SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Sábado 28 de Diciembre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Armenia - Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամ
24 de Marzo de 2021

Մարտ 22, 2021

Հիմնադրամը Զերծ Պահել Քաղաքական Շահարկումներէ

Երկուշաբթի՝ 15 Մարտ 2021-ին կայացած «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի հեռավար նիստին, որպէս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներկայացուցիչ, մասնակցած էր ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանը:

ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեանի գլխաւորած եւ ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեամբ կայացած նիստին Վարչապետը մանրամասն եւ յստակ բացատրութիւն ներկայացուց, թէ հիմնադրամի միջոցաւ պատերազմի օրերուն համայն հայութեան կողմէ հանգանակուած եւ կառավարութեան փոխանցուած գումարները ինչ ուղղութիւններով ծախսուած են:

Հոգաբարձուներու Խորհուրդը իր գոհունակութիւնը յայտնեց ներկայացուած մանրամասնութիւններու առնչութեամբ, եւ, ինչպէս վերջինիս  տարածած յայտարարութեան մէջ ալ նշուած է, անգամ մը եւս ընդգծեց գումարներու նպատակային օգտագործուծ ըլլաու հանգամանքը:

Որպէս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, ի սկզբանէ, մեզի համար անընդունելի էր անվստահութեան աղմուկի բարձրացումը եւ հանրութեան մօտ կասկածի պատրանք ստեղծելու միտուած կասկածելի ջանքերը, մանաւանդ որ, ինչպէս բոլորիս ծանօթ է, հանգանակութիւնը կատարուած է պատերազմի արհաւիրքին դիմակայելու նպատակով եւ համայն հայութիւնը յստակ գիտակցելով այդ մէկը, հաւաքաբար իր ներդրումը կատարած է: Իսկ պահի հրամայականի թելադրանքով Հիմնադրամի կողմէ Հայաստանի պետական պիւտճէին նուիրաբերութիւնները կատարուած են Հոգաբարձուներու Խորհուրդի անդամներու համաձայնութեամբ, ուր ընդգրկուած է ժողովուրդի լայն շերտեր ներկայացնող կառոյցներու ղեկավարութիւնը: Ուստի, եթէ որեւէ մտահոգութիւն կար, ապա նախանձախնդիր ըլլալով հիմնադրամի վարկին, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով խնդրի ազգային անվտանգութեան վերաբերելու նրբութիւնը, այդ հարցի արծարծումը պէտք է սահմանափակուէր Հոգաբարձուներու Խորհուրդի մօտ, առանց այն հանրայնացնելու եւ օտար, միջազգային մարմիններու քննարկման առարկայ դարձնելու:

Առ այդ, կոչ ուղղելով զերծ մնալ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի վարկին եւ հեղինակութեան վնասող անհեռատես քայլերէ, հարկ կը համարենք քանի մը նկատառում արձանագրել.-

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը միակ պաշտօնական համազգային կառոյցն է Հայաստանի մէջ,  ուր Արցախի եւ Հայաստանի կողքին, ներկայացուած են նաեւ սփիւռքի ազգային հիմնական կառոյցները:

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը հիմնուած է հայ ժողովուրդի ապրած պատմական աղէտներուն եւ փորձութիւններուն թելադրանքով, որպէս  ապագայ պատուհասներու դիմակայող միջոց:

Որպէս այդպիսին, Հիմնադրամը վերջին 29 տարիներու ընթացքին իր գործունէութեամբ փաստած է իր կարեւոր դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, բաւարարելով հայ ժողովուրդի անհրաժեշտ, բնական, մարդկային եւ ազգային կարիքները:

Ուստի, յատկապէս այս օրերուն, երբ հայ ժողովուրդը տագնապալի օրեր կ'ապրի եւ ազգային անվտանգութեան հարցեր կան, մեր բոլորիս բարոյական պատասխանատուութիւնն է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը վեր պահել բոլոր տեսակի ներքաղաքական շահարկումներէ եւ զերծ մնալ անոր շուրջ գոյացած համախմբուածութիւնը թուլացնող վտանգաւոր աշխատանքէ:

Ինչ կը վերաբերի հաշուետուողականութեան գաղափարին ընդհանրապէս, ապա բոլորիս յայտնի է, որ Արցախի վերջին պատերազմի օրերուն, հակառակ եղած բազմաթիւ պաշտօնական կոչերուն, որ բոլոր նուիրատուութիւնները ուղղուին ուղղակի հիմնադրամին, առանձին հանգանակութիւններ կազմակերպուեցան տարբեր հաստատութիւններու եւ ազգային կառոյցներու կողմէ: Ուստի, պատշաճ պիտի ըլլայ, որ այդ մարմինները եւս թափանցիկ հաշուետուութիւն ներկայացնեն իրենց նուիրատուներուն, հայ ժողովուրդին եւ հիմնադրամին: Իսկ եթէ անոնց մօտ տակաւին այդ նպատակով հաւաքուած գումարներ կան, առանց յապաղելու պարտին փոխանցել հիմնադրամին:

Օրուայ հրամայականէն թելադրուած եւ հայրենիքի համար այս օրհասական պահուն, կ'ակնկալուէր, որ ժողովուրդը եւ իր ղեկավարութիւնը մէկ բռունցք դարձած համախմբուէին երկրի ճակատագրի հարցի միասնական լուծման շուրջ, սակայն դժբախտաբար մենք ականատես դարձանք ճիշդ հակառակին: Աւելին, փորձ եղաւ արատաւորելու Ազգային ամենակարեւոր կառոյցներէն մէկուն՝ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին վարկը:

Պէտք է հասկնալ, որ ամէն ինչ իր ժամանակը ունի, քաղաքականութիւնը՝ եւս:

 

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր
Մայք Խարապեան | Ատենապետ

 

Más leídas