Յիշատակում Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Սիրիանիներու «Սէյֆօ»-ի 106ամեակին
Շաբաթ 24 Ապրիլ 2021-ի կէսօրին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը եւ Սիրիանիներու (Արամէական) Միութեան Համաշխարհային Կուսակցութեան Լիբանանի ղեկավարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Սիրիանիներու «Սէյֆօ»ի զոհերուն: Սէյֆօ, որ արամէական լեզուով կը նշանակէ սուր, կը յատկանշէ օսմանեան պետութեան տարածքին, հայերու հարեւանութեամբ ապրող՝ ասորիներու եւ սիրիանի (արամէականներու սուրէ անցուիլը կամ ցեղասպանութիւնը նոյնինքն թուրքին կողմէ, որ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը գործադրուած տարիներուն, օսմանեան պետութեան տարածքին քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու էթնիք բնաջնջման հրէշային ծրագրին որպէս արդիւնք:
Երկու կուսակցութիւններուն անունով՝ ՌԱԿ-ի կողմէ ընկ. Սեւակ Յակոբեան եւ Սիրիանիներու կուսակցութեան կողմէ Իպրահիմ Մուրատ ծաղկեպսակներ զետեղեցին «Սէյֆօ»ի նուիրուած յուշարձանին առջեւ Էշրէֆիէ Մար Էֆրէմ եկեղեցուոյ շրջափակին մէջ ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթող-մատուռին առջեւ՝ Անթիլիասի մայրավանք:
Յիշատակի արարողութեան ընթացքին, Իպրահիմ Մրատ նշեց, որ թուրքի բարբարոսութիւնը խնայած չէ նաեւ իր ազգը, որ կ՛ապրէր ու կ՛արարէր իր պապենական բնակավայրերուն մէջ: Ան շեշտեց, որ կարելի չէ ներել թուրքին մինչեւ այն ատեն, որ ան կ՛ուրանայ իր պապերուն քստմնելի ոճիրը եւ չի հատուցէր այն կորուստը, որ պատճառած է իր խաղաղ ժողովուրդին: Ընկ. Յակոբեան իր կարգին նշեց, որ սիրիանի ժողովուրդը բանական դաշնակիցն է Հայ ժողովուրդին, որոնք եղած են ճակատագրակից, միասնաբար դիմագրաւելով անմարդկային ոճիրը: Ան շեշտեց, որ շրջանի մէջ այն ինչ, որ կը սպառնայ սիրիանիներուն եւ քրիստոնեայ այլ փոքրամասնութիւններուն կը սպառնայ նաեւ հայութեան եւ մեր ժողովուրդներուն միասնական պայքարը կարեւոր դեր ունի թուրքերու կողմէ ցեղասպանուած ժողովուրդներուն արդար դատին հետապնդման ծիրին մէջ: