SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Jueves 26 de Diciembre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Armenia - Արցախ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւն
04 de Febrero de 2021

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) վերջերս յայտարարեց նոր նախաձեռնութեան մը մասին, որ կը վերաբերի Արցախի ձօնուած նիւթերով հետազօտութիւններու պարագային դրամաշնորհներու յատկացման։

ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի Կեդրոնական գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ այս նախաձեռնութիւնը կը կատարուի ի արձագանգ Արցախի պատերազմին, անոր յաջորդած լրատուական պայքարին, ինչպէս նաեւ հաշուի առնելով գիտական հետազօտութիւններու եւ վերլուծութեան անժխտելի հրամայականը։ Ուստի, ՀԲԸՄ կը յայտարարէ Արցախի վերաբերեալ հետազօտութիւններու համար դրամաշնորհային ծրագրի մը սկիզբը։

Այս նոր նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս պիտի բարձրացուի իրազեկութիւնը եւ իմացութիւնը Արցախի մասին՝ ընդլայնելով տարածքաշրջանի պատմութեան, մշակոյթի ու ներկայ վիճակի վերաբերեալ տեղեկատուութեան թէ՛ ընթացիկ եւ թէ մասնագիտական շրջանակներու տեսակէտէ հասանելիութիւնը։

Այս նախագծի հիմքին կը գտնուի այն համոզումը, թէ այդ ամբողջ տեղեկատուական հոսքը հասանելի պէտք է ըլլայ հանրութեան համար։ ՀԲԸՄ-ի դրամաշնորհին միջոցաւ պիտի հարստացուի Արցախի նիւթերով հետազօտութիւններու շարքը եւ պիտի բարձրանայ անոր արժէքը։ Արդէն իսկ առաջնային նիւթերն ու ճշգրիտ տուեալները համալրելով իւրօրինակ հրապարակուած աշխատութիւններ գոյութիւն ունին եւ յառաջատար հետազօտութիւններու եւ այլ առկայ հրատարակութիւններու օգնութեամբ այդ բոլորը պիտի հասունացուին։

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Լենա Սարգսեան, որ կրթական հարցերու գծով պատասխանատու է, այս առթիւ ըսաւ. «Այս դրամաշնորհի հիմքին գիտելիքի վրայ հիմնուած ինքնութեան ձեւաւորման գաղափարն է։ Դրամաշնորհային ծրագիրը հաստատուած է ամրապնդելու համար հետազօտական այն հմտութիւններն ու մեթոտները, որոնք կ՚օգնեն յղկել հայկական ինքնութիւնը եւ աւելի լաւ ընկալել հայկական իրականութիւնը, բարձրացնել իրազեկութիւնը ու ձեւաւորել Հայաստանի եւ Արցախի ճանաչելիութեան հաւաստի գիտելիքներու ամբողջութիւն մը։ Մենք կ՚ուզենք մեր պատմութիւնը նոյնինքն մենք տնօրինել եւ աշխարհին ներկայացնել՝ զայն համալրելով որակեալ տուեալներով, ճշգրտուած աղբիւրներով եւ տեղւոյն վրայ իրականացուած հետազօտութիւններով, որոնք կը դիմանան ժամանակի փորձութեան»։

ՀԲԸՄ-ի կողմէ տրամադրուելիք այս դրամաշնորհը ստանալու համար կրնան դիմել բոլոր սերունդներէ ուսանողներ եւ գիտնականներ։ Կազմակերպիչները ողջունելի կը համարեն ակադեմականներու, հետազօտողներու յետտոքթորական աստիճանի թեկնածուներու, անկախ յօդուածագիրներու, ազատ լրագրողներու, Արցախի հարցերով մասնագիտանալով շահագրգռուած այլ անձերու դիմումները։ Ի թիւս այլ ուղղութիւններու, հետազօտութիւնը կրնայ ունենալ պատմական կամ ժամանակակից աշխատութեան մը բնոյթը եւ կամ այդ երկուքը նոյնաժամանակ։ Կը խրախուսուին ուսումնասիրութիւնները տարածքաշրջանի անցեալին, ներկայի եւ ապագայի ընկերային, մշակութային, հոգեբանական, իրաւական, տնտեսական, փորձագիտական, մարդասիրական եւ բնապահպանական հարցերու շուրջ։ Հրապարակուած գործեր կրնան համարուիլ յօդուածները, զեկոյցները, ակնարկները, ինչպէս նաեւ բարձրորակ տեսանիւթերը։

Դրամաշնորհային ծրագրի դիմումները պէտք է ներառեն նախապէս հրապարակուած աշխատութիւններու օրինակներ, ինքնակենսագրութիւն, ինչպէս նաեւ պիւտճէի նախագիծ մը՝ տեղւոյն վրայ իրականացուելիք հետազօտութեան ռազմավարութեան նկարագրութեամբ։ Նախագծերը եւ կատարուած աշխատանքները կրնան ներկայացուիլ անգլերէնով, ֆրանսերէնով, սպաներէնով կամ ռուսերէնով։ Դիմումները պէտք է կատարուին անգլերէնով՝ մինչեւ 30 ապրիլ 2021 թուականը։

Más leídas