ՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլի Խորհուրդը կը շարունակէ իր կանոնաւոր հանդիպումները, որուն դրական արդիւնքը արդէն իսկ ակնյայտ կերպով սկսած է դրսեւորուիլ խմբաւորումի անդամ իւրաքանչիւր թերթին էջերուն մէջ:
Խորհուրդի վերջին նիստը կայացաւ Չորեքշաբթի, 26 Յունուար 2022-ին: Առցանց ժողովին մասնակցեցան ԱԶԳ-ի, ԱՐԵՒ-ի, ԱՊԱԳԱՅ-ի, ԶԱՐԹՕՆՔ-ի, ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀ-ի, ՊԱՅՔԱՐ-ի, ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏ-ի եւ The Armenian MIRROR-SPECTATOR-ի պատասխանատուները: Հանդիպումին միացան Ռ.Ա.Կ.-ի Միասնականութեան
Նախաձեռնող Ղեկավարներու Համախմբումի անդամներ:
Այս ընդլայնուած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայրենիքն ու ընդհանրապէս Հայաշխարհը յուզող հարցեր:
Օրակարգի վրայ էին ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգիսեանի հրաժարականը, ինչպէս նաեւ Հայ-թրքական բանակցութիւններու թեման:
Ժողովականները վերլուծեցին Արմէն Սարգսեանի հրապարակած, հրաժարականի նամակին բովանդակութիւնը եւ քննարկեցին Հայ ժողովուրդին համար այս ճակատագրական պահուն տեղի ունեցած սոյն հրաժարականին տուն տուող անձնական, ներքին, թէ աշխարհաքաղաքական հիմք ունեցող հաւանական պատճառները:
Ինչ կը վերաբերի ընթացք տրուած Հայ-թրքական բանակցութիւններուն, անոր կայացման գաղափարի սկզբունքին շուրջ ընդհանրապէս դրական դրսեւորում ունենալով հանդերձ, անոր «առանց նախապայմաններու» դրոյթը եւ կարգ մը կարմիր գիծերու երեւութապէս շրջանցումը լուրջ քննարկումներու արժանացաւ: Որոշուեցաւ այս մասին յաջորդող օրերուն միացեալ կեցուածք մը որդեգրել եւ զայն դրսեւորել յատուկ գործողութիւններով: