SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Viernes 27 de Diciembre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Armenia - Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն
ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՆՔ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆՈՐ ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ
14 de Septiembre de 2022

8D7E28ED-D062-4B06-B901-FAC222A039BE

Այսու կու գանք մեր ձայնը միացնելու բոլոր արդարամիտ շրջանակներու ձայնին, աներկբայօրէն դատապարտել Ատրպէյճանի նախայարձակումը Սեպտեմբեր 13ին, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն ներս թիրախ բռնելով Սօթքի, Ջերմուկի, Կապանի, Վարդենիսի շրջանները՝ խլելով 49 զոհեր եւ բազմաթիւ վիրաւորեալներ:

            Աշխարհի վրայ ամէն մէկ հայու պարտքն է անդրադառնալ այս տագնապալի կացութեան եւ առ այդ բարձրացնլ իր բողոքի ձայնը:

            Իրենց հերթին պարտքն է Հայաստանի իշխանութեանց հզօր կերպով բողոքելու իրաւասու շդջանակներուն եւ առաւել եւս հակադարձէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ սանձազեծուած լրատու ե՛ւ մամուլի արշաւին, հնչեցնելու համար արդարութեան ձայնը:

            Ատրպէյճանը խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու պատրուակով բանակցութեան մէջ է Հայաստանի հետ եւ այս նախայարձակումով կը ջանայ պարտադրել իր սեփական պայմանները, որոնք կը միտին սպառնալ Հայաստանի ինքնիշխանութեան:

            Երբ խնդրոյ առարկայ է ոեւէ երկրի ինքնիշխանութիւնը՝ առաջին հերթին ՄԱԿը եւ համապատասխան մարմինները պէտք է հակազդեն առկայ վտանգին, որքան սատարելով խնդրոյ առարկայ զոհին, այլ նոյնպէս պահպանելով իրենց սկզբունքները՝ ազգերու միջեւ ներդաշնակութիւն եւ խաղաղութիւն պահպանելու:

            Այս կապակցութեամբ կ’ողջունենք ֆրանսական իշխանութեանց նախաձեռնութիւնը ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի օրակարգին վրայ դնելու տագնապալի այս միջադէպը, նոյնպէս կ’ողջունենք Հայաստանի Ապահովութեան Խորհուրդի որոշումը դիմելու ՄԱԿին, Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Հաւաքական Ապահովութեան Ուխտի կազմին, առաջքն առնելու համար այս նախայարձակման:

            Հայաստան, իբրեւ լիիրաւ անդամ Հաւաքական Ապահովութեան Ուխտի կազմին իրաւունքն ունի արժեցնելու իր անդամակցութեան ձայնը եւ ուխտը, հաւատարիմ մնալու իր սկզբունքին, պարտաւոր է զանազանութիւն դնել իր անդամ Հայաստանիեւ անոր թշնամիին միջեւ:

            Ի վերջոյ ատենն է որ ստեղծուի ներքին միասնականութիւն Հայաստանի ժողովուրդին մէջ, ինչպէս նաեւ պետական կառոյցներէ ներս:  Անհասկնալի է եւ դատապարտելի խորհրդարանական ընդդիմութեան վերաբերումը չմիանալու մեծամասնութեան դատապարտելու ատրպէյճանական նախայարձակումը:

            Հայրենակիցներ ու բարեկամներ, երբ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը վտանգի տակ է՝ կը նշանակէ որ հնչած է ահազանգը համազգային զօրակոչի:

            Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը այսօր կոչ կ’ուղղէ համայն հայութեան, սարտարապատեան ոգիով միանալուեւ հաւաքաբար դիմակայելու ատրպէյճանական վտանգը:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Պոստոն

Más leídas