Մեծայարգ Պրն. Մխիթար Մնացականեան
Նախագահ՝ Հայաստանի Կարմիր Խաչ Ընկերութեան (ՀԿԽԸ)
Յարգելի պարոնայք,
Վերջերս ուշադրութիւնս գրաւեց Ձեր գլխաւորած ընկերութեան հասցէն կրող, Ձեր մայր հաստատութեան՝ Միջազգային Կարմիր Խաչի ու անոր գործակից Միջազգային Կարմիր Մահիկի Հոկտեմբեր 2020 – Սեպտեմբեր 2022 շրջանի ընթացքին, USAID-ի գործակցութեամբ Հայաստանի տարածքին իրագործելիք աշխատանքներուն բացատրողական թերթիկը (brochure, flyer) – տեսնել կցուած նկարը – :
Մեծ զարմանքով եւ լուրջ մտահոգութեամբ անդրադարձայ, որ նշեալ թերթիկին վրայ տեղադրուած Հայաստանի Հանրապետութեան քարտէսին վրայ, Սիւնիքի մարզը տարածքային աղաւաղուած ձևով գծուած է իսկ Գեղարքունիքի մարզն ալ իր արեւելեան հատուածը չունի…:Անմիջապէս կիսեցի գործընկերներու հետ, որոնք իրենց ընկերային համացանցի էջերով նշեցին անհասկնալի վարկածին մասին:
Այս բանին զուգահեռ, պարտականութիւն տուի ԶԱՐԹՕՆՔ-ի Երեւանի մեր աշխատակցուհիին, որ դիմէ Ձեր գրասենեակը այս երեւոյթին առնչուող պատասխան մը ստանալու համար:
Մեր աշխատակցուհին, իր կարգին դիմեց Ձեր ընկերութեան Լրատուական եւ լուսաբանման բաժնի վարիչ՝ Նունէ Գրիգորեանին, որ որպէս պատասխան մեզի տեղեկացուց, թէ պատահածը «զուտ թեքնիքական վրիպում մըն է» եւ թէ այդ արդէն իսկ սրբագրուած է եւ նախկինը վերցնելով եւ փճացնելով նոր եւ վերանայուած տարբերակը լոյս տեսած է, ուր ՀՀ քարտէսը ամբողջական է…:
Մեզի չգոհացուց «զուտ թեքնիքական վրիպում մը» պատասխանը, որովհետեւ մենք կրնայինք հասկնալ եւ հանդուրժել «թեքնիքական վրիպակ» անմեղ պատճառաբանութիւնը եթէ նոյնիսկ պատահէր, որ Հարաւային Կովկասի մէջ գործունէութիւն նշող թերթիկ մը, օրինակի համար Հարաւային Կովկասի տարածքին մէկ այլ երկրի մը քարտէսը շփոթած ըլլար Հայաստանի քարտէսին հետ…:
Սակայն աշխարհաքաղաքական այսօրուայ լարուած մթնոլորտին մէջ, տարածքային արդէն իսկ խնդրայարոյց իրավիճակի հետ հարիւր տոկոս համընկնող՝ Հայաստանէն տարածքներ կտրած քարտէս մը երբ տեղադրուի միլիոնաւոր մարդոց հասանելի թերթիկի մը վրայ, մեզի համար համոզիչ չըլլար եւ մեր խելքը վիրաւորելու փորձ մը կը համարենք «զուտ թեքնիքական վրիպում» պատճառաբանութիւնը:
Դաւադրութեան տեսութենէն հեռու սոյն «վրիպումը» արդեօ՞ք միլիոնաւոր մարդոց ենթագիտակցութեան յղուած (subliminal) նամակ է կամ հոգեբանական նախապատրաստութիւն: Արդեօ՞ք մենք նկատի ունենալով Ձեր մայր հաստատութիւնն ու անոր մեծ գործընկերը պէտք է հասկնանք, որ «մեծերուն գաղտնիքը կարելի է իմանալ իրենց անմեղ փոքրերէն» …:
Հիմնուելով վերոյիշեալներուն վրայ եւ շեշտելով այն հանգամանքը, որ Ձեր Լրատուական եւ լուսաբանման բաժնի տուած պատճառաբանութիւնը մեզի չգոհացուց, ինչպէս նաեւ յիշեցնելով, որ մեր մտահոգութիւնը նաեւ համազգային մտահոգութիւն է, մեր ակնկալիքն է, որ Ձեզի յարմար ամենաշուտ առիթով Ձեզմէ լսենք աւելի համոզիչ, տրամաբանական եւ իրական պատասխան: