Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը խստիւ կը դատապարտէ վերջերս Պուրճ Համուտի մէջ պատահած բռնարարքը, որուն նախաձեռնողները եղած են ՀՅԴ-ի կուսակիցներ, ծեծի ենթարկելով ընտրական իրենց ցանկին մրցակից կողմի մը ներկայացուցիչը:
Սոյն արարքը, ո՛չ միայն պատիւ չի բերէր նախաձեռնող կողմին, այլ նաեւ կը վտանգէ լիբանանահայ համայնքին բարի համբաւը:
Այս ցաւալի երեւոյթը կարեւոր հարցեր կը բարձրացնէ.
- Մինչեւ ե՞րբ վերոյիշեալ կուսակցութիւնը Պուրճ Համուտը իր սեփական ագարակը պիտի կարծէ:
- Նմանօրինակ ծայրայեղ բռնարարքի մը պատասխանատուն, որ ի վերջոյ ՀՅԴ-ի ներկայ ղեկավարութիւնն է, նման քայլով մը լիբանանահայութեան պատճառած վարկաբեկումին չափով, իր ղեկավարութեան տարիներուն արդեօ՞ք նպաստած է մեր համայնքին վարկին:
- Լիբանանի 2022-ի ընտրութիւններուն նախօրէին ՀՅԴ-ի Պուրճ Համուտի (Մեթնի ընտրաշրջանի) թեկնածուն, որ նոյն ժամանակ ղեկավարն է Լիբանանի ՀՅԴ-ին, հրապարակային ձեւով ունեցաւ շատ վայրագ բովանդակութեամբ ամբոխավարական ճառեր: Իր խուճապը արտացոլացնող սոյն ճառերը արդեօ՞ք իրենց ազդեցութիւնը ունեցան տուն տալու Պուրճ Համուտի նշեալ ծայրայեղ բռնարարքին: Հետեւաբար, այս արարքին ուղղակի պատասխանատուն, նոյնինքն նշեալ ղեկավարը չէ՞:
- Շրջանառութեան մէջ դրուած բռնարարքին վերաբերող տեսերիզին մէջ յստակօրէն կ՛երեւի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ոստիկանի տարազով անձ մը, որ իր գործնական մասնակցութիւնը կը բերէ այս խայտառակութեան: Քաղաքապետութիւնն ու քաղաքապետը այս հարցով ունի՞ն արդարացուցիչ:
- Լիբանանի ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու նախարարութիւնը, ի՞նչ ունի ըսելիք այս անընդունելի երեւոյթին մասին:
Աւարտին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը, լիբանանցի իր համաքաղաքացիներուն ընդհանրապէս եւ ի մասնաւորի տուժող կողմին ներողամտութիւնը կը խնդրէ շեշտելով, որ հակառակ առասպելին, ՀՅԴ-ն լիբանանահայութիւնը չներկայացնէր: Քաղաքակիրթ լիբանանահայը ո՛չ մէկ ձեւով կրնայ համամիտ ըլլալ նման բարբարոսութեան, որ իր ազգին մշակոյթին հետ ո՛չ հեռուէն եւ ո՛չ ալ մօտէն առնչութիւն ունի:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ