SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Jueves 21 de Noviembre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Diáspora - Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան
«Իր Յանկարծական Բացակայութիւնը Բազմաթիւ Ձեւերով Մեծ Բաց Մը Պիտի Թողու Մեր Կեանքին Մէջ, Իր Կշռուած Խօսքի Բացակայութեան Մեծ Բացը»
30 de Abril de 2023

Մտաւորական, Կուսակցական Ղեկավար Ընկեր Երուանդ Ազատեանի Ազգային Յուղարկաւորութիւնը Եւ Թաղումը Կատարուեցաւ Արժանավայել Շուքով

Ինչպէս յայտնի է, Մարտ 25ին Ֆլորիտայի մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, այս աշխարհէն բաժնուեցաւ հանրայայտ հասարակական գործիչ, կուսակցական ղեկավար, գրագէտ ու խմբագիր ընկեր Երուանդ Ազատեան: Հանգուցեալ ընկեր Ազատեանի յուղարկաւորութիւնն ու թաղման կարգը արժանավայել շուքով տեղի ունեցան Տիթրոյթի մէջ Ապրիլ 20-21ի շաբաթավերջին: Արդարեւ բազմավաստակ ընկերոջ վերջին յարգանքի մատուցման համար զանազան շրջաններէ Տիթրոյթ փութացած էին մեծ թիւով եկեղեցականներ, ազգայիններ, ազգային դէմքեր, մշակոյթի գործիչներ, կուսակցական առաջնորդներ:

Տան կարգը կատարւեցաւ Ապրիլ 21, Ուրբաթ օր երեկոյեան Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ, ուր ներկայ էին հարազատներու կողքին, տիթրոյթահայ ազգայիններ եւ քաղաքս ժամանած սգակիրներ: Եկեղեցական բոլոր արարողութեանց նախագահեց  Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան, յատկապէս Մոնթրէալէն եկած էր նաեւ  ներկայ գտնուելու Գանատայի Հայոց Առաջնորդ Աբգար Եպս. Յովակիմեան ներկայ էին նաեւ քահանայ հայրեր: Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը Արէն Վրդ. Ճեպեճեան գովքը հիւսեց ողբացեալին որպէս մտաւորական եւ ամբասիր հայրենասէր: Այնուհետեւ ներկայացուց ներկայ գտնուող հոգեւորականները եւ հրաւիրեց Աբգար Սրբազանը ընթերցելու այս տխուր առիթով գրուած Ամենայն Հայոց հայրապետ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին ցաւակցագիրը:

Վերջին անգամ ըլլալով ներկաները խոնարհեցան ընկեր Ազատեանին բաց դագաղին առջեւ, որ ՌԱԿի եւ ԹՄՄի դրօշակներով ծածկուած էր:

iglesia

Յաջորդ օր, Ապրիլ 22, Շաբաթ օր տեղի ունեցաւ ազգային յուղարկաւորութիւնը: Տիթրոյթի համայնքէն ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը: Պատշաճ կերպով կատարուեցան եկեղեցական արարողութիւնները եկեղեցւոյ ՙԿոմիտաս՚ երգչախումբի մասնակցութեամբ եւ ղեկավարութեամբ Ռուբէն Սրկ. Մայիլեանի եւ Արշալոյս Աւետիքեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ: Տէր Կարապետ Քահանայ անգլերէն լեզուով կարդաց Վեհափառ Հայրապետին ցաւակցագիրը: Առաջնորդ Մեսրոպ Վարդապետ Պարսամեան արտասանեց անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով բացառաբար տպաւորիչ դամբանական մը:

cementerio

Այնուհետեւ թափօրը մեկնեցաւ դէպի վերջին հանգրուանը՝ Տիթրոյթի Վուտլոն գերեզմանատունը:  Հոն եւս եկեղեցական կարճ արարողութենէ ետք, ներկայ գտնուող ռամկավար ազատական շարքայիններ երգեցին կուսակցութեան հիմնը եւ ուր  նորոգեցին իրենց կուսակցական ուխտը: Տխուր էր պատկերը երբ ցուրտ հողին յանձնուեցաւ ընկերոջ մարմինը:

Հոգեճաշը տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄի կեդրոնի վերանորոգուած սրահին մէջ մօտ 300 սգակիրներու ներկայութեամբ: Տիթրոյթահայ ծանօթ մտաւորականներու կողքին արտասահմանէն յատկապէս ներկայ էին Լոնտոնէն ՌԱԿ Գերագոյն Մարմնի ատենապետ ընկեր Դոկտ. Հրաչ Գումրուեան, Պուէնոս Այրէսէն ՌԱԿի ղեկավար ընկեր Սերխիօ Նահապետեան, Լաս Վեկասէն յայտնի գործարար ընկեր Ռուբէն Թերզեան, ներկայ էին նաեւ ԹՄՄ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ եկած Նիւ Ճըրզիէն, Թեքսասէն, Լոս Անճելըսէն, Մոնթրէալէն, Պոստոնէն եւ այլ յարգուած անձնաւորութիւններ:

Պատշաճ յայտագիրը ընթացք առաւ հանդիսավարութեամբ ողբացեալին եղբօր թոռնուհիին Էլենա Մարթինէզ-Ազատեանի: Ընտանիքի անդամներուն կողմէ շնորհակալական խօսքը կատարեց ԹՄՄի Կեդր. Վարչութեան նորընտիր անդամ Արա Չօլաքեան, որ յուզումնալից արտայայտուեցաւ իր մօրեղբօր գուրգուրալի յարաբերութիւններուն մասին յատկապէս ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին հետ:

sobrino ara cholakian

Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ ծանօթ ազգային ղեկավար, ողբացեալին երկար տասնամեակներու գործակիցը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան վաստակաշատ ղեկավար, գանատահայ համայնքին նահապետը ընկեր Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան, որուն հարազատութեամբ կատարած դամբանական խօսքը ընդունուեցաւ յոտնկայս ծափահարութիւններով: (Ընկեր Կէօնճեանին դամբանականը կարդալ ներքեւ):

Հայր Ճեպեճեան կարդաց ստացուած մեծ թիւով ցաւակցագիրներէն երկուքը` Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ ազգային մեծ բարերար Ալեքս Մանուկեանի որդիին Ռիչըրտ Մանուկեանի ցաւակցագիրները:  Նշենք որ հանգուցեալ ընկերը տասնամեակներ ամբողջ եղած էր Պր. Մանուկեանի օգնականը ազգային հարցերու բնագաւառէն ներս:

Ապա յաջորդաբար խօսք առին հանգուցեալ ընկեր Ազատեանին մօտէն գործակցած մի քանի ազգայիններ: Տոքթ. Ռաֆֆի Պելեան խօսք առաւ որպէս զաւակը Տոքթ. Կերի եւ Տիկին Զապէլ Պելեան ընտանիքին որ միշտ եղած է հարազատ ողբացեալին ու տիկնոջ ընկերուհի Նորա Իփեքեան-Ազատեանին:

Նոյնպէս, հանգուցեալ Ընկ. Երուանդ Ազատեանի հոգատարութեան մնայուն առարկան եղած է  Տիթրոյթի ՀԲԸՄ ՙԱլեք եւ Մարի Մանուկեան՚ վարժարանը: Ան մօտիկէն հետաքրքրուած է վարժարանի ուսման մակարդակով ու հայեցի դաստիարակութեամբ: Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ վարժարանի տնօրէն ընկեր Յովսէփ Թորոսեան:

Խօսք առին նաեւ Էտ Յարութիւնեան, ատենապետ Հայկական Ցեղասպանութեան կրթութեան յանձնախումբի (AGEC), եւ Ալիս Նիկողոսեան անդամ վարժարանի հոգաբարձութեան:

Հոգեճաշի աւարտին ներկաները առիթը ունեցան սրահին կից այցելելու թանգարանը, որ գոհարն է այդ հայկական համալիրին:

Երեկոյեան այս յուզումնալից շաբաթավերջին աւարտին ԹՄՄի, ՌԱԿի պատասխանատուներ եւ հիւրեր հաւաքուեցան  Տիթրոյթի հայկական ճաշասրահին մը մէջ, ուր ընկերական մտերմիկ շրջանակի մը ծիրէն ներս կատարուեցան յուզիչ յիշատակներով համեմուած եւ ջերմ գործակցութեան խոստումներով սրտի խօսքեր, ի փառս մեր զոյգ կազմակերպութիւններուն:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:


ԴՈԿՏ . ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆԻ ԱՐՏԱՍԱՆԱԾ ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆԸ

arshavir

Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան` Առաջնորդ Ամերիկահայոց Արեւելեան Թեմին,

Գերշ. Տէր Աբգար Սրբազան Յովակիմեան Առաջնորդ` Գանատահայոց Թեմին,

Հոգշ. Տէր Արէն Վրդ. Ճէպէճեան. հոգեւոր հովիւ` Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ,

Սգակիր` ընտանեկան հարազատներ,

Սիրելի Արա, Նաթալիա, Նինա Չոլաքեաններ,

Մկօ, Թալին, Հելկա Ազատեաններ,

Ժիրայր Բաբազեան

եւ ընտանեկան բոլոր պարագաները

Գաղափարական սիրելի հարազատ ընկերներ`

Յատկապէս ԹՄՄեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդր. Վարչութեան, եւ ՌԱԿ. Գերագոյն Խորհուրդի Անդամներ եւ ընկերներ,

Ընկ. Դոկտ. Հրաչ Գույումճեան` Լոնտոնէն

Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան Պուէնոս Այրէսէն

Սիրելի ընկերներ եւ բարեկամներ:

Անձնապէս` որպէս հանգուցեալ սիրելի Էտմոնին երկար տասնամեակներու` մտածումներով, սկզբունքներով, գործնապէս եւ այլապէս հոգեպէս` անբաժանելի բարեկամը, պիտի չուզէի ապրած ըլլալ տեսնելու համար այս օրը, եւ կատարելու համար այս տխուր պարտականութիւնը:

 Նախ եւ առաջ, վստահ եմ թէ Ձեր բոլորին` ինչպէս նաեւ աշխարհատարած մեր անհամար ընկերներուն, գաղափարակիցներուն եւ բարեկամներուն` այս վայրկեանի. յուզումնախառն խոր մտածումները արտայայտած պիտի ըլլամ, ըսելով թէ, անհաւատալի է որ յանկարծ մեզմէ յաւէտ կը բաժնուի եւ այսօր ալ հողին յանձնեցինք, ժամանակակից` մեր ազգային իրականութեան մէջ մինչեւ այսօր պայծառ մտքով փայլող, իսկապէս անփոխարինելի, տիտան մը:

Հանգուցեալ Էտմոն Ազատեանին արտասովոր գործունէութեամբ լեցուած կեանքին տարիները կ’երկարին գրեթէ եօթ տասնամեակներու վրայ: Այդ երկար շղթան սկսած է Պէյրութէն, Զարթօնք թերթին էջերէն, մեր անցեալի մեծ հսկաներէն` հանգուցեալ Գերսամ Ահարոնեանի հոգատար առաջնորդութեան տակ:

Յաջորդ հանգրուանն է Էտմոնին Եգիպտոս փոխադրութեան շրջանը, ճակատագրական ճիշդ այն տասնամեակին երբ նոր պատահած էր Անթիլիասական հերձուածը եւ սկսած էր Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ցնցիչ մեծ տագնապը: Էտմոնը այդ շրջանին արդէն իսկ ստանձնած ըլլալով տեղւոյն մեր առաջնորդող թերթը հանդիսացող ՙԱրեւ՚ի խմբագրապետի պաշտօնը, ան դարձաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնայ պաշտպանութեան մեծ պայքարին կարեւորագոյն դերերը ստանձնողներէն մէկը:

Վերջապէս, յաջորդ եւ կարեւորագոյն վերջին հանգրուանը եղաւ այն հինգ տասնամեակներու շրջանը, երբ Էտմոն վերջնականապէս տեղափոխուեցաւ Միացեալ Նահանգներ ուր անոր առիթը բացուեցաւ իսկապէս, իր բացառիկ կարողութիւնները նուիրելու իր ազգին:

Եգիպտոս իր կեցութեան շրջանին է որ Էտմոն հանդիպեցաւ նրբաճաշակ տիկին Նորա Իբէկեան Բաբազեանին որ իր կեանքի ընկերը դարձաւ յաջորդող աւելի քան չորս տասնամեակներուն: Հանգուցեալ Նորան` որպէս իսկական մտաւորական եւ արուեստագէտ, մղիչ եւ ներշնչող ոյժ մը եղաւ Էտմոնին ստեղծագործական կեանքին մեծագոյն հատուածին ընթացքին:

Հանգուցեալ Էտմոնին արտակարգօրէն հարուստ գործունէութիւնը արդար եւ ամբողջական կերպով ներկայացնելը անկասկած իսկապէս դժուար մարտահրաւէր մըն է:

Սկսելով իր շատ երիտասարդ օրերէն, Էտմոն իսկական հաւատացող մը եղաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան սկզբունքներուն: Ան անկեղծ հիացողներէն մէկը եղած է Ռ.Ա.Կ.-եան հիմնադիրներէն Միհրան Տամատեանին եւ մանաւանդ Վահան Թէքէեանին եւ անոնց արժանաւոր յաջորդները հանդիսացողներէն` Գերսամ Ահարոնեանին, Բարունակ Թովմասեանին եւ Հայկաշէն Ուզունեանին: Ի վերջոյ ահա ինք իսկ դառնալով անոնց արժանաւոր յաջորդներէն մէկը ինք եւս այժմ մտաւ Ռ.Ա.Կ.-ի պատմութեան այդ արժանաւորներու պայծառ շարքին մէջ: Կ՛երեւի այդպէս ալ պէտք էր ըլլար, քանի որ Ռ.Ա.Կ.-ը որպէս անայլայլ հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն անշահախնդիր նուիրումով ծառայող կազմակերպութիւն, բնական կառոյցն էր որ կատարելապէս կը յարմարէր հանգուցեալ Էտմոնին ամենահիմնական համոզումներուն:

Սակայն քաղաքական թէ այլ բոլոր նկատումներէն վեր եւ դուրս, Էտմոն  բացառիկ մտաւորական մըն էր` որ օժտուած էր արտակարգ սիրով եւ հետաքրքրութեամբ` հանդէպ հայ գրականութեան արուեստին եւ պատմութեան: Այդպէս ալ, նախ որպէս սիրող, սակայն աւելի վերջ շուտով իր կեանքին ընթացքին այդ բնագաւառներու իսկական մասնագէտի ճանաչումը վայելեց ան ընդհանուրին կողմէ: Զուգահեռաբար` նոյնքան համուզումով եւ հետեւողականութեամբ Էտմոն իրեն մատչելի բոլոր միջոցներով անթիւ եւ անհամար առիթներով, դարձաւ հայ մտաւորականութեան բացառիկ քաջալերողը:

Հանգուցեալ Էտմոնը իսկական ապրող համայնագիտարան մըն էր որ մեր կազմակերպական եւ ազգային կեանքին մէջ դիմագրաւած ամենախրթին կացութեանց առիթով կարող էր տալ վաւերական լուսաբանութիւններ եւ կատարել խորաթափանց վերլուծումներ:

Ահա թէ ինչու այս գաղութին ծանօթ, հանգուցեալ Ռամկավար մեր ընկերներէն Նուպար Տորեան` որոշ կատակախօսութեամբ Էտմոնը կը բնութագրէր որպէս ՙմտաւորական հսկայ՚ մը, նկատելով թէ ան համեստ էր միայն իր ֆիզիքական հասակովը:

Հիւսիսային Ամերիկայի այս հսկայ գաղութը ժամանելէն անմիջապէս ետք, արագօրէն, Էտմոն բնականաբար դարձաւ Ռ.Ա.Կ.-եան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան գլխաւոր ղեկավարներէն մէկը:

Շուտով սակայն, 1970-ական տարիներու սկզբնաւորութեան, պատահեցաւ օրհնեալ անկիւնադարձ մը իր կեանքին մէջ: Արդարեւ, ազգային անզուգական բարերար եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի անկրկնելի ցկեանս նախագահ հանգուցեալ Ալեք Մանուկեանի արծիւային ուշադրութիւնը գրաւած էր հանգուցեալ Էտմոնի բացառիկ կարողութիւնը:Հետեւաբար ընդունելով այս մեծ հայուն հրաւէրը, Էտմոն ստանձնեց Ալեք Մանուկեանի անձնական օգնականի պաշտօնը:

Չափազանցութիւն չէ երբեք երբ այսօր, այս հանդիսաւոր պահուն յայտարարեմ թէ այս անկիւնադարձ մը հանդիսացաւ ոչ միայն անձնապէս Էտմոնին համար այլ իր միջոցաւ, յաջորդող քառորդ դարու տեւողութեան ընթացքին ան եղաւ նաեւ անկիւնադարձ մը մեր կազմակերպութեանց համար եւի վերջոյ տարրացիօրէն ամբողջ սփիւռքին համար:

Հանգուցեալ Ալեք Մանուկեան` ոչ միայն բացառիկ յաջողութեան հասած գործարար մըն էր առեւտրական աշխարհին մէջ, այլ նաեւ ան գերազանցօրէն ազնուական հայ մըն էր, որ խորագոյն չափով մտահոգ էր իր ժողովուրդին, իր եկեղեցիին, իր համայնքին եւ իր հայրենիքին բարօրութեան նկատմամբ:

Այդ պատճառաւ իսկ ան դարձաւ իր ժամանակներու սփիւռքահայութեան անզուգական առաջնորդող դէմքը:

Ես որպէս անմիջական վկայ եւ ամէնօրեայ գործօն մասնակից` այս ծանրակշիռ առիթով, ամբողջովին արդարացուած կը նկատեմ երբ յանուն պատմութեան` այստեղ առաջին անգամ ըլլալով կը կատարեմ կարեւոր յայտարարութիւն մը, այն քառորդ դարուայ շրջանին մասին որ սկսաւ 1970-ական տարիներուն:

Նկատի ունենալով մէկ կողմէ Ալեք Մանուկեանի շնորհիւ անայլայլ շարունակական գիտակից առատաձեռն եւ իմաստուն բացառիկ քաջալերանքը, որուն շաղկապուած էր Էտմոն Ազատեանին արտակարգօրէն կարող, եւ բոլորանուէր անվհատ բացառիկ անձնաւորութիւնը, միւս կողմէ նաեւ շնորհիւ նաեւ այդ շրջանի Ռամկավար անձնուրաց գերագոյն ղեկավարութեան օրինակելի գործունէութեան, ի վերջոյ այս բոլորին հետ նաեւ շնորհիւ այդ շրջանին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի գահակալ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի ներկայութեան, բոլոր այս ազդակներու օրհնեալ համադրումին շնորհիւ, այդ քառորդ դարը, գործօն սփիւռքի հսկայական մէկ հարուածին համար դարձաւ անվիճելիօրէն մեր օրերու իսկական Ոսկեդարը:

Անշուշտ այդ շրջանին եւս, ինչպէս մի՛շտ, տագնապները անվերջանալի էին, սակայն ի տարբերութիւն մեր այսօրուան օրերուն այն ժամանակ առկայ էր ընդհանուր ներքին սփոփիչ ակնկալութիւն մը թէ կերպով մը, իւրաքանչիւր լուրջ կացութեան պարագային ի վերջոյ պիտի գտնուէր պատշաճ լուծում մը:

Այդ շրջանը այդպիսին էր, որ շնորհիւ Ալեք Մանուկեանի բերդանման անձնաւորութեան, Տիթրոյթ քաղաքը դարձած էր յոյսի եւ կայունութեան աղբիւրը ամբողջ մտահոգ սփիւռքահայութեան համար:

Ահա յատկապէս այս երկար տարիներու ընթացքին էր որ Էտմոնը կարողացաւ իր ազգային մտաւորական արժէքներու նկատմամբ տածած իսկական սէրը վերածել բարձրօրէն գնահատուած առարկայական օժանդակութեան` հանդէպ Հայաստանի թէ սփիւռքի տարածքին բազմաթիւ մշակութային եւ ակադեմական հաստատութեանց, ինչպէս նաեւ հանդէպ անթիւ եւ անհամար արժէքաւոր մտաւորականներուն:

Իսկապէս, թէեւ անկարելի է թուարկել բոլոր պարագաները, սակայն Էտմոնը ի վերջոյ որպէս գործնապէս օժանդակող անդամ՝ մաս կազմեց այդ կարգի բազմաթիւ ազգային հաստատութեանց վարիչ մարմիններուն: Ան նաեւ մօտէն անձնապէս ծանօթ ըլլալով Հայաստանի թէ սփիւռքի տաղանդաւոր անթիւ մտաւորականներու, ստիպողական պահանջ կը զգար օգնելու իւրաքանչիւրին:

Երկար տարիներ Էտմոնը իր այս առաքելութիւնը կրցաւ իրագործել որպէս Ատենապետը, Հ.Բ.Ը.Մ.-եան Ալեք եւ Մարի Մանուկեան Մշակութային ֆոնտին:

Աւելի վերջ, եւ մինչեւ իր կեանքի վերջին օրերուն, այդ աշխատանքը ան տարաւ շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Թէքէեան Մշակութային Ատենապետի իր հանգամանքին: Բոլորս լաւ գիտենք թէ Էտմոնը ինչպէս մեզ բոլորիս կը համոզէր յաւելեալ ջանք մը եւս ընելու, որպէսզի հակառակ մեր սահմանափակ միջոցներուն, օժանդակութիւն կատարենք արժանաւոր եւս մէկ հրատարակութեան եւ կամ ստեղծագործ մտաւորականի մը գործին:

Ահա թէ ինչով կը բացատրուի այն յարգանքը եւ ցաւակցական գիրերու անհատնում հոսքը որ կը ստանանք ամէն օր եւ որ պիտի հրատարակենք պատշաճ կերպով:

Անշուշտ թէ ազգային քաղաքականութիւնը անխուսափելիօրէն մշտապէս մաս կը կազմէ համայնքային գիտակից գործունէութեան: Ինչպէս արդէն իսկ անդրադարձայ այդ մասին, որպէս ազգային ազնուագոյն արժէքներու նկատմամբ խորապէս գիտակից անձնաւորութիւն, հանգուցեալ Էտմոնին համար բնական էր ըլլալ Ռամկավար:

Էտմոնին քաղաքական կեանքի ենթաթէքստը այն քաղաքական թոհ ու բոհն էր որուն մէջ ընկղմած էր միշտ մեր ազգը: Առաջին տասնամեակներուն խնդրոյ առարկայ էր խորհրդային խրթին տարիներու շրջանը, անոր յաջորդեց 1990ին սկսած անկախութեան շրջանը, իսկ վերջին օրերուն զինք խորապէս կը մտահոգէին Հայաստան-Արցախ գոյութենական տագնապալից մեր օրերը: Այս բոլորին հետ մէկտեղ առկայ կը մնայ Հայց. Եկեղեցւոյ` Անթիլիասի կողմէ ստեղծուած տակաւին անլոյծ հերձուածին տագնապը:

Էտմոն առաջին հերթին իր տաղանդը ցուցաբերեց որպէս երիտասարդ լրագրող, սակայն ան շուտով մաս կազմեց շրջանային ապա կեդրոնական վարիչ մարմիններուն:

Վերջին տասնամեակներուն ան մաս կը կազմէր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Գերագոյն ղեկավարութեան այն փոքր խումբին, որ յարատեւօրէն, փնտռուած եւ սպասուած ուղղութիւնը կու տար եւ կայունութիւնը կ’ապահովէր` քաղաքական, մշակութային եւ կրթական մեր կազմակերպութիւններուն` Հայաստանէն մինչեւ Արցախ, Միջին Արեւելք եւ Հիւսիսային թէ Հարաւային Ամերիկաներու ամբողջ տարածքին:

Այս աշխարհատարած համայնքային գործունէութեան դաշտին` մանաւանդ լրագրական աշխարհին մէջ է որ Էտմոնի առաջնորդող ներկայութիւնը անգնահատելի եղաւ անկասկած: Ան անդուլ յաճախականութեամբ երկար տարիներ աշխատակցեցաւ Ռամկավար մամուլին մօտ տասը հրատարակութեանց: Եղաւ հիմնադիրներէն Ազգ թերթին, որ ազատական եւ ռամկավարական սկզբունքներով առաջին թերթն էր որ 1990-ին մեր կողմէ մուտք գործեց նորանկախ Հայաստանէն ներս:

Էտմոն նաեւ հիմնադիրներէն է Գանատայի յարաբերաբար նոր գաղութի առաջին եւ եռալեզու թերթ ՚Ապագայ՚-ին: Վերջապէս ան գլխաւոր խմբագիրը եւ նախաձեռնողներէն եղաւ երբ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Պայքար թերթը վերսկսաւ հրատարակուիլ Պոսթոնի մէջ 2017 թուականին:

Ամենայատկանշականը պէտք է նկատել սակայն որ ան որպէս առաջնորդող քաղաքական վերլուծաբան մասնագէտ` ընդհանուրին ճանաչման արժանացաւ, համակիր թէ հակառակորդ բոլոր շրջանակներուն կողմէ:

Կանոնաւոր կերպով Պայքար, The Armenian Mirror Spectator, Ապագայ Սարտարապատ եւ Ազգ Թերթերուն մէջ երեւցող իր խմբագրական սիւնակները շարունակական տեղեկութեան, դաստիարակութեան եւ ուղղութիւն տալու աղբիւր դարձան աշխարհատարած ընթերցողներուն համար անխտիր:

Ակնյայտ է, Էտմոնի յանկարծական բացակայութիւնը բազմաթիւ ձեւերով մեծ բաց մը պիտի թողու մեր կեանքին մէջ, իր կշռուած խօսքի բացակայութեան մեծ բացն է մանաւանդ որ պիտի զգացուի լրագրական աշխարհի մէջ:

Վերջապէս, մինչ Էտմոնը առանց դադարի կը կատարէր այս բազմակողմանի արտակարգ առաքելութիւնը, ան նոյնիսկ իր յառաջացած տարիքին, նաեւ մոլորակային անվերջ ճամբորդ մըն էր: Ան մշտապէս փնտռուած բանախօս, այցելու, կազմակերպող հիւր մըն էր սփիւռքի տարբեր կեդրոններուն մէջ: Արդարեւ յատկանշական է թէ վերջինը  եղաւ իր ճամբորդութիւնը դէպի հեռաւոր Պուէնոս Այրէս, Արժանթին որպէս պատուոյ հիւրը, այնտեղ` քաղաքին սիրտին վրայ կանգնած Թէքէեան Մշակութային Միութեան վերանորոգւած եւ զարդարուած Կեդրոնին բացման առիթով:

Սիրելիներ, մինչ հաւաքուած ենք այստեղ սգալու եւ մեր յարգանքի վերջին տուրքը մատուցելու մեր սիրելի եղբօր, ընկերոջ, գործակիցին եւ ղեկավարին, նկատի առնելով նոյնիսկ այս հարկադրաբար կարճ ակնարկը իր գործունէութեան մասին, համաձայն էք վստահ եմ, որ մեր սուգը պարտի դառնալ այլեւս ընդհակառակը, Էտմոնին իր համայնքին, Սուրբ Էջմիածնին եւ Մայր Հայրենիքին բերած արտակարգ եւ անգնահատելի նպաստին բառաբանման, եւ տօնակատարութեան առիթի:

Որպէս իր անմիջական գործակիցները, այսօր կը դիմագրաւենք բացառաբար դժուար պարտականութիւնը եւ մարտահրաւէրը, շարունակելու այն մեծ առաքելութիւնը, որուն տարիներէ ի վեր ձեռնարկած էինք սիրելի Էտմոնին հետ միասին:

Արդարեւ, սիրելի բարեկամներ, այս օրերուն լրջօրէն խռոված է հայ աշխարհը: Աւելին, ան մխրճուած է այլապէս ալ մեծ չափով խռոված տագնապալից աշխարհի մը մէջ: Մեր իսկ կազմակերպութիւնը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, նոյնիսկ հակառակ դեռ վերջերս ընկեր Էտմոն Ազատեանին հետ մէկտեղ մեր կատարած բոլոր ջանքերուն, տակաւին երկփեղկուած կը մնայ իբրեւ արդիւնք անիմաստ եւ անլուրջ գզուըտուքներու:

Ուրեմն այս դժուար պայմաններուն տակ, ամենայն դէպս պէտք է շարունակենք այս համարեա անկարելի առաքելութիւնը, մինչ մենք կորսնցուցինք մեր կեդրոնական ամենակարեւոր հաստատուն սիւներէն մէկը:

Սիրելի բարեկամներ, անձնապէս բոլորովին սխալ կը համարեմ այն ժողովրդական թեթեւօրէն արտասանուած խօսքը թէ աշխարհի մէջ անփոխարինելի մարդ գոյութիւն չունի: Այդ խօսքը ընդհանրապէս եւ մանաւանդ հայ աշխարհին պարագային հիմնովին սխալ է: Իրա՛ւ է անշուշտ թէ ի վերջոյ ամէն մարդ կը փոխարինուի ֆիզիքապէս, սակայն կան պարագաներ, որոնք իսկապէս երբեք չեն փոխարինուած եւ նոյնպէս ալ վստահաբար պիտի երբեք չփոխարինուին: Էտմոնը այդ պատկառելի ցանկին վրայ աւելցող անուն մը պիտի հանդիսանայ դժբախտաբար:

Ամենայնդէպս, մենք մեր կարելին վստահաբար պիտի ընենք այս ջահը կրելու եւ նաեւ վստահաբար մեր կարելին պիտի ընենք զայն փոխանցելու յաջորդող նոր սերունդներուն, որպէսզի իրենք դառնան կրողները այս մեծ պատասխանատուութեան:

Սիրելի Էտմոն, թող հոգիդ հանգչի յաւիտենականութեան մէջ, քանի որ ընկերներդ պիտի յարգեն քու յիշատակդ, ջանալով շարունակել այն առաքելութիւնը որուն այնքան խոր սիրով հաւատացիր դուն:

Բոլորս խորապէս պիտի զգանք քու բացակայութիւնդ. սիրելի՛ Էտմոն.

Աստուած թող լուսաւորէ հոգիդ:

Թող հողը թեթեւ գայ քու յոգնած ոսկորներուդ վրայ:   

Más leídas