106 տարիներ անցած են այն օրէն երբ արիւնարբու թրքական պետութիւնը Հայ ժողովուրդին հանդէպ իրականացուց 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը:
Հակառակ պատահածին ահաւորութեան, Հայ ժողովուրդը իր կամքով եւ վճռականութեամբ կառչած մնաց կեանքին:
Հարիւր եւ վեց տարիներ անցան սակայն թրքաբարոյ ահաւոր ոճիրին պատկերները տակաւին կենդանի են, ցաւոտ ու խորունկ:
Մեր դատը արդար դատ է, որուն համար ժամանակը ազդակ մը չէ: Ան պիտի շարունակէ տրոփել իւրաքանչիւր հայու խիղճին եւ հաւաքական յիշողութեան մէջ այնքան ատեն, որ ոճրագործը չընդունիր իր արարքը եւ չի փոխհատուցեր պատճառած նիւթական, բարոյական եւ հոգեբանական կորուստին համար: Մենք կը հաւատանք, որ ճշմարտութիւնը չի մեռնիր, որքան որ փորձուի զայն ծածկել կամ մոռացութեան մատնել: Թող, որ մօտիկն ու հեռաւորը լաւ հասկնան, թէ մեր դատը անժամանցելի է:
Պատահական չէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցը համընկնի օսմանցի թուրքերուն եղբայրակից ազերիներու կողմէն Արցախեան պատերազմի արդիւնքով բռնագրաւուած սրբավայրերուն պղծումին ու հայ գերիներուն հանդէպ բռնարարքներու կիրառումին հետ: Թուրքը թուրք է ամեն տեղ եւ ամէն ժամանակներուն ընթացքին: Ազատամիտ ժողովուրդներուն համար անկախութիւնն ու ինքնորոշման հարցը մարդկային վսեմ իրաւունքներ են, որուն ձգտեցաւ Արցախի հայութիւնը եւ պիտի շարունակէ ձգտիլ հակառակ մեր վրայ պարտադրուած պատերազմին մէջ մեր կորսնցուցած մէկ ճակատամարտին: Մեր ժողովուրդը իր պատմութեան մէջ աւելի մեծ ալ արհաւիրքներու դէմ յանդիման գտնուած է, սակայն գոյատեւած: Մենք ի վերջոյ պիտի յաղթենք, որովհետեւ կարելի չէ արդարութեան մը պարտութիւնը եւ ի վերջոյ հակառակ անցնելիք ժամանակին եւ տրուած կորուստներուն` արդարութիւնն է, որ կը յաղթէ:
Մենք այսօր կ՛ոգեկոչենք Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ ամեակը, մինչ տակաւին կը դիմագրաւենք գոյութենական լուրջ մարտահրաւէրներ նոյն հայատեաց թշնամիին կողմէ: Ամենուրէք մեզի կը սպառնայ նոյն արիւնարբու թշնամին ըլլայ այն թուրքը, թէ ազերին, որ ոչ միայն պատրաստ չէ իր արիւնաթաթախ ձեռքերը լուալու ու քաղաքակրթուելու, այլ պատրաստ է աւելի եւս արիւն հեղեղելու յանուն իր ֆաշիստական՝ փանթուրանական ծրագիրներուն:
Կրնան ոմանք հարց տալ, որ՝ ինչո՞ւ չենք մոռնար 106 տարիներ առաջ պատահածը: Ինչո՞ւ պատմութեան այդ էջը չենք դարձներ: Մեր պատասխանը անոնց, հետեւեալն է. Կարելի՞ է յիշողութիւնը կամովին անջատել մարդկային ուղեղէն: Կարելի՞ է մարդկային արժանապատւութեան հասցուած վէրք մը վիրահատութեամբ մը հեռացնել: Կարելի՞ է պապենական հողի կորուստը, մեր նախնիներուն սպանութիւնը, նուաստացումը եւ խորը զգացած տառապանքը մոռացութեան մատնուի: Չէ. մենք չենք կրնար մոռնալ պատահածը եւ անցած ժամանակի երկարութիւնը նշանակութիւն մը չունի, որովհետեւ ճշմարտութիւնը չի մեռնիր, իսկ ազատութեան, հայրենասիրութեան եւ արդարութեան գիները միշտ ալ չափազանց թանկարժէք կ՛ըլլան, որուն համար մենք բնաւ չենք սակարկած ու պիտի չսակարկենք: