Օրհնեալ ես Դուն, Տէր Յիսուս Քրիստոս, Որդին ապրող Աստուծոյ, Բժիշկը մեր հոգիներուն եւ մարմիններուն։
Քու երկնային արքայութենէդ վար իջար ամէն հիւանդութիւն եւ ախտ բուժելու համար։
Քու անբաւ ողորմածութեանդ դիմաց կը հալին մեր մեղքերը, խոյս կու տան դեւերը, կը ջնջուին յանցանքները, կը բուժուին տկարութիւնները, կը բժշկուին վէրքերը, կը մաքրուին ապականութիւնը, կը վերանայ տխրութիւնը, կը նահանջէ հեծութիւնը, կը փախչի խաւարը, կ՛անհետանայ անորոշութեան մէգը, փախուստ կու տայ խաւարը, կը հեռանայ գիշերը, կը տարագրուի տագնապը, կը չքանայ չարիքը եւ կը հալածուի յուսահատութիւնը։
Փորձանքի եւ փորձութեան այս օրերուն, երբ համայն աշխարհը ցնցուած է աղիտալի համաճարակ ախտի մը պատճառով, կ՛աղաչենք Քեզի որպէս զի հեղուս մեր վրայ քու բուժիչ շնորհդ, որուն միջոցաւ մենք բժշկուինք մեր հոգիներուն խորերէն, զօրանանք եւ մաքրուինք։
Որդի Աստուծոյ եւ Որդի Մարդոյ, Դուն մեր փրկութեան համար խաչին վրայ մեռար։
Չարչարանքներուդ միջոցաւ ցոյց տուիր մեզի թէ ինչպէս փորձութիւն եւ պատուհաս կրնան մեզ աւելի մօտեցնել Քեզի։ Դուն ես ժայռ եւ ապաւէն, մեր հանգստութիւնը եւ յոյսը, մեր երանութիւնը եւ փրկութիւնը։ Դուն քու սիրովդ, հոգացողութեամբդ եւ գթասրտութեամբդ հիւանդներ եւ ախտաւորներ բժշկեցիր։
Այժմ, ով Տէր, կը խնդրենք Քեզմէ որ աշխարհի մէջ ամէնուրեք քու զաւակներուդ ցաւը փարատես եւ բժշկես անոնց հիւանդութիւնը, եւ բոլորին շնորհես կատարեալ առողջութիւն եւ ապաւինութիւն քու ամենայաղթ Սուրբ Խաչիդ նշանին տակ։
Պարգեւէ մեզի Տէր, խաղաղութիւնդ եւ զօրացուր մեր հաւատքը քեզ նկատմամբ, որպէս զի կարողանանք յաղթահարել մեր երկիւղն ու տարակոյսը, երբ մղձաւանջ կը տիրապետէ։
Օրհնէ բոլոր այն անձերուն որոնք մեզի ծառայելու համար իրենց կեանքը վտանգի ենթարկած են։
Սիրով ողջագուրէ մահացածները եւ խաղաղութիւն պարգեւէ անոնց սիրելիներուն։
Ներկայի անորոշ վիճակին մէջ հաւատքով կը կրկնենք Ս. Դաւիթ թագաւորին խօսքը. «Աստուած է մեր ապաւէնն ու զօրութիւնը. օգնական է նեղութիւններու դէմ որոնք շատ կը պատահին մեզի։
Հետեւաբար պիտի չվախնանք եթէ աշխարհը խռովի. լեռները ծովու սիրտը իյնան. Անոնց ջուրերը գոռացին եւ խռովեցան. անոնց զօրութենէն լեռները խռովեցան»։ (Սաղմոս 45: 1-3)
Վստահ ըլլալով քու անբաւ սիրոյդ եւ գթասրտութեանդ կը փառաւորենք եւ կը գովաբանենք քու սուրբ Անունդ ընդ Հօր եւ Հոգւոյդ Սրբոյ. Այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։