SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Jueves 26 de Diciembre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Diáspora - Շնորհավորական նամակ
Հ.Բ.Ը.Մ.ի 91-րդ Ընդհանուր Ժողով
02 de Marzo de 2021

Մեծայարգ՝ Մեթր ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ

Նախագահ՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան

Յարգարժան անդամներ՝ ՀԲԸՄ Կեդրոնական Վարչական Ժողովի

Նիւ Եորք — ԱՄՆ

Սիրելի բարեկամներ,

Սոյն գիրով կու գանք շնորհաւորելու մեր Մեծ Միութեան՝ Հ.Բ.Ը.Մ.ի 91-րդ Ընդհանուր Ժողովի բարեյաջող եւ հպարտառիթ կայացումը, հակառակ քորոնաժահրին պատճառած արտակարգ պայմաններուն:

Մեզի համար անակնկալ մը չէր, որ իր հիմնադրութենէն  115 տարիներ վերջ, ոչ թէ չէին սպառած ՀԲԸՄ-ի ուժերը, այլ ան իր 91-րդ Ընդհանուր Ժողովին կը ներկայանար աւելի եւս կենսունակ: Անոր ներկայ Կեդրոնական Վարչական Ժողովը հաւատարիմ միութեան հիմնադիրներուն գծած ուղիին եւ որպէս արժանաւոր շառաւիղները անոնց, ինչպէս նաեւ որպէս ազնիւ յանձնակատարները ՀԲԸՄ-ի հին ու նոր բարերարներուն կտակներուն եւ մեծահոգի նուիրատուութիւններուն, կը  շարունակեն իրենց վստահուած մարդկային  եւ ազգային վեհ առաքելութիւնը:

2020 տարին, վերջին տասնամեակներու մարդկային պատմութեան մէջ, լաւագոյնը չէր համաշխարհային դառն իրադարձութիւններով, որոնցմէ անմասն չմնաց Հայ ժողովուրդը: Այս առումով, ՀԲԸՄ-ի գոյութիւնը օրհնութիւն մը եղաւ, իր մարդասիրական եւ բարեսիրական ծրագիրներով հասնելու աշխարհի չորս ծագերu, որպէսզի մարդկութիւնն ու Հայ ժողովուրդի զաւակները նուազագոյն դժուարութիւններով կարենան շրջանցել մարդկային քաղաքակրթութիւնը հարուածող համաճարակին  հետեւանքները:

4 Օգոստոս 2020-ի Պէյրութի ցաւալի պայթումին հետեւանքները ամոքելու ազնիւ պարտականութիւնը գտնուեցաւ ՀԲԸՄ—ի հոգատարութեան կիզակէտին վրայ: ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքը առաջնորդութեամբ իր նուիրեալ ղեկավարութեան, յենարան ունենալով ՀԲԸՄ-ի աշխարհասփիւռ ընտանիքը, անմիջապէս ձեռնարկեց մարդասիրական լայնածաւալ աշխատանքներու՝ անխտիր հասնելով բոլորին առողջապահական, շինարարական, պարենաւորման եւ այլ պէտքերուն:

27 Սեպտեմբեր 2020-ին վրայ հասաւ Արցախեան պատերազմի արհաւիրքն ու անոր հետեւանքները: ՀԲԸՄ կրծքաբաց ընդունեց մարտահրաւէրը ինչպէս միշտ ըրած է Հայ Ժողովուրդին վերջին աւելի քան հարիւր տարուայ պատմութեան մէջ՝ ճակատագրական պահերուն կատարելով իր ազգային պարտականութիւնը:

Հայրենիքի դիմագրաւած յետպատերազմեան ներքաղաքական ճգնաժամին, ՀԲԸՄ լուռ հանդիսատեսի դերի մէջ չմնալով ունեցաւ յանդուգն եւ պատուաբեր կեցուածք:

Աւելին՝ իր նախագահին կոչով այսօր ՀԲԸՄ իր տեսլականը ունի Հայրենիքի ապագայ առողջ  կառավարման գերխնդրին նկատմամբ:

Մենք երախտապարտ ենք ՀԲԸՄ-ի կատարած անզուգական աշխատանքին:

Մենք հպարտ ենք.

Ազգային առումով գաղափարակիցն ու զինակիցները ըլլալու ՀԲԸ Մեծ Միութեան: Միասնաբար դրօշակակիրները ըլլալու Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին:

Ուս-ուսի անվերապահ եւ անձնազոհ զինուորները ըլլալու Մայր Հայրենիքին:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան աշխարհասփիւռ տարբեր շրջանակներու երկու ներկայացուցիչներս,   դարձեալ կը շնորհաւորենք մեր հոգեհարազատ Միութեան 91-րդ Ընդհանուր Ժողովը ու բարձր կը գնահատենք անկէ բխած բանաձեւումները, նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով ՀԲԸՄ-ի մեծ ընտանիքին: Լաւագոյնս կը մաղթենք ՀԲԸՄ Կեդրոնական Վարչական Ժողովի վերընտրուած անդամներուն, իրենց անձնական, թէ միութենական աշխատանքներուն համար:

Բարեկամական ջերմ ողջոյններով,

Ի դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋ. ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ    ՀԱՐԱՒ. ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋ. ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ  ատենապետ       ՍԵՐԽԻՕ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ ատենապետ

ԱՐՄԷՆ ՎԱՅԷՃԵԱՆ ատենադպիր   ԳԱԲՐԻԷԼ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ  ատենադպիր

Más leídas