SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Miércoles 27 de Noviembre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Diáspora - Հարցազրոյց Բժիշկ Վարդան Թաշճեանի Հետ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ 6-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ
14 de Octubre de 2023

Վերջերս UTUB եւ Ամերիկայի Ձայնէն (Voice of America) իմացանք, թէ Հայաստանի 6-րդ Միջազգային Բժշկական Համագումարը տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ՝ «Միասին աւելի կրնանք ընել» կարգախօսով: Ի միջի այլոց ելոյթ ունեցաւ մեր բարեկամներէն, մանկաբոյժ Բժիշկ Վարդան Թաշճեան, որուն հետ ունեցանք հետեւեալ հարցազրոյցը.
Խաչիկ Ճանոյեան.- Ե՞րբ եւ ո՞ւր եղաւ այս Համագումարը:

Տոքթ. Վարդան Թաշճեան.- Հայաստանի 6-րդ Միջազգային Բժշկական Համագումարը չորս տարի
առաջ որոշուած էր, որ տեղի ունենայ Արցախի մէջ, սակայն Լաչինի նրբանցքի թշնամիին կողմէ
գրաւման պատճառով կայացաւ Յուլիս 6-8-ին, Երեւանի Marriot պանդոկին մէջ:

Հարցում.- Ո՞վ էր կազմակերպողը:
Պատասխան.- Կազմակերպողն էր Կազմկոմիտէն, պատուոյ նախագահութեամբ Փրոֆ. Արա
Պապլոյեանի, համանախագահութեամբ Բժիշկ Գէորգ Եաղճեանի եւ Բժիշկ Համբարձում Սիմոնեանի:

Հարցում.- Ի՞նչ էին ներկայացուած նիւթերը:
Պատասխան.- Մօտ 29 նիւթերու եւ հիւանդութիւններու մասին, մասնագէտ բժիշկները այս նիւթերու մասին խօսեցան եւ իրենց ուսումնասիրութիւնները ներկայացուցին հիւանդներուն, դեղագործութիւն, սրտաբանութիւն, ակնաբուժութիւն, նեարդաբանութիւն եւ այլ հիւանդութիւններու մասին, շատ շահեկան ուսումնասիրութիւններ ներկայացուցին: «Առողջապահութեան զանազան բնագաւառներ ներկայացուեցան հետեւեալ կարգով. Կնոջաբանութիւն (gynecology), սրտաբանութիւն (cardiology), արիւնաբանութիւն (hematology),  ատամնաբուժութեան եւ դեղագործութեան գիտութիւններ, հոգեւոր-մտային առողջութիւն, բուժքոյրական աշխատանիստեր, մանկաբուժութիւն (pediatrics), մորթային հիւանդութիւններ (dermatology), գերզգայնութիւն (allergy), ծերունաբանութիւն (gerontology), ինչպէ՞ս բարելաւել Հայաստանի եւ Արցախի առողջապահական խնամքը,
պատկերով ախտաճանաչում (diagnostic imaging), հեռա-բժշկութիւն (tele-medicine):

Հարցում.- Քանի՞ հոգի կը մասնակցէր:
Պատասխան.- 518՝ ընդհանուր, 348 Հայաստանէն, 170 Սփիւռքէն:

Հարցում.- Ի՞նչ էր Համագումարին նպատակը:
Պատասխան.- Կրկնակի էր այնպէս, ինչպէս նախկին 12 արտասահմանեան եւ 6 հայաստանեան համագումարներու նպատակը. Այսինքն՝ բժկագիտութիւն եւ ազգապահպանում: Առողջութիւն՝ բժշկագիտութեամբ եւ ազգապահպանում՝ միասնութեամբ:

Հարցում.- Ինչպէ՞ս սկսաւ այս Համագումարը:
Պատասխան.- Համագումարին նախորդող օրը, բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի ՀԲԸՄ-ի անփիթատրոնին մէջ: Պէտքը կը զգամ նշելու, թէ Համահայկական Միջազգային Բժշկական Համագումարներու շարժումը սկսաւ 1974-ին, Փրոֆ. Յակոբ Գրգեաշարեանով, երբ ան Լիբանանահայ Բժշկական Միութեան ատենապետ ընտրուեցաւ:
Ատենադպիրն էր Բժիշկ Լեւոն Փիլոյեան եւ գանձապահն էր Բժիշկ Վարդան Թաշճեան: 
Նախ եւ առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Վահագն Խաչատրեանի եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Գարեգին Երկրորդի ողջոյնի ուղերձները ընթերցուեցան: Ապա յաջորդաբար խօսք առնողները եղան Անահիտ Ավանէսեան (Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար), Փրոֆ. Արա Պապլոյեան, Բժիշկ Վարդան Թաթեւոսեան (Արցախի Առողջապահութեան նախարար), Բժիշկ Վիգէն Սեփիլեան՝ (Հայկական Բժշկական Միջազգային Վարչութեան ատենապետ), Բժիշկ Գէորգ Եաղճեան (Սփիւռքը ներկայացնող), Բժիշկ Համբարձում Սիմոնեան (Հայաստանը ներկայացնող):
Բոլորն ալ խօսքերուն մէջ շեշտը դրուած էր միասնութեան վրայ՝ «Միասին աւելին կրնանք ընել» ըսելով:

Հարցում.- Ինչպէ՞ս ընթացաւ Համագումարը:
Պատասխան.- Համագումարին առաջին երկու օրերը, մասնակիցները շարժանկարի մը պէս տողանցեցին մեր աչքերուն առջեւէն, ստեղծելով տօնական մթնոլորտ գիտահետազօտական (research), կրթական (education), ծառայողական (service) մարզերէն ներս: Միջազգային հաստատութիւններէ ներս տակաւին փայլուն, սակայն ահելացող հայ դասախօսներու հետ կային նոյնպէս հաճելի եւ օգտակար ելոյթ ունեցող նորայայտ երիտասարդներ: Այդ մասին անոնք որոնք կը փափաքին աւելի գաղափար ունենալ, կրնան ձեռք ձգել «Առողջապահութեան եւ Բժշկագիտութեան Հայկական Հանդէսը», դիմելով www.ahms.am կայքէջին, հանդէս մը որ կը պարունակէ եռակի լեզուով հարուստ գիտելիքներ եւ միանգամայն գեղեցկօրէն կ'արտացոլացնէ հայ լեզուի հարստութիւնը: Հարստութիւն մը, զոր վայելեցինք ըմբոշխներլով կուշտ ու կուռ:

Հարցում.- Իսկ երրո՞րդ օրը:
Պատասխան.- Համագումարին երրորդ՝ այսինքն վերջին օրը կը յատկացուէր Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ նիւթին՝ «Միասին աւելին կրնանք ընել» կարգախօսով:
Զանազան մասնակիցներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ եղան յաւուր պատշաճի արտայայտութիւններ, իրենց կատարած աշխատանքներուն եւ ներդրումներուն մասին Հայաստանի եւ Արցախի առողջապահութեան բժշկագիտութեան կապակցութեամբ: Արցախի հեռատեսիլէն խօսք առնելով. Ռուբէն Վարդանեան (Արցախի Ազգային Խորհուրդի նախկին ղեկավար) շնորհակալութիւն յայտնեց եղած գործակցութիւններուն համար եւ յոյս յայտնեց որ տարուած աշխատանքը ու օգնութիւնները կ´ըլլան աւելի համակարգուած: Ապա Փրոֆ. Արա Պապլոյեանի հանդիսավարութեամբ, հանդէս եկան Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարի խորհրդական երեք փրոֆեսէօրներ՝ Շանթ Շխրտըմեան (ամերիկահայ), Գիմ Հեքիմեան (ամերիկահայ) եւ Լօրանս Թերզեան (Ֆրանսահայ):

Հարցում.- Ինչպէ՞ս Աւարտեցաւ համագումարը:
Պատասխան.- Համագումարը իր աւարտին հասաւ Տոքթ. Ռաճըր Օհաննէսեանի Eyecare Project Armenia ծրագիրին, «Գարակէօզեան» հաստատութեան եւ Արժանթին վաղուց հասատուած հայերու ուղղուած յարգանքի մատուցումով, ինչպէս նաեւ Գիսակ Սրբազանի գնահատանքով եւ աղօթքով:

Հարցում.- Ինչպէ՞ս եղաւ այս համագումարին փակումը:
Պատասխան.- Պատուոյ նախագահին եւ համանախագահներու փակման խօսքերով, աւարտին կը հասնէր այս 6-րդ համագումարը: Ներկաները տեղեկացան թէ բոլոր մասնակիցներուն անունով խնդրագիր մը առաքուած է WHO-ին (Համաշխարհային Առողջապահութեան Ընկերակցութիւն) եւ ութը հոգինոց պատուիրակութիւն մըն ալ ներկայ գտնուած է Ամերիկեան դեսպանատան մէջ Արցախի ճգնաժամին նկատմամբ արդար լուծումի մը ակնկալութեամբ: Յայտարարուեցաւ նաեւ թէ Հայաստանի 7-րդ Միջազգային Բժշկական Համագումարը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ 2027-ին, նախագահութեամբ Հայաստանի Բժշկական Մխիթար Հեռացի Համալսարանի ռեկտոր՝
Փրոֆ. Արմէն Մուրատեանի:

Հարցում.- Կրնայի՞ք UTUB-ով հաղորդուած Ձեր ելոյթը մէջբերել հոս:
Պատասխան.- Ամենայն սիրով. «Յարգելի ներկաներ, կ'ուզէի ձեզի փոխանցել պատգամ մը Լոս Անճելըսի իմ բարեկամ պաշտօնակիցներէս:
Միասնաբար անպայման աւելի լաւը կարող ենք անել:
Մենք մէկ հայրենիք ունինք: Առողջապահութեան առումով՝ սփիւռք չունինք: Մենք ուրեմն մէկ ժողովուրդ ենք եւ՝ համաշխարհայնացած:
Ես գործակցած եմ Տիկին Զոյա Լազարեանի հետ, երբ ինքը նախարար էր եւ եկաւ Լոս Անճելըս:
1992-էն իվեր գործակցած եմ իմ գործակից եւ եղբայրակից Արա Պապլոյեանի հետ: Ֆրանսացիք գործակից չեն ըսեր, այլ confrere կ'ըսեն:
Մենք Արցախի մէջ ոչ թէ ռազմական, ոչ թէ քաղաքական, այլ միայն առողջապահական համագումար պիտի ունենայինք, որուն համար սահման չկայ: Covid-ին եւ նախատեսելի ու աննախատեսելի մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուինք: Այս բոլորը յաղթահարելու համար մէկ բան կայ, յարգելի Վարդանեան Ռուբէնը ըսաւ՝ ՀԱՄԱԿԱՐԳ: Աշխարհի տասը, քսան, երեսուն երկիրներէ եկանք մեր հայութիւնը պահպանելու: Մեր հայութիւնը պահպանելու համար, առողջապահութիւնը պիտի պահպանենք ամէն բանէ առաջ (ծափահարութիւն) (Խ.Ճ.): Ուրեմն, ամէն
հարցերը աւելի դիւրին պիտի լուծուին երբ որ ունինք մէկ համակարգ: Այն բոլոր մեր գործակիցները, աշխատակիցները ինչ որ ըրին, chapeau կ´ըսեմ ֆրանսերէն: Տիրող մէկ համակարգը պիտի ըլլայ մայր հողին վրայ, հայ մէկ միութիւն՝ Համահայկական Բժիշկներու Միութիւն, ոչ սփիւռքահայ բժիշկ, ոչ արցախահայ բժիշկ, ոչ ալ հայաստանահայ բժիշկ:
Վերջացնեմ քառեարկով մը, զոր չորս տարի առաջ իմ եւ Լոս Անճելըսի բարեկամներուս պատգամը.
«Միասնութիւն» (ծափահարութիւններ) (Խ.Ճ.):
«Անմիաբան մենք իրարու բեռ կ´ըլլանք,
Ուշ կամ կանուխ ուրիշներու կեր կ´ըլլանք,
Միանալով մենք իրարու տէր կ´ըլլանք,
Եւ Մասիսի նման կանգուն լեռ կ´;ըլլանք»:
(Բուռն եւ երկար ծափահարութիւններ (Խ.Ճ.):

Հարցում.- Ի՞նչ էր Ձեր տպաւորութիւնը:

Պատասխան.- Միջազգային մակարդակով բժշկագիտական յաջող եւ նախորդը գերազանցող համագումար մըն էր: Ուստի շնորհաւորելի են բոլոր մասնակիցները: Տրամադրութիւնները սկիզբէն մինչեւ վերջ խանդավառ վիճակի մէջ մնացին: Մասնաւորապէս իգական սեռի մասնակիցները յայտնուեցան աւելի մեծ թիւով եւ աւելի արդիւնաւէտ աշխատանքով: Անոնք արժանի են գնահատանքի իրենց նուիրաբերած բնածին ու հոգատարական շնորներուն համար, Երեւանէն մինչեւ Գիւմրի եւ Գիւմրիէն մինչեւ Երեւան:
Սքանչացնող երեւոյթ էր նաեւ սպիտակ շապիկներով, բծախնդիր կարգապութեամբ, կամաւոր աշխատանքով գործող 45 համալսարանականներու երկսեռ խումբը: Անոնք աշխուժօրէն սատարեցին համագումարին հեզասահ եռօրեայ ընթացքին: Կը հաւատամ իրենց սերունդին ֆիզիքական, մտային, հոգեկան եւ ընկերային յարաճուն աճով կ'աճի նաեւ զուգահեռաբար հայոց միասնականութիւնը:
Աշխարհի տարբեր երկիրներէն եկանք Հայաստան ու մեր եղբայրակիցներով (confrere) վայելեցինք հարազատօրէն մեր վեցերորդ համագումարին երեք օրերը, թէ՛ բժշկագիտութեան եւ թէ՛ ազգապահպանութեան ճամբով: Ըստ կարգախօսին, միասին աւելին ընել կարելի եղաւ բժշկագիտականօրէն, այսինքն ծրագրուածը ամբողջութեամբ գործադրուեցաւ:
Յուսանք եւ ջանանք որ յիսուն տարի առաջ ծրագրուած միասնականն ալ ամբողջականացած իրականանայ, հայ հազարաւոր առողջապահական գործիչներու անդամակցութեամբ՝ մէկ բժշկագիտական համահայկական մայր միութեամբ:

Հարցում.- Վերջին խօսք ունի՞ք:
Պատասխան.- Այո, վերջին խօսքս հետեւեալն է, թելադրուած իմ գալիֆորնիահայ եւ լիբանանահայ բժշկական միութիւններէ ներս ունեցած անդամի, գանձապահի եւ փոխ ատենապետի փորձառութենէ: Մեր բոլորին մայր միութիւնը, պահելով ներկայի միութիւններն ու վարչութիւնները, կրնայ հսկայական ոյժ եւ կարելիութիւններ ծաւալել քանակով ու որակով: Այդ ձեւով երկու տարին անգամ մը 3 օրուայ փոխան, կարելի է տարին 365 օր իրարու հետ
հաղորդակցիլ եւ համագործակցիլ: Ընթացիկ գործունէութիւններն ու պաշտօնական դիմումներն ալ ազգային եւ միջազգային գետիններու վրայ կրնան ըլլալ հարիւրի տեղ հազարաւոր անդամներու անունով աւելի ազդեցիկ եւ աւելի օգտաշատ:

Յետ հարզազրոյց:
Խաչիկ Ճանոյեան.- Համագումարին յաջորդ օրը Ամերիկայի Ձայն (Voice of America)
հաղորդաշարէն իմացանք հաղորդավարուհի Շաքէ Աւոյեանի հետեւեալ տեղեկութիւնը. «Տպաւորիչ էին համագումարի ամենաաւագ բժիշկ, Լոս Անճելըսից ժամանած մանկաբոյժ Վարդան Թաշճեանի
խօսքերը...»:
Այդ մասին, ըստ Face Book-ին, եղած են մօտ 90,000 դիտողներ, որոնցմէ 4000-էն աւելի համաձայն եղած են յարգելի հաղորդավարուհիին հետ:
Խ. Ճանոյեան. Տոքթ. Թաշճեան, խորին շնորհակալութիւն այս խիստ շահեկան տեղեկութիւններուն համար: Իւրաքանչիւր հայ, երբ ծանօթ ըլլայ այս աշխատանքին, ազգային անհուն հպարտութեամբ պիտի լեցուի:
Փառք ու հազար պատիւ մեր բժիշկներուն, որոնք նման բարձունքի հասած են աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ:
Ձեզի կը մաղթենք երկար եւ կենսառողջ օրեր: Իսկ հայ բժիշկներուն ալ նորանոր նուաճումներ:

Հարզարոյցը վարեց՝ ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Լոս Անճելըս

Más leídas