Հայրենիք իր աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս, երէկ առաւօտեան, Ստեփանակերտի մէջ Ընկ. Սեւակ Յակոբեան ընդունուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի կողմէ: Հանդիպման երկրորդ մասին միացաւ նաեւ ընկ. Յակոբեանին այցերուն ընկերակցող՝ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան փոխ-ատենապետ՝ ընկ. Կարեն Կակոյեանը:
Արցախի նախագահը առաջին հերթին հետաքրքրուեցաւ Պէյրութի օգոստոսի 4-ին տեղի ունեցած աւերիչ պայթումէն յետոյ ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման գործընթացով եւ այդ շրջագիծին մէջ լիբանանահայերու վիճակով: Նախագահ Յարութիւնեանի խօսքով՝ Արցախ կը շարունակէ ուշադրութեամբ հետեւիլ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, քանի որ մտահոգուած են լիբանանահայութեան ճակատագրով:
Ընկ. Յակոբեան իր խօսքին մէջ լիբանանահայութեան անունով երախտագիտութիւն յայտնեց նախագահին՝ տեղի ունեցած աղէտէն ետք առաջիններէն արձագանգողներէն մէկը ըլլալուն համար եւ ընդգծեց, որ Արցախի աջակցութիւնը, բացի նիւթականէն, բարոյական առումով մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուց լիբանանահայութեան մօտ:
Հանդիպման ընթացքին Արցախի նախագահն ու Ընկ. Յակոբեան անդրադարձան հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդմանը վերաբերող հարցերուն: