SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Jueves 26 de Diciembre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Diáspora - Գրեց՝ Լեւոն Շառոյեան
Պետրոս Հաճեան- 10
03 de Octubre de 2022

    Դժուար է հաւատալ, թէ արդէն տասը երկա՜ր տարիներ սահեր-անցեր են այն չարագոյժ օրէն ասդին (4 Սեպտ. 2012), երբ կեանքին հրաժեշտ կու տար արժանթինաբնակ մեր սիրելի երէց բարեկամը՝ գրագէտ, խմբագիր ու կրթական նուիրեալ մշակ Պետրոս Հաճեան:
   Այո՛, Պ. Հաճեան սփիւռք ծնած առաջին սերունդի այն ուսումնատենչ տիպարն էր, որ առանց բարձրագոյն ուսման կարելիութիւնն ունենալու՝ ինքնաշխատութեամբ ու յարատեւ ինքնամշակումով կրցած էր դառնալ բազմակողմանի հմտութեամբ օժտեալ մեծարժէք մտաւորական մը։

    Ան նախ տիրացած էր այն բոլոր ստորոգելիներուն, որոնք զինք կը դարձնէին հայատառ օրաթերթի մը շատ օրինակելի ու ճարտար խմբագիրը։ Յետոյ, հայ թէ օտար գեղարուեստական գրականութեանց անյագուրդ ընթերցումով՝ ան կրցած էր իւրացնել գրական շատ նուրբ ճաշակ մը ու ինքնատիպ ոճ մը, որ կը հրապուրէր ընթերցողը։ Ու վերջապէս, հայ գիրի, հայ մշակոյթի ու հայ դպրութեան նկատմամբ սնուցած իր անպարագիծ սէրէն մղուած՝ ան մինչեւ մահ շարունակած էր հայերէնաւանդ ուսուցիչի իր սիրելի պաշտօնը, երբեք չուզելով բաժնուիլ այդ համեստ ամպիոնէն…։
   Պետրոս Հաճեան արժանթինահայ գաղութի ամէնէն երեւելի դէմքերէն մին էր, անկասկած։ Տեսակ մը խորհրդանիշը, նաեւ՝ վերջին մոհիկանը Լատին Ամերիկայի հայագիր գրականութեան։ Բայց փարիզեան «Յառաջ»-ի եւ «Նոր Յառաջ»-ի մօտիկ անցեալի ընթերցողներն ալ պէտք է յիշեն իր անունը, քանի որ ան 90-ական թուականներէն սկսեալ կանոնաւոր ու մնայուն աշխատակցութիւն կը բերէր այս թերթերուն՝ մերթ Արժանթինի մեր գաղութէն քաղուած լուրերով (երբեմն Պ.Հ., Ա.Պ. կամ Ալեք Պետեան ստորագրութեամբ), մերթ ալ ազգային հրատապ հարցերու մասին հիւթեղ վերլուծումներով։ Այն բացառիկ լրագրողն էր,-- բառին մասնագիտական իմաստով,-- որ իր շրջապատին մէջ տարաբնոյթ հարցախոյզեր կամ վիճակագրութիւններ կը կատարէր ու անոնցմով կը հասնէր համապատասխան ճշմարիտ եզրակացութիւններու։ Զորօրինակ, «Ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս կը մտածեն մեր ուսանողները հայ լեզուի , հայախօսութեան, ազգային ինքնութեան եւ Հայ Դատի մասին» (1988), «Մեր աշակերտները եւ Ապրիլ 24-ը» (1996), «Ապակուսակցականութիւնը արժանթինահայ երիտասարդութեան մօտ» (1996) եւ այլն։ Հաճեանի այս եւ այլ բազմաթիւ գրութիւնները, հրապարակագրական ընտիր էջերը, որոնցմէ շատեր 1971-1986 լոյս ընծայուած էին Պուէնոս Այրէսի երբեմնի «Արմենիա» օրաթերթին մէջ (որուն խմբագիրն էր ինք այն ատեն), բարեբախտաբար մէկտեղուեցան առանձին կողքի մը տակ ու հրատարակուեցան Հալէպ, 2008-ին, «Հարաւը սփիւռքի մէջ» խորագրով։ Աւելի քան 500 էջանի ստուար հատոր մըն էր այս, որ պատմութեան կը յանձնէր հեղինակին խմբագիրի դիմագծութիւնը։
   Ոչ մէկ կասկած, թէ Պետրոս Հաճեան փայլուն գրագէտ մըն էր նաեւ։ Ճիշդ է, որ ան ուշ մտաւ գրականութեան դարպասէն ներս ու պատմուածքներու իր առաջին հատորը՝ «Հրամմեցէ՛ք, պարոններ»-ը, լոյսին բերաւ 1995-ին, երբ արդէն 62 տարեկան էր։ Բայց մեր դիմաց, այդ թուականին, անակնկալօրէն ցցուեցաւ կատարելատիպ արձակագիր մը, որ գիտէր տիպարներ ուրուագծել վարպետօրէն ու գրականութեան մէջ համեմ եւ շունչ դնել։ Յաջորդ հատորները, բարեբախտաբար, չուշացան։ Նախ՝ «Կար ու չկար»-ը (պատմուածքներ, 2003), ապա «Կարկեմիշ» վէպը (2005), որ հաւանաբար իր գլուխ-գործոցը սեպուի։ Այստեղ Հաճեան անմահացուցած էր Եփրատի ափին գտնուող իր ծննդավայրը՝ սուրիական Ճարապլուս (հին անունով՝ Կարկեմիշ) գիւղաքաղաքը, իր տուներով, խանութներով, թաղերով, բարքերով ու սովորութիւններով, վէճերով ու բամբասանքներով, տխուր եւ ուրախ պահերով, մա՛նաւանդ խայտաբղէտ տիպարներով, անոնց անուններուն շուրջ հիւսուած յուզիչ ու ցնցող պատմութիւններով։ Ամբողջ գործը կարօտի գրականութիւն մըն էր, որ թունդ կը հանէր մեր սրտերը ու կը դիւթէր մեզ իր գեղեցիկ ու բիւրեղեայ հայերէնով։ Այս հատորներով՝ Պետրոս Հաճեան նուաճած էր արդէն գրագէտի դիմագծութիւն մը։
   Ի վերայ այսր ամենայնի՝ Պետրոս Հաճեան միշտ եւ շարունակ իր վրայ պահեց նաեւ հայ ուսուցիչի դիմագծութիւնը։ Դասաւանդեց խորունկ հաւատքով, ներշնչեց հարիւրաւորներ, հասցուց ու կոփեց իրեն յաջորդներ, պատրաստեց ու հրատարակեց հայերէնի ընթերցանութեան, ուսուցման եւ քերականութեան դասագիրքեր։ Եթէ Պետրոս Հաճեան ոչ մէկ գիրք գրած ըլլար, խմբագրած չըլլար որեւէ թերթ, ազգային ու հանրային գործունէութիւն ալ ծաւալած չըլլար դոյզն չափով, դա՛րձեալ դափնի մը պիտի դրուէր իր գլխուն, պարզապէս որովհետեւ ան կրթական մշակ մը եղած էր լման 55 տարի, որուն 15-ը՝ Սուրիոյ մէջ, իսկ 40-ն ալ՝ հարաւային կողմն աշխարհի…։

*   Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի հին շրջաններու (60-ականներ) ուսանողները անպայման կը յիշեն Պետրոս Հաճեանը, որ կարճ ատեն մը տնօրէնի պաշտօն ալ վարեց այստեղ, նախքան Արժանթին տեղափոխուիլը: Կը պատմուի, թէ խստաբարոյ ուսուցիչ մըն էր ան: Ես չեմ աշակերտած իրեն ու վկայութիւն չունիմ դպրոցական տարիներէ:
   Օր մը սակայն երբ ծանօթացանք իրարու ու սեղմեցինք մէկզմէկու ձեռքը, ես իմ դիմաց գտայ քաղցրաբարոյ ու անո՜յշ մարդ մը: Համակրելի ու հայրագորով:
   Պատմեմ:
   1984-ին էր: Ճեմարանի 12-րդ կարգի աւարտական դասարանի ուսանող էի, հազիւ 17 տարեկան:
   Մինչ բոլոր դասընկերներս կլանուած էին պետական պաքալորիայի քննութեանց մտմտուքներով, ես՝ խենթի պէս փարած էի արտասահմանի հայ մամուլին ու կը կատարէի լրագրական իմ առաջին փորձերը՝ հեւ ի հեւ թղթակցութիւններ ղրկելով մերթ Փարիզի «Յառաջ»-ին, մերթ Պոլսոյ «Մարմարա»-ին, մերթ ալ Արժանթինի «Արմենիա» օրաթերթին: Այս վերջինին խմբագիրը Պետրոս Հաճեանն էր: Ան շարունակ քաջալերական նամակներ կը գրէր ինծի, մասնագիտական ուղղութիւն կու տար՝ թղթակցութիւններ պատրաստելու կամ հարցազրոյցներ կատարելու համար: Կը նամակցէինք՝ առանց անձնապէս զիրար ճանչնալու:
   Օր մըն ալ,-- ինծի համար անմոռանալի օր մը,-- դասապահու մը ընթացքին անակնկալօրէն տեսչարան կանչուեցայ: Վերի կարգերու պատասխանատու հսկիչը՝ օրդ. Անի Իֆատեան, դուրս հրաւիրեց զիս դասարանէն եւ յայտնեց որ տնօրէնին գրասենեակը պարտիմ երթալ...:
   Ի՞նչ էր դրդապատճառը այս անսովոր հրաւիրակոչին, չէի գիտեր: Յանցա՞նք մը գործեր էի արդեօք:
   Խռովեալ հոգեվիճակով թակեցի տեսչարանին դուռը ու ներս մտայ:
   Տնօրէն պր. Անդրանիկ Խաչատուրեան,-- լո՜յս իջնէ իր գերեզմանին,-- նստած էր իր լայն գրասեղանին ետին ու զուարթօրէն կը խօսակցէր ճիշդ իր դէմը նստած ժպտադէմ անձի մը հետ: Չէի ճանչնար այդ պարոնը: Հաւանաբար ծնող մը կամ վարժարանի խնամակալներէն մին ըլլալու էր: Կարմիր երեսներով ու շիհահեր մարդ մըն էր, 50-55 տարու:
   Հարցական կը նայէի մեր տնօրէնին՝ գիտնալու համար, թէ ինչո՞ւ կանչուած եմ...: Օտար անձին ներկայութիւնն ալ առաւե՛լ կ՛անհանգստացնէր զիս. ափերս սկսեր էին քրտնիլ...:
   -- Շառոյեա՛ն, պապա՛ս,-- հարց տուաւ տնօրէնը,-- դուն Արժանթին գաղտնի նամակնե՞ր կը ղրկես եղեր...:
   -- Չէ՜՜՜, պր. տնօրէն,-- հակազդեցի բնազդաբար,-- գաղտնի բան չկայ իմ ղրկած նամակներուն մէջ: Թղթակցութիւններ են: Հալէպահայ կեանքէն առնուած տեղեկատու կարճ գրութիւններ:
   -- Ո՞ւր կը ղրկես այդ գրութիւններդ, ո՞ւր կը տպուին անոնք:
   -- «Արմենիա» անունով ճաշակաւոր թերթ մը կայ Պուէնոս Այրէս, հո՛ն կը ղրկեմ: Հո՛ն կը տպուին:
   -- Ի՞նչ հասցէով, որո՞ւ անունին կը ղրկես գրութիւններդ, պապա՛ս:
   -- Խմբագիրին անունով կը ղրկեմ: Կը կոչուի Պետրոս Հաճեան: Զինք անձամբ չեմ ճանչնար:
   -- Հը՜մ..., ուրեմն Հաճեանին կը ղրկես...: Նայի՛ր, տղա՛ս, ահա՛ւասիկ պր. Պետրոս Հաճեանը քու դիմացդ է,-- ու մատով ցոյց տուաւ մեր դիմաց նստած կարմրերես համակրելի մարդը...:
   Աչքերս խոշոր-խոշոր բացի...: Անկարելի՜ երազ: Պ. Հաճեան ու ես դէմ-յանդիման էինք...:
   Հաճեան, որ թեթեւ ժպիտով մը հետեւած էր այս կարճաշունչ բեմադրութեան, ցատկեց իր թիկնաթոռէն ու երկու թեւերը լա՜յն բացած՝ ամրօրէն գրկեց զիս իր բազուկներուն մէջ...:
   Անկէ ետք՝ մեր բարեկամութիւնը ամրապնդուեցաւ ու շարունակուեցաւ ինչ-ինչ յիշատակելի դրուագներով, որոնց գագաթային պահը եղաւ իմ Պուէնոս Այրէս այցելութիւնը, տեղւոյն Հայ Կեդրոնի հրաւէրով, իբրեւ գլխաւոր բանախօսը Պ. Հաճեանի գրական գործունէութեան 60-ամեակի յոբելեանին (Մայիս 2011):
   Այդ պատմական այցելութենէն ալ ծնաւ իմ մէկ գիրքը՝ «Պուէնոս Այրէս, Արմենիա փողոց», որ տեսակ մը յուշարձան եղաւ Պետրոս Հաճեանի յիշատակին:

   Հալէպ

Más leídas