Համակարգող Խորհուրդը Կ՛ազդարարէ
Խմբագիրներու Տարածաշրջանային 5րդ՝
Այս Հանգրուանի Եզրափակիչ Առցանց ժողովը
Հրաւէր Հայաստանի եւ Արցախի Լրատուամիջոցներու Խմբագիրներուն
Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Խորհուրդը հիմնուելով 29 Փետրուար – 1 Մարտ 2020-ին Անթիլիասի մէջ կայացած իր նիստին որոշումներուն վրայ, մէկ տարուայ ժամանակմիջոցի մէջ կազմակերպեց տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցութիւններ։ Արդէն իսկ կայացած են Մերձաւոր Արեւելքի, Եւրոպայի, Ամերիկաներու եւ ԱՊՀ երկիրներու մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներու առցանց հանդիպումները:
Այս հանգրուանի 5-րդ եւ եզրափակիչ առցանց ժողովը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի 15 Մարտ 2021ին, Երեւանի ժամով 18:00-ին։
Իբրեւ թեմա նկատի առնուած է՝ Հայաստանի եւ Արցախի Լրատուամիջոցը Ներկայ Պայմաններուն Մէջ. Դժուարութիւններ Եւ Դիմագրաւման Միջոցներ։
Մասնակցիլ փափաքողներէն կը խնդրուի կապուիլ հետեւեալ ել-նամակի հասցէին՝ panarmenian.media@gmail.com
Ծանօթ. Հայկական լրատուամիջոցներէն կը խնդրուի այս ազդը հրապարակել:
Լրագրողներու Համահայկական
Համաժողովները Համակարգող Խորհուրդ