Չորեքշաբթի 24 Նոյեմբեր 2021-ին տեղի ունեցաւ ՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլի պատասխանատուներուն
հերթական առցանց հանդիպումը:
Առցանց հանդիպման մասնակցեցան «Ազգ»ի, «Ապագայ»ի, «Զարթօնք»ի, «Պայքար»ի, «Սարտարապատ»-ի եւ
«The Armenian Mirror-Spectator»-ի խմբագիրները:
Նախորդ օրակարգերէն բխած հարցերուն լուծումներուն հետ կապուած գնահատականներէն ետք, ժողովը
ծանրացաւ Նոյեմբերի 26-ին կայանալիք Ազրպէյճան-Հայաստան–Ռուսիա գագաթաժողովին մութ եւ անհասկնալի
ծալքերուն, ինչպէս նաեւ անոր օրակարգին կողմնակից, թէ հակադրուող ուժերուն աշխատանքներուն վրայ: