Մեր հիմնական աշխատանքներէն եղաւ Վահան Թէքէեան վարժարանի արձանագրած կրթական եւ բարոյական մակարդակը պահելն ու ամէն ճիգ ի գործ դնել դպրոցի գոյերթը
ապահովելու:
Դիւրին աշխատանք չէր: Տարիներու կուտակումներ կային եւ սրբագրութեան կարօտ աշխատանքներ, որոնք Աստուծոյ օգնութեամբ եւ իմ գործակիցներուն բարի կամեցողութեամբ ու նեցուկին յառաջ տարինք:
Արդարեւ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնին կողմէ ատենին ինծի տրուած լիազօրագրին հիման վրայ, անձնական հետապնդումներուս եւ մանաւանդ
երեսփոխանական կապերուս շնորհիւ յաջողեցայ զեղչերով եւ մասնակի վճարումներու դասաւորումով մարել պատերազմի տարիներուն ԶԱՐԹՕՆՔ-ի եւ Թէքէեան Կեդրոնի կուտակուած հարիւրաւոր հազար տոլարներու հասնող պարտքերը:
Այս ընթացքին մենք յաջողեցանք նաեւ ԹՄՄ-ի, ԶԱՐԹՕՆՔ-ի եւ Վահան Թէքէեան Վարժարանի սեփականութեան եւ կալուածաթուղթերու օրինականութիւնը ապահովել:
Հաւատալով, որ հաստատութիւնը աւելի կայուն է քան անհատը, միութիւնը, թէ որպէս փոխատենապետ եւ ապա ատենապետ ղեկավարած օրերուս ամէն ջանք ըրի, որ իր հիմնադրութեան օրէն տակաւին անհատներու պատկանող ԶԱՐԹՕՆՔ-ի արտօնագիրը փոխանցել միութեան եւ կուսակցութեան հաւաքական սեփականութիւնը հանդիսացող պաշտօնապէս գրանցուած հաստատութեան: Վահան Թէքէեան Վարժարանի
շէնքին պարագան ալ աւելի դժուար կացութիւն էր:
Երբ պատասխանատուութիւն ստանձնեցի, մեծ զարմանքով յայտնաբերեցի, որ այն հողատարածքը, որուն վրայ դպրոցը հիմնուած էր, տակաւին ցանքի յատուկ հողաշերտ էր, որուն վրայ տարիներէ ի վեր կանգնած կառոյցը գոյութիւն չունէր:
Բարեբախտաբար նոյն օրերուն ունէի ընտրուած պետական երեսփոխանի հանգամանք եւ օգտուելով առկայ պետական կապերէ, կարելի եղաւ այս բացթողումն ալ մեծ դժուարութիւններով սրբագրել:
- Լիբանանի ներկայ իրավիճակը, ի՞նչ տեսակ մարտահրաւէրներու առջեւ դրած է Ձեզի: Պէյրութի Պայթումը, անոր նախորդած եւ յաջորդած Լիբանանի տնտեսական արհաւիրքը եւ քորոնաժահրով պայմանաւորուած առողջապահական խնդիրները, ի՞նչ մարտահրաւէրներու առջեւ դրած են Ձեզի:
- Լիբանանի տնտեսական սնանկ իրավիճակն ու քորոնաժահրի գործած աւերը կարծէք չէին բաւեր, որ արդէն իսկ հսկայական դժուարութիւններու առջեւ դրծ էին միութիւնը իր սատարած
կառոյցներով, Պէյրութի պայթումը եկաւ կարծէք մահացու հարուած մը տալու մեզի: Որպէս հայկական կառոյց, Թէքէեան Կեդրոնը աշխարհագրականօրէն Պէյրութի նաւահանգիստին