Սրտի խոր կսկիծով իմացանք, նուիրեալ կուսակցական եւ ազնիւ ու խաղաղասէր մարդու՝ ընկ. Ներսէս Ներսէսեանի մահուան բօթը, որ պատահած է իր ծննդավայր Ամմանի մէջ:
Յորդանանի հայկական համայնքին մէջ ողբացեալ ընկեր Ներսէսեան, անխտիր բոլորին կողմէ յարգանք վայելող անձնաւորութիւն մըն էր, որ իր մեղմաբարոյ սակայն պինդ կեցուածքներով ու հետեւողական աշխատելաոճով մեծ աւանդ ունի սփիւռքահայ նշեալ համայնքին մէջ:
Ընկեր Ներսէսեան երկար տարիներ ղեկավար պաշտօններ վարած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մէջ եւ անոր միջոցով ծառայած է մեր ազգին:
Իր կողակիցին՝ ընկ.հի Հելէնի հետ կազմած է տոհմիկ հայկական ընտանիք մը, որուն բոլոր անդամներն ալ իր լուսաւոր օրինակով նուիրեալ աշխատանք տարած են իրենց ապրած համայնքին մէջ:
Ընկեր Ներսէսեանի յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ իր կուսակիցներուն եւ զինք յարգող ու սիրողներուն մէջ, որպէս օրինակելի Հայ, անզիջող գաղափարական եւ ընտանիքի Հայր:
Սարտարապատ օրագիրը, ի խորոց սրտի կը ցաւակցինք, իր տիկնոջ եւ զաւակներուն՝ Վարդանին եւ Մարալին, իրենց մաղթելով ամրութիւն եւ մխիթարութիւն: