ոգիով՝ մեր պարտութեան անդոհանքը ապրող սիրելի ներկաներ,

Նախ՝ կը շնորհաւորեմ «ԶԱՐԹՕՆՔ» օրաթերթի արթուն խմբագրութիւնը, ոչ թէ միայն այս լսարանը նախաձեռնելուն, այլեւ՝ լսարանի նիւթին լաւատեսական, ոչ ապաւինողական, այլ՝ յանձնառու բանաձեւում մը տալուն համար, որ կ'ըսէ՝ «Յետպատերազմեան միջնարարի անելիքներ»... Ինչ որ կը նշանակէ՝ թէ պատերազմը կասեցնող այս զինադադարը՝ անոր վերջին արարը չէ, այլ՝ միայն հնգամեայ միջնարար մը, որ մեզմէ կը պահանջէ յանձնառութիւնը շարք մը հրամայական անելիքներու: Եւ՝ ոչ թէ՝ ուրիշներու ապաւինելու:

Ապա նաեւ՝ կը շնորհաւորեմ «ԶԱՐԹՕՆՔ»ի խմբագրապետին այն «Բաց Նամակ»ը որ լոյս տեսաւ թերթի 12 Դեկտեմբեր, 2020 թուակիր համարին մէջ, որ կոչ մըն է՝ զգաստութեան եւ համահայկական ոգիին՝ փոխարէն, մենատիրականին:

Օրուան նիւթին, սահմանումով քննարկումը անոր, որպէս մեկնակէտ՝ ունի երկու հարցադրումներ՝

Ա- Այս պատերազմին մէջ, ներկայ փուլին, ցարդ՝ ո՞վքեր յաղթական դուրս եկան, եւ ո՞վքեր պարտուած:

Բ- Հայութեան բնօրրանը՝ ո՞ւր կը գտնուի:

 

Ա- Այս պատերազմի ներկայ փուլին՛ ցարդ յաղթական է՝ միայն Ռուսաստանը, որ կրցաւ գործադրել իր ռազմական անվտանգութեան հայեցակարգը, ըստ որուն՝

Անդրկովկասը՝ իր ռազմական անվտանգութեան գօտին է՝ ուր ան կրցաւ՝ միակողմանիօրէն, պարտադրել զինադադարը՝ նախայարձակ թուրք-թաթար-սիոնական եւ ՕԹԱՆ-եան ճակատին, թոյլ չտալով՝ թրքօ-ՕԹԱՆ ճակատի զինեալ միջամտութիւնը, որ պատահած էր՝ Սուրիոյ մէջ իր միջամտութեան ժամանակ:

Այս ռազմագիտական եւ աշխարհաբաշխական եզակի յաջողութեան փաստը՝ կը նշանակէ՝ արեւմտաթրքական ճակատին ձախողութիւնը, այսինքն՝ պարտութիւնը...- ցարդ...: Առաջին անգամ ըլլալով՝ ռուսական բանակը մտաւ փաստօրէն նաեւ՝ Ազրպէյճան, վերահսկելով՝ Արցախի ազատ մնացած մասերու եւ՝ իբր թէ յաղթական Ազրպէյճանի միջեւ շփման գիծի՝ երկու կողմերուն՝ արցախեան եւ՝ ազերիական վրայ՝ հաւասարապէս:

Արեւելահայաստանը ցարդ՝ ոչ պարտեալ է ամբողջովին, եւ ոչ ալ՝ յաղթական երբեք, քանի որ Փաշինեանի «Թաւշեայ» իշխանութիւնը, որ շարունակութիւնն է Գ. Օլիգարխիկ համակարգին, չի ներկայացներ Արեւելահայաստանի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը այլ միայն՝ մէկ երրորդը, 34%-ը որովհետեւ՝ ստացած էր ընտրութեան մասնակցող 48%-ին 72%-ը միայն...: Պարտուած է սակայն, Փաշինեանի արեւմտաթրքամէտ արեւելումը:

Ես Արեւելահայաստան կ'ըսեմ որպէսզի միշտ յիշենք, որ կայ նաեւ՝ Արեւմտահայաստան մը, որ բռնագրաւուած է եւ պէտք է ազատագրենք՝ փոխանակ մոռնալու կամ մոռացութեան տալու՝ մեր Հայրենիքի մեծագոյն մասը կազմող Արեւմտահայաստանը՝ Արարատով:

Ցարդ ջախջախիչ պարտութիւն կրած են՝

1) ՌԱԿ-ի անցեալի ղեկավարներէն Ստեփան Տեփոյեանի տուած որակումով՝ խաբուիլ սիրող մեր ժողովուրդի՝ ուրիշներու ապաւինելու քրոնիկ հիւանդութիւնը՝ ապաւինողականութիւնը:

2) Մեր ժողովուրդի մեծամասնութեան բնազանցական մտածելակերպը, որ տոկմաթիկ է, բացարձակապաշտ է, կաղապարեալ է ու քարացած, որ հակագիտական է...:

3) Մեր ղեկավարներու մեծամասնութեան ցարդ հետեւած՝ Արեւմտաթրքամէտ ազգաքանդ արեւելումը:

4) Արեւելահայաստանի Գ. Օլիգարխիկ հանրապետութեան ապազգային իշխանաւորներու՝  երեք նախագահներու եւ վերջին վարչապետին ողջ վարքագիծը:

5) Մեր քրոնիկ անմիաբանութիւնը, որ միշտ տկար պահած է մեզ, հաւանաբար, մեր բազմաթիւ հայրենիքներ ու բազմազան հայու կերպարներ ունենալուն հետեւանքով, որ պատճառ եղած է՝ մեր հայրենասիրութեան տարտղնումին ու տկարացումին, որ անկարելի դարձուցած է՝ համահայկականութեան ոգիին տիրապետութիւնը բոլորիս վրայ, ինչ որ քաջալերած է՝ հատուածամոլութիւնն ու մենատիրական մոլուցքը՝ մինչեւ՝ եղբայրասպանութիւն՝ ինքնասպանութիւն:

Իսկ մեր հրամայական անելիքները՝ մեր այս 5 խոցելի կողմերէն ազատագրուիլն է, որքան շուտ, այդքան լաւ, եւ քանի որ զինադադարի միջնարարի 5 տարիները անբաւարար են՝ ազատագրուելու համար բոլորէն, գոնէ ազատագրուիլ երկուքէն՝ ամէնէն առաջ՝ ազատագրուիլ Գ. Հանրապետութենէն, որ չարեաց մեծագոյնն է, եւ հիմնել՝ ժողովրդահայրենասիրական համակարգով Դ. Հանրապետութիւն, որպէսզի՝ այս վերջինը հրաժարի երկրորդ մեծագոյն չարիքէն՝ արեւմտաթրքամէտ ազգաքանդ արեւելումէն, եւ՝  նախ ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, եւ ապա որդեգրէ՝ ռուսական արեւելում, որ միակ փրկարար արեւելումն է, այս պարտութեան հետեւանքները վերացնելու համար, եւ՝ ճամբայ հարթելու՝ Ռուսաստանի հետ մեր սովետական շրջանի սերտաճին ու համարկումին վերականգնումին, որուն մէջ՝ մենք ունէինք, մեզի համար, մեր ուժերուն համեմատ կարելի անկախութիւնը, ո'չ՝ բացարձակը, որ արդէն գոյութիւն չունի բոլորին համար, ԱՄՆ-ը եւ Ռուսաստանը ներառեալ, որոնք բացարձակապէս անկախ չեն օրինակ՝ իրենց զինակից  պետութիւններէն... եւ՝ նոյնիսկ՝ իրարմէ...:  

Բացարձակ անկախութիւն ըսուածը՝ բնազանցական մտածելակերպին (որ բացարձակապաշտ ու մակերեսային, ոչ խորքային) մոլորամտութիւնն է (Hallucination):

Ուրեմն, եթէ ազատուինք բնազանցական մտածելակերպէն եւ որդեգրենք՝ տրամախոհական (դիալեկտիկ) մտածելակերպը, այդ ժամանակ միայն կրնանք տեսնել եւ ըմբռնել, որ վերացական յղացքը անկախութեան չունի մէկ եւ միեւնոյն բովանդակութիւնը բոլոր պետութիւններուն մօտ, այլ՝ այդ յղացքին երբ շօշափելի մարմնաւորում տալ ուզենք, այդ շօշափելին՝ տուեալ երկրի անկախութեան չափը յարաբերական է, եւ կախեալ՝ տուեալ երկրի զարգացման մակարդակէն, պատմամշակութային ժառանգութենէն եւ տակաւին շարք մը երկրորդական ազդակներէն:

            Ուրեմն, մենք՝ սովետի օրերուն երբ համարկուած էինք, ընդելուզումի ճամբով, Ռուսաստանի հետ, ունէինք՝ ոչ միայն մեր կարողականութեան չափէն ալ աւելի անկախութիւն, բացի արտաքին քաղաքականութեան եւ պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումի մարզերէն, այլեւ՝ կ'օգտուէինք Միութեան միջազգային հեղինակութենէն՝ մեր գրողները, երգահանները, գիտնականներն ու  նոյնիսկ զինուորականներն ու մարզիկները միջազգային համբաւի հասցնելով, եւ կերտեցինք համակողմանի Ոսկեդար մը եւ մեր պատմութեան առաջին հայրենադարձութիւնը, եւ՝ միաւորուած էր հայ ժողովուրդը թէ' Արեւելահայաստանի եւ թէ' Սփիւռքի մէջ, երբ հայ քաղաքական գլխաւոր 4 հոսանքներէն 3-ը՝ Արեւելահայաստանի Բ. հանրապետութիւնը կ'ընդունէին՝ որպէս Հայութեան Մայր Հայրենիքը, բացի մէկէն՝ որ իր «հոգեկան հայրենիք»ը կը հակադրէր իրական ու շօշափելի եւ շէնշող հայրենիքին, իբր հետեւանք իր մենատիրական մոլուցքի վրէժխնդրութեան, քանի որ «գահընկէց» եղած էր կարմիր բանակի 11-րդ զօրաբաժինին կողմէ՝ 29 Նոյեմբեր 1920 թուին, որուն 100-րդ երջանկայիշատակ տարեդարձն է այս տարին, միաժամանակ ըլլալով 100-րդ տարեդարձը Սեւրի եւ Ուիլսոնեան իրաւարար վճիռին, որոնք մենք դիմաւորեցինք խայտառակ պարտութեամբ մը,  իբր հետեւանք մեր կոյր հակառուսականութեան եւ հաւկոյր արեւմտաթրքամէտ արեւելումին:

Այս առաջին հարցումին իբր եզրակացութիւն՝ մտածենք Գարեգին Նժդեհի հետեւեալ դիտարկումին մասին.-

«Երբ չկայ՝ հայրենասիրութիւն, չկայ նաեւ՝ Հայրենիքի իմացում: Եղածը՝ աշխարհագրական սահմաններ են լոկ, որոնք աւազահիմն են, դիւրակործան, անապագայ»:

Գ. հանրապետութիւնը՝ Հայաստանի լոկ աշխարհագրական սահմաններուն անունն էր... Իսկ Բ. հանրապետութեան անունը՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ Սովետական Սոցիալիստական հանրապետութիւն, այսինքն Հայութեան Հայրենիքը..., եւ ոչ թէ՝ աշխարհագիտական լոկ տարածք մը: Եւ՝ Բ. հանրապետութեան գերբին  (խորհրդանիշին -խմբ.) կեդրոնը նստած կար վեհանիստ ԱՐԱՐԱՏը:

 

***

Բ) Թէ ո՞ւր կը գտնուի հայ ժողովուրդի բնօրրանը

1) Մեր բնօրրանը կը գտնուի Արեւելքի եւ ոչ թէ Արեւմուտքի մէջ: Եւ Արեւելքի մէջ՝ մեր վստահելի, մնայուն, մերձաւորագոյն, եւ Փանթուրքիզմի դէմ մեզի ճակատագրակից հզօր պետութիւնը Ռուսաստանն է:

2) Անդրկովկասը՝ մեր բնօրրանի Արեւելեան թեւն է, որուն շուրջ, գոյութենական շահերու բախում կայ, մէկ կողմէ՝ փանթուրքական Թուրքիոյ, եւ միւս կողմէ՝ հակափանթուրք Ռուսաստանի, Իրանի եւ Արեւելահայաստանի միջեւ: Այս վերջին երեքը իրարու ճակատագրակից ու բնական զինակիցներ են՝ Փանթուրքիզմի Ծրագրին դէմ, Ծրագիր՝ որ Թուրքիոյ միջոցով կը ծառայէ՝ Արեւմուտքի՝ Մեր Բնօրրանէն շատ հեռուն գտնուող եւ դէպի Արեւելք ծաւալելու ծրագրեր ունեցող իմփերիալիստական տէրութիւններուն, որոնց կը ծառայէ նաեւ Սիոնիզմը, որ արդէն Փանթուրքիզմի Ծրագրի Մշակողն է, եւ հետեւաբար՝ ԱՄՆ-ի Իմփերիալիզմին, Թուրքիոյ Փանթուրքիզմին եւ Իսրայէլի Սիոնիզմին միջեւ կնքուած է ամուսնական անսուրբ դաշինք մը, որ կաթոլիկեան է, անխզելի է, որուն հիմքը՝ երեքին ալ տարատնկեալութիւնն է  եւ՝ ծաւալապաշտութիւնը:

3) Այս լոյսին տակ՝ Արեւելահայաստանի միակ յուսալի եւ ապահով արեւելումը՝ ռուսականն է, քանի որ այս անսուրբ երրորդութեան ազդու կերպով դիմակայելու զօրութիւնը միայն Ռուսաստանը ունի, ինչ համակարգ ալ ունեցած ըլլայ՝ ցարական թէ յեղափոխական, սովետական թէ Փութինեան... Այս չորս օղակներու թուականներուն շղթան կը սկսի՝ 1878 թուի Փետրուարէն (Սան-Սթեֆանօ դաշնագրի Յօդ. 16-րդը), կ'անցնի 1918 թուի Յունուարէն (Դեկրետ Թուրքահայաստանի Անկախութեան մասին) եւ 1920 թուի Նոյեմբերի 29-էն (Արեւելահայաստանի քաղաքական եւ ընկերային ազատագրութեան խորհդայնացումով), հասնելու համար՝ 2020 թուի Նոյ. 9-ի զինադադարին, որ փրկեց Արեւելահայաստանն ու Արցախի մէկ փոքր մասը՝ Թուրքօ-ազէրիա-սիոնա-ՕԹԱՆ-եան ամբողջական գրաւումէն ... որուն ծրագիրը բացայայտեց՝ սիոնական Jerusalem Post թերթը, մատնելով թէ իր զինակից Թուրքիոյ բանակի ընդհ. հրամանատարութիւնը գաղտնի ծրագիր մը որդեգրած է 26 Յունիս 2020 թուականին՝ յարձակելու Յունաստանի եւ Հայաստանի վրայ...:

 

***

 

            Հակառակ այս պատմական իրողութեանց՝ ի նպաստ ռուսական արեւելումին, Գ. Օլիգարխիկ ապազգային համակարգով հանրապետութեան իրերայաջորդ 4 իշխանաւորներն ալ որդեգրեցին հակառակ ռուսականի՝ արեւմտաթրքամէտ արեւելում:

            Լեւոն Տ. Պետրոսեանը կը պնդէր՝ «Պատմական իրաւունքի հիմամբ պահանջատիրութիւնը թուրքիայից՝ իռացիոնալ ռոմանտիկա է» հրաժարելով՝ Արեւմտահայաստանի հողային դատէն:

            Ռ. Քոչարեան բացորոշ կը յայտարարէր թէ Գ. հանրապետութիւնը «Հողային պահանջք չունի Թուրքիայից»:

            Ս. Սարգսեան կը ստորագրէր Թուրքիոյ հետ հաշտութեան Ցիւրիխեան փրոթոքոլները առանց նախապայման դնելու՝ Մեծ Եղեռնի ճանաչումն ու Արեւմտահայաստանի հողային դատին արդար լուծումը:

Իսկ Նիկոլ Փաշինեան, որ իր «Թաւշեայ» ՕԹԱՆ-եան յեղափոխութեան համար ոչ մէկ շօշափելի ազգային, քաղաքական ու ընկերային-տնտեսական սկզբունք յայտարարեց, թաքնուած էր հետեւեալ բացայայտօրէն հակառուսական եւ անայլայլօրէն  արեւմտաթրքամէտ արեւելումի սկզբունքներու ետին, զորս գրած էր 17 տարիներ առաջ, 2001 թուին, «Arm. Times»ի մէջ.-

1) Կոտրել ամէն ձեռք, որ կը փորձէ Մեղրին կամ անոր վերահսկողութիւնը յանձնել ուրիշներու... (Ռուսաստանին):

2) Գիտակցիլ՝ որ Հայաստան կրնայ ունենալ Ռուսաստանի շահերէն տարբեր շահեր (ներառեալ՝ գոյութենակա՞ն ալ շահերը):

3) Գիտակցիլ՝ որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան Հայաստանի մնայուն հարեւաններն են, որոնց հետ բարի կապերը անհրաժեշտ են՝ թէ՛ մեր եւ թէ՛ իրենց շահերուն համար (եթէ նոյնիսկ՝ Փանթուրքիզմի Ծրագրէն չհրաժարի՞ն, երբ իրենք են մեզի սպառնացողները եւ ոչ թէ մենք իրենց):

4) Եթէ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կ'ուզեն հաղորդակցիլ Մեղրիի ճամբով, թող օգտագործեն Մեղրին եւ մեր երկաթուղագիծը եւ՝ վճարեն դրա համար, ինչպէս է ողջ աշխարհում: Այսպիսով՝ կը վերացուի նրանց շրջափակումը եւ Հայաստան կ'ունենայ մէկէ աւելի ելքեր դէպի՝ Եւրոպա Թուրքիոյ վրայով եւ դէպի Կեդր. Ասիա՝ Ազրպէյճանի վրայով, Իրանի մէկ նեղլիկ ելքին փոխարէն:

Այս 4 սկզբունքները՝ թուրք-ՕԹԱՆ-եան Ծրագրին սկզբունքներն են զորս անցեալին կը քարոզէր ԱՄՆ-ի Paul Hoble-ը իսկ պատերազմի անմիջական նախօրեակին ալ՝ John Boltun-ը:

Ուրեմն, այս պատերազմին նպատակն էր հողային անմիջական կապ ստեղծել՝ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ, ինչ որ Փանթուրքիզմի Ծրագրի առաջին քայլն է...:

Որպէս վերջաբան, զինադադարի հնգամեայ միջնարարի տարիներուն, մեզմէ պահանջուած հրամայական անելիքները գիտնալու համար՝ պէտք է հետեւինք Գ. Նժդեհի հետեւեալ 3 յիշեցում-զգուշացումներուն...

1) Սեփական ուժերով ինքնապաշտպանուելու անընդունակ ժողովուրդները՝ պատժւում են, մահուամբ...

2) Վաղուայ Հայաստանի սահմանները պիտի գծեն՝ հայ զինուորի արիութիւնն ու հայրենասիրութիւնը:

3) Փոքր ազգերը պարտադրօրէն աւելի հայրենասէր պէտք է լինեն, քան՝ մեծերը, իսկ մենք՝ աւելի քան՝ բոլորը...:

Más leídas