ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ ՀՀ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՐԱ ԱՅՎԱԶԵԱՆԻՆ
ԱՄՆ նոր վարչակազմի կազմութիւնը և ԱՄՆ Քոնկրէսի 117-րդ նստաշրջանի մեկնարկը, Արցախի դէմ սանձազերծուած Թուրքիոյ և Ատրպէյճանի վեցշաբաթեայ պատերազմի լոյսին տակ, առիթներ են նոր հնարաւորութեան՝ խթանելու ԱՄՆ-Հայաստան յարաբերութիւնները, արծարծելու ատրպէյճանա-թրքկան յարձակողապաշտութիւնը, աջակցելու Արցախի անվտանգութեան և իրականացնելու հայ ժողովրդի ազգային և ժողովրդավարական ձգտումները:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը - յանձինս իր դիվանագիտական ներկայացուցչութեան - և ամերիկահայ համայնքը, որպէս մեր գերտէրութեան քաղաքացիներ, իւրաքանչիւրը այս գծով կենսական դեր ունի: Իր հերթին, Հայաստանը բարեբախտութիւնը ունի, որ Ուաշինկթոնի մէջ ներկայացուած երկար տարիներու փորձ ունեցող ու ձեռնհաս դեսպանով` միջազգային դիւանագիտական բարձրագոյն մակարդակներու վրայ արդիւնաւէտ կերպով առաջ տանելու Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային շահերը: Դեսպանն ու անոր արհեստավարժ թիմը դրական գնահատանքի արժանացած են ԱՄՆ իրենց գործընկերներու, ամերիկահայ համայնքի կազմակերպութիւններու լայն շրջանակի և Ուաշինկթոնի արտաքին քաղաքական դէմքերու կողմէ:
Որպէս ամերիկեան քաղաքացիական հասարակութեան մէջ խորապէս ընդելուզուած և ԱՄՆ կառավարութեան հետ աշխատելու հարիւրամեայ փորձ ունեցող համայնք, մենք անկախ Հայաստանի վերածնունդէն ի վեր նախանձախնդիր եղած ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային դիւանագիտական ներգրաւուածութեան աստիճանը վեր պահել մեր հայրենիքի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններէն: Վտանգը պարզապէս չափազանց մեծ է արտասահմանի մէջ դիւանագէտներ նշանակելու հարցով առաջնորդուիլ բացի մասնագիտական հմտութիւններու չափանիշէն: Կուսակցական կամ հատուածական անհանգստութիւններ - որոնք այսօր ակներեւ են Երևանի մէջ- երբեք առիթ պէտք չէ հանդիսանան արտերկրի մէջ Հայաստանի ներկայացուածութեան նշանակումի համար: Քաղաքականութիւնը պէտք է, ինչպէս կ'ըսեն, աւարտի ջուրի եզրին:nknk
Այս ծիրին մէջ, յատկապէս վճռական այս պահուն, մենք խստօրէն և բացահայտօրէն դէմ ենք պառակտիչ եւ դիւանագիտական ոչ մէկ փորձ ունեցող Լիլիթ Մակունցի նշանակման անպատասխանատու որոշումին, իբրեւ փոխարինող ԱՄՆի մօտ ՀՀ դեսպան Վարուժան Ներսիսեանին: Սոյն նամակով կը պահանջենք, որ բեկանէք զայն առաջադրելու որոշումը և մեր սեփական կառավարութեան կը յայտնենք անոր ունակունութիւններու հանդէպ մեր ունեցած վերապահումները:
ՀՅԴ Կեդրոնական Վարչութիւն ՌԱԿ Արեւելեան Ամերիկայի
Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն
Փետրուար 26, 2021