SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Miércoles 27 de Noviembre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Diáspora - ՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլ
Սխալ եւ Անտեղի Ցոյց Թորոնթոյի Մէջ. Սխալ էր Հասցէն, Նաեւ՝ Հասցէատէրը
18 de Octubre de 2023

Դոկտ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ

Order Of Canada Շքանշանակակիր

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի

1992-ի Հիմնադիրներէն Կնքահայր Անդամ  

          Այս շրջանին, մեր Մայր Հայրենիքը եւ ժողովուրդը՝ հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ, կ’ապրին ժամանակակից մեր պատմութեան ամենադաժան մէկ շրջանը:

          Ֆիզիքական եւ հոգեբանական ծանրագոյն տագնապներու այս շրջանին, անխուսափելի է եւ նոյնիսկ ակնկալելի է որ հայրենիքի թէ սփիւռքի ամբողջ տարածքին, անվերադարձ կորուստներուն դէմ յանդիման մեր ժողովուրդը, արդար ընդվզումով արտայայտէ իր զայրոյթը իրարայաջորդ ծանր յուսախաբութեանց ճնշման տակ:

          Սփիւռքի մէջ, մեր կարգին, որպէս գիտակից հայեր, մեզմէ շատեր մեր կեանքի գլխաւոր պարտականութիւններէն մէկը նկատած ենք, մեր կարողութեանց սահմաններուն մէջ, մեր ժամանակին, նիւթական եւ մտաւորական մեր ունեցուածքին կարեւոր մէկ մասը յատկացնել, ծառայելու համար մեր ազգին:

          Ահա այս բոլորին հետեւանքով, ստեղծուած ներկայ արդար ընդվզումի մթնոլորտին մէջ դժուար թէ ամբողջ սփիւռքին մէջ ըլլայ որեւէ հայ որ պահանջը չզգար այս կամ այն տարբեր ձեւերով մասնակցելու բողոքի եւ կամ օգնութեան միջոցառումներու ժէսթերու,  յօգուտ մեր ժողովուրդին:

          Մեր բողոքը եւ զայրոյթը առաջին հերթին ուղղուած է մեր դարաւոր թշնամիներուն Ազերիներուն եւ Թուրքերուն: Մեր բողոքը յաջորդական կարգով ուղղուած է աշխարհի միւս ազգերուն» յատկապէս այսպէս կոչուած մեծ ազգերուն՝ որոնք իբրեւ թէ յանձն առած են արդարութիւնը կիրարկել միջազգային չափանիշերով: Այս վերջինները եւս լքած են մեզ այսօր: Ամօթ իրենց, հազար ամօթ:

          Վերջապէս, պատասխանատուներու շարքին են անխուսափելիօրէն, մանաւանդ, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, երկրին քաղաքական ղեկավարութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնած՝ այսպէս կոչուած օրուան քաղաքական ոյժերը, որոնք բաժնուած են իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն կոչուած խումբերու:

          Վերոյիշեալ բոլոր յանցաւորներու շարքին, մանաւանդ ի պաշտօնէ այս վերջիններն են որ պատասխանատու են այսօրուան հայրենիքը գոյութենական անդունդին ծայրը հասցուցած ըլլալու ծանրագոյն յանցանքով:

             Երբ կանգնած ենք, անհաւատալի ազգային այս ողբալի պատկերին առջեւ, սփիւռքի մէջ մանաւանդ, մեր լրջագոյն պարտականութիւնն է գիտակցիլ եւ այդ խոր գիտակցութեամբ նաեւ առաջնորդել մեր հետեւորդները գիտակցելու թէ այսօր կայ մէկ գերագոյն սրբութիւն որ հայոց սեփական եւ տակաւին անկախ պետականութիւնն է, այսինքն Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ անոր բոլոր խորհրդանիշները: Հայաստանի պետականութիւնը եւ անոր խորհրդանիշները աւելի բարձր եւ սուրբ են քան որեւէ քաղաքական հոսանք, կուսակցութիւն կամ ղեկավար անձ:

          Սփիւռքի մէջ մանաւանդ, այդ խորհրդանիշներն են ազգային մեր դրօշակը, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը եւ զայն գլխաւորող Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը:

Որպէս անկախ երկիր Հայաստան՝ եւ այդ երկրի հոգեւոր քաղաքացի՝ մեր գերագոյն սրբութիւններն են այս երեքը եւ մենք պարտինք պաշտպան կանգնիլ անոնց:

          Ահա թէ ինչու անցեալ շաբաթավերջին, Թորոնթոյի մէջ, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի  կարեւոր մէկ ձեռնարկին առիթով, այն ցոյցը որ կատարուած է, Գանատայի մէջ Հայաստանի Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Տիկ. Անահիտ Յարութիւնեանի դէմ, արգելք հանդիսանալով Վսեմաշուք Դեսպանուհիին ներկայ գտնուելու այդ ազգօգուտ ձեռնարկին, բոլորովին անտեղի էր եւ շատ աւելի լրջօրէն՝ հիմնովին սխալ եւ դատապարտելի էր: Այս պարագային, մանաւանդ յարգելի Դեսպանուհի Յարութիւնեանը ծանօթ է ամբողջ մեր գաղութին իր բացառիկ բարեմասնութիւններով թէ որպէս կարող դիւանագէտ՝ Գանատական դիւանագիտական շրջանակներուն մէջ իր կատարած ազդեցիկ լաւագոյն միջամտութիւններով եւ թէ իբրեւ ջերմ քաջալերող մեր գաղութի, առանց բացառութեան, բոլոր կարեւոր նախաձեռնութեանց:

          Մենք բոլորս արդարացի ծանր դիտողութիւններ ունինք անկասկած, Հայաստան- Արցախ մեր հայրենիքի մէջ, այսօր պատասխանատուութիւններ յանձն առած քաղաքական շրջանակներուն թէ իշխանութեանց նկատմամբ. դիտողութիւններ ունինք նաեւ Հայաստան Հիմնադրամին աշխատանքի կարգ մը ձեւերուն նկատմամբ:

          Սակայն այդ բոլորին նկատմամբ արտայայտութեան կան ճիշդ եւ նոյնպէս ալ սխալ ձեւեր:

          Թորոնթոյի մէջ կատարուած ցոյցը, հիմնովին անտեղի եւ սխալ էր: Հոն վատնուած ժամանակը եւ ոյժը պէտք է ուղղել դէպի Ազերի եւ Թուրք դեսպաններուն, եւ նոյնիսկ Գանատայի մեր իսկ որպէս գանատացի, այս երկրի ղեկավարութեան:

          Ես կուզեմ իմ կողմէս որպէս գանատահայ՝ ներողութիւն խնդրել Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Վսեմաշուք Դեսպանուհի Անահիտ Յարութիւնեանէն:

 

Más leídas