SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Lunes 25 de Noviembre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Diáspora - Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն
Ռ.Ա.Կ.-ի Միասնականութեան Նախաձեռնող Ղեկավարներու Համախմբում
19 de Diciembre de 2021

logo rag blanco y negroՌ.Ա.Կ.-ի Միասնականութեան Նախաձեռնող Ղեկավարներու Համախմբում

ԿՈՉ

Դեկտեմբեր 19, 2021

Ռ.Ա.Կ.-ԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԸ ՀՆՉԱԾ Է ԱՐԴԷՆ

 

Սիրելի եւ հաւատաւոր ընկերներ,

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան

Այսօր մայր հայրենիքը կը գտնուի ճակատագրական մարտահրաւէրներու դիմաց:  Պատմութեան ժլատ պատեհութիւններէն ստեղծուած երեսնամեայ անկախ Հայաստանը եւ Արցախը կը դիմագրաւեն իրենց լինելութեան օրհասական հեռանկարը: Իր դարաւոր պատմութեան մէջ Հայաստան քանիցս կորսնցուցած է իր պետականութիւնը, մեր լուսաւոր ժողովուրդը ենթարկելով օտար տիրապետութեանց, թէեւ այնուհետեւ յաջողած է վերականգնիլ:

Ներկայ սերունդներուն սեպուհ պարտքն է՝ արեան, արցունքի ու տառապանքի գնով ձեռք բերուած պետականութեան պահպանութիւնն ու յաւերժացումը:

Սփիւռքը իր հերթին կ'ապրի իր ղեկավարութեան տագնապը, թերանալով ինքնակերտումի եւ հայրենիքին սատարելու իր պարտաւորութեանց մէջ, հակառակ միտքի, մշակույթի, նիւթական ինչքի աննախընթաց հարստութեան:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը որ իր հարիւրամեայ  պատմութեամբ կենսական դեր  մը կատարած էր մեր ժողովուրդի ամէնէն սուր ու տագնապալի հանգրուաններուն՝ այսօր կը գտնուի տխուր վիճակի մէջ, կարենալ շարունակելու իր ազգային ու գաղափարական առաքելութիւնը, այս օրուան մարտահրաւէրներուն դիմաց:

Ներկայ ժամանակներու համաշխարհայնացումի պայմաններուն մէջ ամէն ազգային կառոյց կը գտնուի անհրաժեշտութեան դիմաց՝ պատշաճելու ընկերութեան նոր պայմաններուն, կարենալ համահունչ գործելու արդի կեանքի տուեալներուն ներքեւ:

Իր հերթին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը բովանդակ աշխարհի մէջ, կը գտնուի հարկադրանքին առջեւ իր տունը կարգի դնելու:

Իր հայրենանուէր առաքելութեան մէջ ՌԱԿը ջահակիրներէն հանդիսացած է Հայկական Դատի արի պայքարին. նոյնպէս կամրջած է հայրենի ժողովուրդը ի սփիւռս աշխարհի տարածուած հայութեան հետ, իր հերթին իրագործելով քաղաքական հաւասարակշռութեան անփոխարինելի դերը:

Սակայն, այսօր դէպքերը կը զարգանան ու կ'անցնին մեր կողքէն, կը յառաջանան մարտահրաւէրներ, որոնք կը մնան անպատասխանի, երբ անցեալին մեր ղեկավարութիւնն ու անդամակցութիւնը պատասխանատուութեամբ կը դիմագրաւէին զանոնք ու կու տային ձեւ ու կերպարանք, ինչպէս նաեւ խոհական լուծումներ:

Կուսակցութիւնն ու կուսակցականներս անզօր կը դիտենք դէպքերու ընթացքը եւ մեր անզօրութիւնը ամօթով ու պարտազանցութեան զգացումով կը վիրաւորէ մեր գաղափարական արժանապատուութիւնը. որովհետեւ իրերամարտ հատուածներով կը մնանք բաժնուած ու պառակտուած:

ՌԱԿը կերտելէ ետք իր փառաւոր պատմութիւնը՝ ապրեցաւ նաեւ իր անկումի ու պառակտման վիճակները:  Այսօր իր բնօրրանը հանդիսացող Սփիւռքի մէջ ոչ մէկ կառոյց, խմբաւորում եւ մարմին որ կը գործէ ՌԱԿի պիտակին ներքեւ, արդարացումը ունի գոյացած ըլլալու կուսակցութեան ծրագիր-կանոնագրի օրէնքներով:  Օրինականութեան սկզբունքը մնացած է ետին, ասպարէզը բանալով նոր էջի մը անհրաժեշտութեան:

Մենք, որպէս նախաձեռնող խումբ մը ՌԱԿի ղեկավարներ,  պատասխանատու կը զգանք մենք զմեզ մեր պատմութեան, մեր շարքերուն եւ մեր ժողովուրդին դիմաց՝ անկարելին գործադրելով իրականացնելու կուսակցութեան միաւորումը. որովհետեւ չենք կրնար կիսաւարտ թողուլ մեր առաքելութիւնը մեր պատմութեան ու ժողովուրդին դիմաց:

Ենթականերս յաճախ ունեցած ենք տարակարծութիւններ իրարու հետ, եւ գուցէ կը շարունակենք ունենալ: Սակայն կուսակցութեան ճակատագրական միասնականութիւնը գերիվեր նկատելով ամէն կարծիքէ՝ կը միանանք այս  կոչին մէջ:

Իբրեւ նախկին ղեկավարներ, մենք մեր տուրքը տուած կը նկատենք մեր սիրելի կուսակցութեան եւ անպայմանօրէն յաւակնութիւն չենք սնուցաներ պաշտօններ եւ աթոռներ գրաւելու:

Ժամանակը հասած է նոր սերունդի ղեկավարութեան յանձնելու այս պատմակշիռ կազմակերպութեան առաջնորդութիւնը եւ սատարելու այդ ղեկավարութեան բոլոր միջոցներով, յաջողցնելու եւ շարունակելու կուսակցութեան պատմական առաքելութիւնը:

Մեր շրջանակներէն հասնող անկեղծ կոչերով՝ նախկին ղեկավարներու այս շարժումը կը յաւակնի ներկայացնել շարքերու մեծամասնութեան սրտի կոչը՝ միասնականութեան:

Մեր նախաձեռնութիւնը առ այսօր պատրաստի տարազներ չունի առաջարկելիք, ոչ ալ՝ թեկնածուներ պաշտօններ գրաւելու. մեր նախաձեռնութիւնը կը բխի այն խորունկ հաւատքէն որ ՌԱԿը պէտք է վերականգնի եւ մեր սերունդի պարտքն է իրականացնել այդ վերականգնումը:

Այսու կոչ կ'ուղղենք բոլոր անհատ կուսակցականներուն, մարմիններուն եւ շրջանակներուն՝ ոչ թէ միանալու մեզի, այլ ստեղծելու հասարակաց բեմ մը ուր բոլորս կրնանք համախմբուիլ աննախապաշար հոգիով ու ձեռնարկել վերամիաւորման սրբազան գործին:

Գործնական յաջորդ քայլերը պիտի առաջարկենք մեր յաջորդ յայտարարութեան մէջ:

Միասնականութեան պահը հնչած է արդէն:

Ռ.Ա.Կ.-Ի ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՂ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան (Մոնթրէալ)

Յակոբ Գասարճեան (Պէյրութ)

Սերխիօ Նահապետեան (Պուէնոս Այրէս)

Երուանդ Ազատեան (Տիթրոյթ)

Վարդան Նազիրեան (Լոս Անճելըս)

Դոկտ. Գրիգոր Ատանալեան (Լոս Անճելըս)

Դոկտ. Հրաչ Գույումճեան (Լոնտոն)

Յակոբ Աւետիքեան (Երեւան)

Más leídas