Ռ.Ա.Կ.-ի հիմնադրութեան Հարիւրամեակին առիթով, Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, Սարդարապատ շաբաթաթերթը, Ռ.Ա.Կ. Հարաւային Ամերիկայի կազմակերպութիւնը կը հրաւիրեն մասնակցելու Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի, որ պիտի մատուցուի ի յիշատակ կուսակցութեանս բոլոր այն երախտաւորներուն, որոնք հաւատքով, տեսլականով եւ նուիրումով գործած են յանուն Հայ ժողովուրդի ապահով գոյատեւումին, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ անսասանութեան եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան պաշտպանութեան ՝ տալով իրենց լաւագոյն մարդկային ներուժը, ատով իսկ պահպանելով ազգային միասնականութիւնը՝ հեռու ամէն տեսակի հատուածականութենէ: