SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Viernes 22 de Noviembre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Diáspora - ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԳԻՐԸ
ՆԱԽԱԳԱՀ ՃՕ ՊԱՅՏԸՆԻ
24 de Abril de 2021

                                             Logo RAG su

            Աւելի քան մէկ միլիոն ամերիկահայեր միանալով միլիոնաւոր այլ հայերու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ այլ երկիրներու մէջ, տասնամեակներով սպասած են որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը վերստանձնէ ախոյեանի դերը մարդկային իրաւանց եւ բարոյականութեան հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եւ վերապրողներու  նկատմամբ, զոր վերցուցած էր անցեալին:  Հիմա, Պր. Նախագահ Պայտըն դուք առիք վճռական քայլը գործադրելով ցեղասպանութիւն (genocide) բառը պաշտօնապէս, բնութագրելու համար այդ դէպքերը. քայլ մը որ զօրութեամբ կ'ամրապնդէ միջազգային դիւանագիտական եւ ակադեմական հաստատումները այդ դէպքերուն:

            Միացեալ Նահանգները պաշտպանած են մարդկային իրաւունքները 19րդ դարու Օսմանեան ջարդերու թուականէն ի վեր:  Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին ան օժանդակած է ըստ կարելւոյն,  բայց աւելին՝ հանդիսացած է վստահելի աղբիւր մը տեղեկագրումի:  Միացեալ Նահանգներու դեսպանը՝ Հենրի Մորկընթօ  անձնապէս աշխատած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, մինչ նախագահ Ուիտրօ Ուիլսըն յետագային հետապնդած է Ամերիկայի հովանաւորութիւնը Հայաստանի համար եւ գծած անոր սահմանները.  երկրի մը որ իրականութիւն չդարձաւ քաղաքական դէպքերու փոփոխութեանց պատճառաւ:  Նիր Իսթ Ռիլիֆը օժանդակութիւն ապահովեց ամբողջ Ամերիկայի մէջ, անկասկած փրկելով բազում կեանքեր տեղահանութեան շրջանին եւ անկէ ետք:

            Նախագահ Պայտըն, մենք երախտապարտ եւ հպարտ ենք որ Ամերիկա դարձեալ կը հանդիսանայ ճշմարտութեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանը, մանաւանդ երբ այսօր Հայաստան եւ Արցախ կը դիմագրաւեն գոյութենական վտանգներ:

            Ասիկա վերջին դատակնիքն է այն նախաձեռնութեանց զորս ստանձնեցին Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու պալատն ու Ծերակոյտը 2019ին, եւ պիտի հանդիսանայ վահան մը՝ անցեալի ոճիրներու ուրացման փորձերուն դէմ:  Ան նոյնպէս պիտի դառնայ զգաստացուցիչ դաս մը բոլոր անոնց որ կը փորձեն ցեղասպանութիւն  կիրարկել:  Անոնք պիտի տեսնեն որ սուղ գին մը կայ վճարելի նման արարքներու համար:

          Հայերս ոչ միայն Ամերիկայի մէջ, այլ ամբողջ աշխարհի մէջ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ձեր պատմական հռչակագրին համար:

logo medios ramgavar alargadoԱրմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր, Պոստոն, Պայքար- Պոստոն, Ապագայ- Մոնթրէալ, Ազգ, Հայաստան, Զարթօնք, Պէյրութ, Նոր Աշխարհ, Աթէնք, Սարտարապատ, Պուէնոս Այրէս, Արեւ, Գահիրէ 

Más leídas