SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Jueves 26 de Diciembre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Armenia - Խմբագրական
Հայաստանի քաղաքական երկընտրանքը
30 de Enero de 2023

Հայաստանի այսօրուան քաղաքական անմխիթար վիճակին գլխաւոր պատճառը այն է որ ոյժի դրութենէն մեկնելով չի կրնար ընտրութիւն կատարել իր դիմաց պարզուող երկընտրանքին մէջ:

Եթէ պէտք է տարազել այդ երկընտրանքը միայն Արեւմուտք-Ռուսաստան հակադրութեան մէջ, ճիշդ պիտի չըլլայ երկընտրանքի սահմանումը, որովհետեւ ընտրանքները շատ աւելի են քան երկուքը: Այդ ընտրանքներէն մէկը եթէ Ամերիկա-Եւրոպական Միութիւնն է, անոնց դիմաց միայն Ռուսաստանը չէ որ կողմ է. այլ` Թուրքիա-Ատրպէյճան մէկ կողմ, Իրան առանձին մէկ կողմ եւ ապա Ռուսաստան` միւս կողմ:

Ցարդ Հայաստանի ճակատագիրը ամրօրէն կապուած էր Ռուսաստանի հետ, որովհետեւ աւանդականօրէն Հայաստանի շահերը կը համընկնէին այդ երկրին հետ, աւելի քան ուրիշ երկրի կամ բեւեռի: Սակայն, ժամանակները ցոյց տուին որ այդ շահերը միշտ ալ յարիր չէին իրարու եւ պէտք էր որոնել այլ համադրութիւններ եւ այդպէս սկսաւ փնտռտուքը: 

Հակառակ ոմանց կարծիքին` 2018ին Հայաստանի մէջ կայացած իշխանափոխութիւնը գունաւոր յեղափոխութիւն մըն չէր, որովհետեւ Մոսկուա շուտով անդրադարձաւ զարգացումներուն եւ առաջքն առաւ գունաւոր յեղափոխութեան մը. որովհետեւ Քրեմլինը իր դասը քաղած էր Ուքրանիոյ Մէյտանի յեղափոխութեան առիթով. արդարեւ, երբ ռուսամէտ նախագահը` Վիքտոր Եանուքովիչ փախուստ տուաւ մայրաքաղաք Քիեւէն, անտիրութեան մատնելով երկիրը, յանկարծ Մէյտանի վրայ երեւցաւ Ամերիկայի պետական քարտուղարութեան ներկայացուցիչ Վիքթորիա Նիւլենտը, որ համադրեց Մէյտանի յեղափոխութիւնըª երկիրը հաստատօրէն զետեղելով ուղիին վրայ որ կ'երթար դէպի Եւրոպական Միութիւն եւ դէպի ՆԱԹՕ: Ռուսաստան այդ օրերու իր բացակայութեան գինը կը վճարէ այսօրուան պատերազմով, Ուքրանիոյ մէջ:

Այնպէս որ, հետագային ան ուզեց հակակշիռներ պահել երբ Թաւշեայ յեղափոխութիւնը ծայր տուաւ Հայաստանի մէջ, եւ ապա` խլրտումները սկսան Ղազախստանի մէջ:

Մինչեւ 2020 Հայաստան չունէր ինքնուրույն ռազմական քաղաքականութիւն (military doctrine), որովհետեւ ռազմավարութեան խնդիրները պարզուած կը թուէին Ռուսաստանի ռազմախարիսխովը Կիւմրիի մէջ, ինչպէս նաեւ այդ երկրին հետ ունեցած ռազմական դաշինքին վստահութեամբ:

Այդ ինքնավստահութեան ներշնչումն է որ նախագահ Սերժ Սարգսեանը մղեց մէկ օրուան մէջ դիրքափոխութիւն ընելու եւ փոխանակ Եւրոպական Միութիւն ուղղուելու` յարեցաւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵԱՏՄ):

2020ի 44օրեայ պատերազմը, ամբողջ հասակով պարզեց այդ ռազմավարութեան էութիւնը, երբ մեր դաշնակից համարած երկիրը ոչ միայն թերացաւ իր յանձնառութեանց մէջ, այլ յստակօրէն կողմնակից դարձաւ թշնամի Ատրպէյճանին: Իսկ դաւադրական այս երեւոյթին ամբողջ էութիւնը բացայայտուեցաւ երբ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի անդամները, որոնց դաշնակցած ըլլալ կը կարծէր Հայաստան` գացին եւ շնորհաւորեցին բռնատէր Ալիեւը իր տարած ՙյաղթանակ՚ին առիթով:

Այս զարգացումներուն հետեւող ժողովրդային ընդվզումը հասկնալի էր. սակայն, քաղաքական խնդիրները դժուար թէ լուծուին ընդվզումով ու զայրոյթով: Պէտք է կացութիւնները վերլուծել պաղարիւն կերպով եւ առնել համապատասխան զգոյշ քայլեր:

Ամբաստանել որ Ռուսաստան դաւաճանեց Հայաստանին` ճիշդ պիտի չըլլար. այլ, պէտք է ըսել որ Թուրքիոյ հետ ունեցած մեծ հաշիւներուն պատճառաւ` չկարողացաւ տէրը կանգնիլ իր յանձնառութեանց:

Ռուսական կողմին վրայ ալ ջղային բացատրութիւններ կը տրուին ծածկելու համար Քրեմլինի անկարողութիւնը: Հասկնալի է որ Ռուսաստան հետամուտ ըլլայ իր սեփական շահերուն. մեր պարտքն է – առանց մեղադրանքներու - պարզել մեր դաշնակիցին որ Հայաստանն ալ հետամուտ պիտի ըլլայ իր շահերուն, մանաւանդ որ վերջին պատերազմէն ի վեր կը  դիմագրաւէ գոյութենական լուրջ մարտահրաւէրներ:

Ատրպէյճան ոչ միայն գրաւած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ գտնուող տարածքները այլ 240 քառակուսի քլմ. հող գրաւած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն: Դեռ աւելին` նախագահ Ալիեւ պաշտօնապէս կը յայտարարէ որ Հայաստանի հանրապետութեան տարածքը ՙԱրեւմտեան Ատրպէյճան՚ է եւ ծրագիր մշակած է աշխարհի հանրային կարծիքը համոզելու որ այդ հողերուն իւրացումը Ատրպէյճանի պատմական իրաւունքն է:

Ատրպէյճան պարզապէս կը յայտարարէ որ ծրագիրները եւ երբ պատեհութիւնը ներկայանայ` կը գործադրէ զանոնք:

Հայաստանի դէմ ուղղուած այս սպառնալիքը կու գայ ոչ թէ լրագրողէ մը, ոչ ալ պետական երկրորդական պաշտօնեայէ մը, այլ ուղղակի թշնամի երկրի գործադիր իշխանաւորէն, եւ այս սպառնալիքին դիմաց լուռ է մեր դաշնակիցը. լուռ են նաեւ աշխարհի մեծերն ու ՄԱԿի ատեանը:

Ո՞ւր են միջազգային այն օրէնքները որոնք կ'արգիլեն օր ցերեկով պետութիւն տապալելու եւ երկիր գրաւելու արկածախնդրութիւնը:

Մինչեւ վերջերս շփոթութիւն կար Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ, սակայն վերջերս կը նշմարուին որոշ աշխոյժութիւն եւ յստակութիւն: Հայաստան սկսած է իր պաշտպանական ցանցը ընդարձակել եւ Ռուսաստանի ծիրէն դուրս նաեւ որոնել զինատեսակներ. երկիրներէն մէկը որ արդիական զինատեսակներ պիտի հայթայթէ Հայաստանին ոչ միայն առեւտրական հիմքով այլ նաեւ քաղաքական այլ ազդակներու բերումով Հնդկաստանին. օրինակ Հնդկաստանի հակառակորդ Փաքիստանը գործնապէս մասնակցեցաւ 44օրեայ պատերազմին:

Նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ Հայաստան զօրակից է Հնդկաստանին Քաշմիրի խնդրով:

Լաչինի շրջափակումը առիթ ընծայեց որ Հայաստան Ատրպէյճանի հետ ունեցած իր խնդիրները միջազգայնացնէ:

Անցեալ տարի Եւրոպական Միութիւնը երկու ամսով քաղաքային 40 դիտորդներ ղրկած էր Հայաստան:

Անոնց ներկայութիւնը որոշ զսպիչ դեր կատարեց որ սահմանային նոր գրաւումներ տեղի չունեցան: Բնականաբար նման դիտորդներու ներկայութիւնը սահմանին վրայ չի կըրնար արգիլել պատերազմը, սակայն, կրնայ միջազգային հանրութեան առարկայական փաստագրութիւններ ներկայացնել նախայարձակ կողմին մասին:

Այդ փորձառութեան հիման վրայ Եւրոպական Միութիւնը որոշեց 100 դիտորդ ղրկել Հայաստան երկու տարուան պայմանաժամով: Այդ նախաձեռնութիւնը վրդովեցուցած է Ատրպէյճանը: Ալիեւ բողոքած է որ իր հետ չէ համաձայնեցուած այդ որոշումը: Բնականաբար Ալիեւ պիտի ուզէր Հայաստանը անպաշտպան գտնել իր սադրանքներուն դիմաց. անբնականը այն է որ Ռուսաստան ձայնակցած է Ատրպէյճանին. օրինակ արտաքին գործոց նախարար Լաւրով յայտարարած է որ այդ տեղակայումը կրնայ խնդիրներ յարուցանել քանի Ատրպէյճանի հաւանութեան չէ արժանացած ան: Նոյնպէս Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ զեկոյցը կը զգուշացնէ որ դիտորդներու ներկայութիւնը ՙկրնայ աշխարհաքաղաքական խնդիրներ յարուցանել՚:

Իսկ Պետական Տումայի պատգամաւոր Ալեքսանտր Զատուլին ուղղակի սպառնացած է ըսելով ՙԵթէ այդ տեղակայումը պատճառ պիտի ըլլայ որ Հայաստան փոխէ իր քաղաքական ուղղուածութիւնը (վեքտոր) մենք կը միջամտենք՚:

Շատ հասկնալի է որ այդ նախաձեռնութիւնը Արեւմուտքին համար կը նշանակէ թափանցում մը Ռուսաստանի ազդեցութեան գօտիէն ներս: Սակայն, Հայաստանի դերը պիտի ըլլայ հասկցնել Քրեմլինին որ Հայաստան դիտաւորութիւն չունի քաղաքական այդ պարանաձգութեան մէջ դեր մը ունենալ, սակայն կը փորձէ կիրարկել ոչ-պլոքային քաղաքականութիւն մը, ինչպէս կը յանձնարարէ ռազմագէտ Արմինէ Մարգարեան:

Նոյնպէս Հայաստանի իշխանութեանց կը մնայ փաստել որ Երեւանի քայլը Պաքուի դէմ է եւ ոչ Ռուսաստանի:

Այստեղ պէտք է նկատի ունենալ նաեւ զգայութիւնները Թեհրանին, որ վճռական կերպով դիրք ճշդած է տարածաշրջանէն ներս որեւէ սահմանային փոփոխութեան դէմ: Դժբախտաբար Հայաստանի դաշնակիցը շատ հեռու է նման վերաբերում մը ցոյց տալէ:

Ուրեմն, օտար դիտորդներու ներկայութիւնը – մանաւանդ Արեւմուտքէն – ընդունելի չէ Իրանի համար:

Բացառուած չէ որ Հայաստան-Ատրպէյճան լարուածութեան մեղմացում բերելու առաքելութեամբ ճամբայ մղած դիտորդական առաքելութիւն մը նպատակներ ունենայ նաեւ վերահսկելու Հայաստան-Իրան սահմանը, ինչպէս Իսրայէլ կը կատարէ այդ գործը Ատրպէյճանի հողամասէն: Նոյնիսկ այսպիսի հաւանականութեան պարագային աւելի հաւասարակշռող կրնան ըլլալ եւրոպական դիտորդներու տուեալները, իսրայէլեանին դիմաց, որոնք կրնան ըլլալ միակողմանի:

Եւրոպական Միութեան նախաձեռնութեան զուգահեռ Եւրոպական Խորհուրդը նիստ մը կայացուց Սթրազպուրկի մէջ,ուր, բացի ազերի պատուիրակներէն, պատգամաւորներու մեծամասնութիւնը պահանջեց Ատրպէյճանէն բանալ Լաչինի միջանցքը. այդ ուղղութեամբ կը պատրաստուի նաեւ յատուկ զեկոյց մը:

Հայաստան զգուշաւոր կերպով կը փորձէ իր արտաքին քաղաքականութիւնը բազմակողմանի դարձնել (դիվերսիֆիկացիա), միշտ զգուշանալով որ լծակ չդառնայ Արեւմուտքի Կովկաս ներթափանցման քաղաքականութեան:

Արդէն կ´ըսուի թէ ներկայիս Ռուսաստան զէնք չի տրամադրեր Հայաստանին: Հակառակ այդ իրողութեան ընդդիմութեան մէջ կան դէմքեր որոնց լուծումը ՙմիութենական երկիր՚ դառնալն էր Հայաստանի համար, միանալով Ռուս-Պելառուս խարխլած Միութեան:

Պահ մը փորձեց այդ գաղափարին կրողն ըլլալ նաեւ Ռուբէն Վարդանեան` եթէ տակաւին իր ենթագիտակիցին մէջ չի շարունակեր մնալ այդ գաղափարը:

Ան Թաթարիստանի նման իրավիճակ մը կը նախատեսէր Հայաստանին: Յամենայն դէպս, անոր քաղաքականութիւնը կը մնայ խորհրդաւոր քողի տակ, առիթ տալով ամէն կարգի վերագրումներու:

Բայց բոլոր այն քաղաքական գործիչները եւ մեկնաբանները որոնք կը ջանան Հայաստանը հրել հակառուսական հոսանքի մէջ` արջու ծառայութիւն կը մատուցանեն մեր հայրենիքին: Կարէն Սարգսեան, Լեւոն Շիրինեան, Տիգրան Խզմալեան, Յովսէփ Խուրշուտեան, Արա Բաբեան որոշ չափով` Արման Բաբաճանեան հեգնանքով եւ վիրաւորական վերլուծումներով կը ջանան հանրային կարծիքը համոզել որ Ռուսաստան արդէն տապալած է, տարանջատուած է մասերու. իսկ նախագահ Փութին ղրկուելու վրայ է դէպի միջազգային ոճրային դատարան:

Նման մեկնաբանութիւնները աւելորդ զգայնութիւններ կը յառաջացնեն ռուսական կողմին մօտ, որուն հետ տակաւին կապուած ենք քաղաքական, ռազմական եւ մանաւանդ տնտեսական կապերով: Հակառակ ներկայացւած ծաղրանկարային պատկերին, Ռուսաստան ունի տակաւին հզօր լծակներ, ազդու կերպով հակադարձելու Հայաստանին:

Ո՞րն է ճիշդ ուղին. եթէ պարզ ըլլար այս հարցումին պատասխանը` Հայաստան անմիջապէս կրնար կիրարկել զայն եւ դուրս գալ այս մղձաւանջային իրավիճակէն:

Թող ոչ ոք յաւակնի որ ունի ճշմարտութեան մենաշնորհը. քանի այդ ճշմարտութիւնը բարդ է, բազմակողմանի եւ զուգորդուած այլ ճշմարտութիւններու հետ:

Պարտուած երկիր մը շատ ընտրութիւններ չունի: Քանի ճշմարտութիւնը կը պաշտպանուի միայն զէնքով:

Հայաստան իր գոյութենական պայքարին համար իրաւունք ունի զէնք գնելու ոեւէ երկրէ` հակառակ Ատրպէյճանի սպառնալիքներուն:

Միւս կողմէ ամէնէն հզօր զէնքը կը մնայ խոհեմ դիւանագիտութիւնը` դուրսի աշխարհին հանդէպ. սակայն դիւանագիտութիւն մը որուն շուրջ պէտք է ստեղծուի համազգային ներքին զօրակցութիւն:

Más leídas