ԱՀ Նախագահի հրամանագրով Լիբանանի «Զարթօնք» հայկական օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, մտաւորական, քաղաքական-հասարակական գործիչ Սեւակ Յակոբեան պարգեւատրուած է «Երախտագիտութեան» մետալով: Այս մասին պաշտօնապէս կը յայտարարէ «Արցախփրէս»:
Պարգեւատրումին մասին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրը յատկապէս կը նշէ.
«Ղեկավարուելով Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 93-րդ յօդուածի 21-րդ կէտով եւ հիմք ընդունելով «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական պարգեւների մասին» օրէնքը՝ որոշում եմ.
2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-ին հակառակորդի սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնների ընթացքում Արցախի Հանրապետութեանը ցուցաբերած աջակցութեան համար «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան (Լիբանան) պարգեւատրել «Երախտագիտութիւն» մետալով»:
Պարգեւը Ընկ. Յակոբեանին յանձնած է ԱՀ նախագահի Սփիւռքի հարցերով խորհրդական Ազատուհի Սիմոնեանը, որ «Արցախփրէս»-ին հետեւեալը նշած է.
«Այսօր պաշտօնապէս Սեւակ Յակոբեանին յանձնելով մետալը՝ նշեցի, որ Արցախը չի մոռանում ու հենց այս մետալով նոյնպէս իր երախտագիտութիւնն է յայտնում սփիւռքահայ գործիչներուն, որոնք թէ քարոզչական աշխատանքով եւ թէ անձնական օրինակով մշտապէս սատար ու նեցուկ են կանգնում արցախցիներին ու Արցախի Հանրապետութեանը»: